Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Կիրանցի Մէջ Ընդվզումը Կը Շարունակուի, Բագրատ Արք. Գալստանեան Կը Շարունակէ Իր Հանդիպումները Հասարակութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

May 18, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կիրանցի մէջ մարզպետը եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ մարդոց գումար առաջարկած են. մարդիկ մերժած են առաջարկը եւ ըսած, որ հայրենիքը գումարով չի վաճառուիր», այս մասին երէկ երեկոյեան Երեւանի Ս. Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման օրուան ամփոփման ժամանակ Բագրատ արք. Գալստանեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան, որ այդ պահուն Կիրանց գիւղին մէջ էր:

«Կիրանցի մէջ պայքարը կը շարունակուի, ժողովուրդը տրամադրուած է: Կիրանցեցիները ոգեւորուած են Երեւանի մէջ տեղի ունեցող պայքարէն, եւ իրենք ալ Կիրանցի մէջ կը պայքարին», ըսաւ Գառնիկ Դանիէլեան:

Խօսելով այսօրուան ծրագիրներուն մասին` Բագրատ սրբազանը ըսաւ, որ այսօր հանդիպում պիտի ունենան քաղաքական կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Կը նախատեսուի հանդիպում նաեւ մշակոյթի գործիչներու եւ պահեստազօրի սպաներու հետ:

«Այսօր Ֆրանսական համալսարանի ուսանողական խորհուրդը տարածած է յայտարարութիւն մը, որ կ՛աջակցի մեր շարժումին: Բացի ատկէ, իրազեկման ինքնաշարժներով երթեր տեղի ունեցած են Արթիկի եւ Մարալիկի մէջ», ըսաւ Բագրատ սրբազանը` աւելցնելով, որ սփիւռքի մէջ նոյնպէս կը շարունակուին աջակցութեան շարժումները:

Նշենք, որ Բագրատ սրբազանը երէկ Երեւանի պետական համալսարանի բակին մէջ ուսանողներու համար դասախօսութիւն ներկայացուց, «Անի Կրանտ» պանդոկին մէջ հանդիպում ունեցաւ բժիշկներու հետ, իսկ «Նեմեսիս» գործողութեան հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին մօտ հանդիպում ունեցաւ ի սատարում «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման յայտարարութեան միացած դասախօսներու հետ:

«Իմ ընթերցածս դասախօսութիւն չէ, հայեցակարգ է, մարդոց տրուած կարելիութիւն է, որ մտածեն, մասնակցին: Այստեղէն այնտեղէն արհեստականօրէն փախցուած թեզեր չեն, գաղափարներ են, կեանքի զարգացման հիմնադրոյթներ են», ըսաւ Բագրատ սրբազանը` անդրադառնալով բժիշկներու եւ դասախօսներու հետ ունեցած հանդիպումներուն:

Նախորդը

Լիւքսամպուրկի Պատգամաւորներու Պալատը Միաձայնութեամբ Հայաստանին Աջակցելու Բանաձեւ Որդեգրած Է

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 154-ի Լուծում

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ,  Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

October 16, 2026
Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.