Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Նախագահն Ու Արտաքին Գործոց Նախարարը Տեղափոխող Ուղղաթիռը Արկածի Ենթարկուեցաւ

May 20, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին եւ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը Իրան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Արաքս գետին վրայ ջրելեկտրակայանի բացման արարողութենէն վերադարձնող ուղղաթիռը երէկ ջախջախուեցաւ Ջուղա քաղաքին մօտ: Անոր ընկերակցող երկու ուղղաթիռները ապահով վերադարձան իրենց ուղղուած վայրը:

Նախագահը տեղափոխող ուղղաթիռին մէջ երկրի դիւանագիտութեան պետին կողքին կային նաեւ Արեւելեան Ազրպէյճանի կառավարիչ Մալեք Ռահմաթին եւ Թաւրիզի իմամ Այաթոլլա Հաշեմին:

Մեծաթիւ փրկարարներ աշխատանքի լծուեցան` յայտնաբերելու համար ուղղաթիռը, սակայն, թանձր մշուշին ու կլիմայական վատ պայմաններուն պատճառով մեծ դժուարութիւն ունեցան յայտնաբերելու ջախջախման վայրը` Պրազին եւ Արատշիր գիւղերուն միջեւ գտնուող Տիզմար անտառին մէջ:

Իրանի օդերեւութաբանութեան ծառայութիւնը հաղորդեց, որ արկածի վայրին մէջ անձրեւները «մինչեւ վաղը» պիտի շարունակուին, եւ գիշերը ջերմաստիճանը պիտի նուազի:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի մեկնաբանելով դէպքը ըսաւ. «Պետութեան հարցերու կառավարումը պիտի չազդուի»:

Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը աւելի ուշ հաղորդեց, որ Ռայիսիի ուղղաթիռին մէջ գտնուող անհատներ ողջ են: Իրանի նախագահական պալատը իր կարգին նշեց, որ նոյն ուղղաթիռին մէջ գտնուող ճամբորդներ իշխանութիւններուն հետ կապ հաստատած են:

Մինչեւ «Ազդակ»-ի այսօրուան թիւին լոյս տեսնելը ուղղաթիռին մէջ գտնուողներուն ճակատագիրը կը շարունակէր մնալ անյայտ:

Նախորդը

Կանց. «Նեթանիահուին Մինչեւ 8 Յունիս Ժամանակ Կու Տամ Պատերազմի Ռազմավարութիւն Ճշդելու, Եւ Եթէ Իր Ուղին Շարունակէ, Ընտրութիւններու Պիտի Ուղղուինք»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.