«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանի կոչով քաղաքացիները երէկ հաւաքուած են կառավարութեան շէնքին դիմաց, ուր ժամը 11:00-ին նախատեսուած էր կառավարութեան հերթական նիստը:
Կառավարութեան շէնքի յարակից տարածքին մէջ բազմաթիւ ոստիկաններ բերուած էին: Մուտքին կը հսկէին վահաններով զինուած քանի մը շարք ոստիկաններ: Աննախադէպ թիւով ոստիկաններ փակած էին Մելիք Ադամեան փողոցը եւ 3-4 շարքով պատ կազմած ճամբու այդ հատուածին մէջ:
«Այս շարժումը այն օրէն որ սկսած է, այս իշխանութիւնները կ՛ապրին վախի մթնոլորտի մէջ, քանի որ, իրապէս, վախնալու շատ բան ունին», յայտարարեց Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, տաւուշցի Գառնիկ Դանիէլեան:
Ան նշեց, որ այս իշխանութիւնը գործած է ու կը գործէ Հայաստանի պետական շահերուն դէմ, ամէն օր կը ստորագրէ փաստաթուղթ, որով Հայաստանի այս կամ այն բնակավայրը կը յանձնեն Ազրպէյճանին:
«Իշխանութեան պարագլուխը վախերու մէջ է, ամէն քայլափոխի իրեն հետ կը տանի հազարաւոր ոստիկաններ ու ուժային համակարգի ներկայացուցիչներ: Նոյնինքն հիմա ալ կառավարութեան շէնքին մէջ անոր վախերը այնքան շատ են, որ ամբողջ շէնքը շրջապատուած է վահաններով զինուած ոստիկաններով», ըսաւ Դանիէլեան:
Պատգամաւորը որոշ տեղեկութիւններ ներկայացուց նախանցեալ օր ստորագրուած արձանագրութենէն եւ ազրպէյճանական կողմին հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն:
«Երէկ փոխվարչապետներու մակարդակով հանդիպում տեղի ունեցած է եւ ստորագրուած ապօրինի, հատուածական սահմանազատման ու սահմանագծման արձանագրութիւն, որով Ազրպէյճանին յանձնուած են Բաղանիսի, Ոսկեպարի, Կիրանցի եւ Բերքաբերի կենսական նշանակութիւն ունեցող տարածքներ, հաղորդակցութեան ուղիներ: Կիրանցէն յանձնուած են տուներ, որոնց տէրերը սեփականութեան վկայական ունին: Այս պահուն մենք ունինք տեղեկութիւններ, որ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Ազրպէյճանի հետ, որ Կիրանցի կամուրջի հատուածին մէջ պէտք է գործընթացը դադրեցուի, քանի մը ամիս ժամանակ խնդրած են ազրպէյճանական կողմէն, որ ճամբան կարենան տեղափոխել այլ մաս», ըսաւ ան:
Դանիէլեան այս ամբողջ գործընթացը ապօրինի որակեց:
«Տաւուշի մասին մէջ կենսական նշանակութեան տարածքներու զիջումը քրէօրէն հետապնդելի է, դատախազութեան յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած ենք», ըսաւ պատգամաւորը:
Կառավարութեան շէնքին առջեւ հաւաքուած քաղաքացիներէն ոմանց ոստիկանութիւնը բերման ենթարկեց:
Գառնիկ Դանիէլեանը ուժային կառոյցներու ղեկավարներէն պահանջեց պարզաբանել, թէ ինչո՛ւ քաղաքացիներուն դէմ ուժ կիրարկելով զանոնք բերման կ՛ենթարկեն:
Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան պարեկային ծառայութեան պետ Արթուր Խուդինեանը պատասխանեց. «Ոստիկանութիւնը հաղորդում կը հրապարակէ, թէ ինչու»:
Կիրանցի Բնակիչները Կը Վերսկսին
Իրենց Բողոքի Շարժումներուն
Կիրանցի բնակիչները երէկ յայտարարեցին, որ բողոքի շարժումներու կը սկսին եւ փակած են գիւղ մտնող այն հատուածը, որ անցած ամիս շաբաթներ շարունակ փակ մնաց: Այստեղ ներկայիս ինքնաշարժներու մեծ շարասիւն է, կուտակումներ կան:
Բնակիչները հիասթափուած են Երեւանի ու Պաքուի նախանցեալ օրուան համաձայնութենէն:
Այնուհետեւ այստեղ եկան նաեւ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ, հոգեւորականներ:
Ճամբան փակած քաղաքացիները կը պահանջեն, որ այնտեղ երթան իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի ներկայացուցիչներ եւ սահմանազատման պատասխանատուներ, որոնք, ըստ անոնց, տակաւին ամիսներ առաջ հաւաստիացուցած են, որ սահմանազատման գործընթացը տեղի պիտի ունենայ յօգուտ գիւղացիներուն, յօգուտ կիրանցեցիներուն, բայց նախանցեալ օր ստորագրուած արձանագրութիւնը իրենց համար յուսադրող չէ: Անոնք կը նշեն, որ այն 3 զգայուն կէտերուն մէջ, որոնց մասին անցեալ շաբաթ կը խօսէր վարչապետը, սահմանային սիւները տեղադրուած են ոչ յօգուտ գիւղացիներուն:
Անոնք նաեւ կը նշեն, որ պիտի չբանան ճամբան մինչեւ որ այդտեղ գան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը եւ իշխանաւորներ:
Սահմանազատման հիմամբ ճամբայ եւ տուներ կորսնցնող Կիրանցի մէջ առաւօտեան մերժեցին մարզային կեդրոն Իջեւանի մէջ փոքր թիւով գիւղացիներու հետ հանդիպելու կառավարութեան առաջարկը: Բնակիչները հրաժարեցան նաեւ Տաւուշի մարզպետի գիւղի դահլիճին մէջ փակ քննարկումներու առաջարկէն: Անոնք ըսին, որ պաշտօնեաները թող գան Կիրանց եւ լրատուամիջոցներու ներկայութեան ըսեն իրենց ըսելիքը: