Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժման Երթը Դէպի Օփերա Եւ Օրուան Ամփոփումը Ս. Աննա Եկեղեցւոյ Մէջ

May 16, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անդամներն ու կողմնակիցները Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնի յարակից տարածքներէն 4 ուղղութիւններով շարժեցան դէպի Ազատութեան հրապարակ:

Ժամը 16:00-ին Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ «Ի.Պի.Ար.Տի.» միջազգային համախմբումի շրջանակներուն մէջ տեղի պիտի ունենար խորհրդաժողով, որուն պիտի մասնակցէր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, իսկ Բագրատ արք. Գալստանեանի կոչով Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղի պիտի ունենար բողոքի ցոյց:

Երթին մասնակիցներուն նպատակն էր ցոյց տալ ամբողջ աշխարհին, տարբեր երկիրներէ Հայաստան եկած հիւրերուն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը տարածքներ յանձնելու համար երկրին մէջ օրինականութիւն չունի, իսկ քաղաքին մէջ տեղաշարժելու համար ստիպուած է կուտակել ոստիկանական զօրքեր:

Հիւսիսային պողոտային մէջ հաւաքուած քաղաքացիները համախմբումի մասնակիցներուն սուլոցներով եւ «Նիկոլ հողատու» վանկարկումներով դիմաւորեցին: Ոստիկանները շարք կազմած էին, որպէսզի քաղաքացիները չխանգարեն համախմբումի մասնակիցները տեղափոխող փոխադրակառքերուն երթեւեկութիւնը:

Շարք մը ոստիկաններ` յատուկ հանդերձանքով եւ արցունքաբեր կազը իրենց ձեռքերուն կը հսկէին Հիւսիսային պողոտայէն դէպի Օփերա տանող անցումը:

Նոյն իրավիճակն էր նաեւ Օփերայի շէնքին յարող այլ փողոցներու մէջ:

«Մենք երէկ երեկոյեան ըսած ենք, որ պիտի հաւաքուինք ու մեր անհամաձայնութիւնը յայտնենք այդ մարդուն, իր գործունէութեան, արդէն գիշերուընէ ինծի տեղեկութիւններ կը հասնին, որ քանի մը հազար ոստիկան բերած, կարգած են այստեղ, որպէսզի այդ մէկ մարդու անվտանգութիւնը ապահովեն: Ինչո՞ւ այդպէս ըրած են, չեմ գիտեր: Սա կը նշանակէ վախ, սա կը նշանակէ սեփական ժողովուրդէն օտարուած ըլլալ», Ազատութեան հրապարակին մէջ դիմելով ժողովուրդին ըսաւ Բագրատ սրբազանը:

«Մեր այս քայլով կը տեսնէք, թէ ի՛նչ կը կատարուի պետական շրջանակին մէջ, սարսափած, գունատած, չեմ գիտեր` ներսը ի՛նչ պիտի խօսին: Այս պահու դրութեամբ ես սա կը նկատեմ մեր ժողովուրդի առաջին յաղթանակը, որ ցոյց կու տայ, որ դուք ուժ ու գործօն էք: Այսօր նաեւ շատ առանցքային օր է, որուն մասին յետոյ կ՛ըսեմ, կը սպասենք տեղեկութիւններու: Իւրաքանչիւրդ կրնաք ազդել բոլոր այն գործընթացներուն վրայ, որոնք մեզ պիտի տանին դէպի ճշմարտութեան յաղթանակ», ըսաւ սրբազանը:

Բագրատ սրբազանը լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Պաքուի բանտին մէջ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը ապօրինաբար պահելու փաստին: «Սա մեր բոլորին անարգանքն է», շեշտեց սրբազանը:

«Ի՞նչ կը նշանակէ` հայ մարդիկ այսօր Պաքուի բանտերուն մէջ են: Ամէն մէկս այնտեղ ենք: Այնտեղ գտնուողները մենք` բոլորս ենք, մեր հաւաքական ներկայութիւնն է Պաքուի բանտին մէջ, այդ անարգանքը, այդ անպատուութիւնը բոլորիս վրայ է», ըսաւ ան:

Օփերային թատրոնի դահլիճին մէջ ընթացող միջազգային խորհրդաժողովը աւարտեցաւ, Նիկոլ Փաշինեանի ինքնաշարժներու շարասիւնը հեռացաւ քաղաքացիներու «Ամօթ, ամօթ» վանկարկումներուն ներքեւ:

Հակառակ անոր որ Փաշինեանի շարասիւնը հեռացած էր Օփերայի շէնքէն, ոստիկանական ուժերը կը շարունակէին շրջափակած պահել Օփերայի յարակից տարածքը:

Բագրատ սրբազանը կը փորձէր համոզել ոստիկանները` նշելով, որ բազմահազարանոց բազմութիւնը կրնար քալել մայթերէն:

Ի վերջոյ, ոստիկանները տեղի տուին, բացին փողոցը եւ երթը «Հայ, Հայաստան, հայրենիք ու Աստուած» վանկարկումներով ուղեւորուեցաւ դէպի Ս. Աննա եկեղեցի, ուր Բագրատ սրբազանը ամփոփեց օրը եւ ներկայացուց շարժման հետագայ ընելիքները:

Բագրատ սրբազանը մինչեւ ելոյթը ներկաներուն հետ Տէրունական աղօթքը կատարեց: Այնուհետեւ յայտարարեց, որ երէկ շատ բուռն օր  եղած է:

«Այսօր հանդիպումներ եղած են տարբեր կուսակցութիւններու, «Հայաքուէ» նախաձեռնութեան, գործիչներու, ինչպէս նաեւ եզիտիական ու ասորական համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ: Վաղը նորէն հանդիպումներ պիտի ըլլան», ըսաւ Բագրատ սրբազանը:

«Մեր նպատակն է, որ քաղաքական ամբողջ ներկապնակին հետ հանդիպինք` տարբեր ձեւաչափերով: Յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին ալ բոլորը միասին պէտք է հանդիպին, եւ այն նախանշած ծրագիրն ու ուղեգիծը, որ կայ, կը ցանկանք, որ այս շաբթուան մէջ աւարտենք, որպէսզի յետոյ տեղեկացնենք ձեզի` յստակ ի՛նչ գործողութիւններ տեղի պիտի ունենան»:

Նախորդը

Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու Տունը Միաձայնութեամբ Որդեգրած Է 24 Ապրիլը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր Հռչակող Օրինագիծը

Յաջորդը

«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումը Եւ Հայկական Ինքնիշխանութեան Արժէքը

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ,  Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

October 16, 2026
Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.