Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Պիտի Նախագահէ Խորհրդարանի Լիագումար Նիստին

May 15, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր պիտի նախագահէ խորհրդարանի խորհրդակցական լիագումար նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին սուրիացի տեղահանուածներուն իբրեւ օժանդակութիւն Եւրոպական Միութեան կողմէ Լիբանանին տրուած մէկ միլիառ եւրոյի նուիրատուութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Նշենք, որ այս իմաստով երեսփոխանական պլոքները համաձայնութիւն յայտնած են ներկայ գտնուելու նիստին եւ տարբեր պլոքներու կողմէ արտայայտուած են այնպիսի տեսակէտներ, որոնք կը հաստատեն միացեալ փաստաթուղթով մը դուրս գալու կարեւորութիւնը, տեղահանուածներուն հարցով որդեգրուելիք միասնական կեցուածքի մը կարեւորութիւնը:

Մելանի Ժոլի Այցելեց Լիբանան

Միւս կողմէ, Պըրրի Այն թինէի մէջ ընդունեց Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները` Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ շարունակուող իսրայէլեան բռնարարքներուն լոյսին տակ:

Քննարկումի առարկայ դարձաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլին: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ Լիբանանի ու շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը: Հանդիպումին մասնակցեցան Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի Մաքքոլում եւ Ժոլիին ընկերակցող պատուիրակութիւնը, իսկ լիբանանեան կողմէն` նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար դեսպան Հանի Շմայթըլլի, Միքաթիի խորհրդականներ Նիքոլա Նահհաս, Պութրոս Ասաքեր եւ Զիատ Միքաթի, արտաքին գործոց նախարարի գրասենեակի տնօրէն դեսպան Ուալիտ Հայտար:

Հանդիպման ընթացքին դրուատեց Քանատայի արտաքին գործոց նախարարին այցելութիւնը` իբրեւ Լիբանաի բարեկամ, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր միջազգային բեմայարդակներու վրայ Լիբանանին զօրակցելու, Քանատայի մէջ ապրող լիբանանցիներով հետաքրքրուելու եւ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան պահպանման նկատմամբ իր նախանձախնդրութեան համար:

Ժոլի այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպանին: Քննարկուեցան Լիբանանի շրջանի ընդհանուր իրադարձութիւնները:

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Դէպի Եւրոպա Գաղթել Փափաքող Սուրիացի Տեղահանուածներուն Դիմաց Ծովը Պէտք Է Բաց Ըլլայ»

Յաջորդը

Պորթնիքով. «Ռուս Սահմանապահներու Ժամանակաւոր Խումբերը Հայաստանի Հանրապետութենէն Դուրս Պիտի Բերուին»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.