Գլխաւոր լուրեր

Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեց Բագրատունիի

Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեց Բագրատունիի

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ այցելեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին, դեսպան Մակրօ ներկայացուց Ֆրանսայի մօտեցումները լիբանանեան եւ շրջանային անցուդարձերուն մասին: Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ հնգեակի աշխատանքներուն եւ այդ ուղղութեամբ լիբանանեան կողմերու դիրքորոշումներուն: Ֆրանսայի դեսպանը շեշտեց նախագահի ընտրութեան առաջնահերթութիւնը եւ...

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Հնգեակի  Դեսպանները Այցելեցին Ժոմպլաթի

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Հնգեակի Դեսպանները Այցելեցին Ժոմպլաթի

Նախագահական ընտրութեան հարցով Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին մաս կազմող երկիրներու Լիբանանի մէջ դեսպանները` Էրվէ Մակրօ (Ֆրանսա), Լայզա Ճոնսըն (Միացեալ Նահանգներ), Ուալիտ Պուխարի (Սէուտական Արաբիա), Ալա Մուսա (Եգիպտոս) եւ շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանի (Քաթար), այցելեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ եւ Ժողովրդավարական հանդիպում...

Օսթին Իսրայէլի Կոչ Կ՛ուղղէ` Ռաֆահի Վրայ  Յարձակում Գործելէ Առաջ Քաղաքայիններու  Անվտանգութիւնը Երաշխաւորելու

Օսթին Իսրայէլի Կոչ Կ՛ուղղէ` Ռաֆահի Վրայ Յարձակում Գործելէ Առաջ Քաղաքայիններու Անվտանգութիւնը Երաշխաւորելու

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին Իսրայէլին կոչ ուղղեց` առանց պաղեստինցի քաղաքայիններուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու ծրագիրի Ռաֆահ քաղաքին վրայ յարձակում չգործելու: Օսթին Գերմանիոյ մէջ ամերիկեան Ռամշթայն ռազմակայանին մէջ Ուքրանիոյ հարցին շուրջ ժողովէն ետք յայտնեց. «Յստակ ըսինք, որ Կազայի մէջ քաղաքայիններու անվտանգութիւնը պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ»: «Պէտք չէ զինուորական որեւէ գործողութիւն շարունակուի առանց քաղաքայինները մարտի դաշտէն հեռացնելու եւ հեռացնելէ ետք անոնց հոգատարութիւն...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Հերթական Նիստ

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Հերթական Նիստ

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հերթական նիստը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 20 մարտ 2024-ին, «Շաղզոյեան » կեդրոնին մէջ: Խորհրդակցական նիստին հիմնական օրակարգը կը վերաբերէր Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով կազմակերպելի ձեռնարկներուն: Ժողովը արձանագրեց. Ա.- Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ձեռնարկներուն ներգրաւել կուսակցական, յարանուանական եւ միութենական բոլոր շրջանակները: Բ.- Կոչ ուղղել երիտասարդական եւ ուսանողական բոլոր միաւորներուն` աշխուժօրէն մասնակցելու Ցեղասպանութեան ոգեկոչական թէ պահանջատիրական նախաձեռնութիւններուն: Գ.- Ձեռնարկները նպատակաուղղել...

Ակնարկ.  Հնգեակի Փոխանցած Շեշտադրումները

Ակնարկ. Հնգեակի Փոխանցած Շեշտադրումները

Լիբանանի քաղաքական հրապարակին վրայ ուշագրաւ շարժումներ կ՛երեւին: Հիմնականին մէջ խօսքը Լիբանանի թղթածրարով զբաղելու լիազօրութիւն ստացած միջազգային հնգեակի մասին է, որ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ձեւաչափով հանդիպումներ կ՛ունենայ ազդեցիկ կեդրոններու հետ եւ յայտարարութիւններ կը կատարէ: Այդ յայտարարութիւնները ներառած են երկու առանցք եւ կը նախանշեն դէպի նախագահի ընտրութիւն առաջնորդող ճանապարհային քարտէսի ընդհանուր ուղղութիւնները: Առանձնացնենք այդ երկու կէտերը: Հնգեակի առաքելութեան  կողմէ Եգիպտոսի դեսպանը կը յայտարարէր,...

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

«Ռազմավարական Ճանապարհներուն Նկատմամբ Վերահսկողութեան Կորուստը Պիտի Բազմապատկէ Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգային Սպառնալիքները»

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Մարտի 18-ին Տաւուշի մարզում Նիկոլ Փաշինեանի հնչեցրած յայտարարութիւնները հաստատում են ընթացող բանակցային գործընթացում ազրպէյճանական նախապայմանները միակողմանիօրէն բաւարարելու մեր բոլոր մտահոգութիւնները: Մասնաւորապէս. Առանց վերջնական համաձայնութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքի պահպանման` հատուածական սահմանազատումն ու սահմանագծումը ամբողջութեամբ բխում է Ազրպէյճանի շահերից: Հատուածական սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը հենց Տաւուշի մարզից սկսելը յանգեցնելու է Հայաստանի...

Սթոլթենպերկ. «Թուրք-Ազրպէյճանական  Զինուորական Գործակցութիւնը Կը Նպաստէ  ՕԹԱՆ-ի Հետ Կապերու Խորացման»

Սթոլթենպերկ. «ՕԹԱՆ-ը Կ՛աջակցի Հայաստանի Գերիշխանութեան Եւ Տարածքային Ամբողջականութեան»

«Բարձր կը գնահատեմ ձեր անձնական ղեկավարութիւնը, որ դուք յստակ կ՛արտայայտուիք խաղաղութեան օգտին եւ հաւատարիմ էք ժողովրդավարութեան արժէքներուն»: Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկը: «Հայաստանը շատոնց ՕԹԱՆ-ի գործընկերն է: Դրական կը գնահատեմ ձեր ներդրումը ՕԹԱՆ-ի առաքելութիւններուն եւ գործողութիւններուն: Մենք քննարկեցինք Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան կարեւորութիւնը, անիկա կարեւոր է եւրոատլանտեան...

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Հնգեակի  Դեսպանները Այցելեցին Զօր. Աունի Եւ Ժահժահի

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Հնգեակի Դեսպանները Այցելեցին Զօր. Աունի Եւ Ժահժահի

Նախագահական ընտրութեան հարցով Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին մաս կազմող երկիրներու Լիբանանի մէջ դեսպանները երէկ այցելեցին հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի: Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա եւ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանի...

Քաթար. «Տակաւին Կանուխ Է  Բանակցութիւններուն Մէջ  Որեւէ Բեկումի Մասին Խօսելու, Սակայն  Այդ Առնչութեամբ Լաւատես Ենք»

Քաթար. «Տակաւին Կանուխ Է Բանակցութիւններուն Մէջ Որեւէ Բեկումի Մասին Խօսելու, Սակայն Այդ Առնչութեամբ Լաւատես Ենք»

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտնեց. «Տոհայի բանակցութիւնները կը կեդրոնանան մարդասիրական օժանդակութիւններուն եւ ժամանակաւոր զինադադարի հաստատման վրայ»` զգուշացնելով. «Ռաֆահի մէջ որեւէ գործողութիւն մարդասիրական աղէտի պիտի յանգեցնէ եւ ժխտականօրէն ազդէ բանակցութիւններուն ընթացքին վրայ»: «Ռաֆահի վրայ որեւէ յարձակում ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ համաձայնութեան գոյացման վրայ, եւ տակաւին կանուխ է բանակցութիւններուն մէջ որեւէ բեկումի մասին խօսելու համար, սակայն այդ առնչութեամբ լաւատես...

Գառնիկ Դանիէլեան. «Փաշինեան Այգեպարցիներուն  Յայտնած Է, Որ 4 Գիւղերը Պէտք Է Անյապաղ Յանձնել,  Այլապէս` Պատերազմ Պիտի Ըլլայ»

Գառնիկ Դանիէլեան. «Փաշինեան Այգեպարցիներուն Յայտնած Է, Որ 4 Գիւղերը Պէտք Է Անյապաղ Յանձնել, Այլապէս` Պատերազմ Պիտի Ըլլայ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ անակնկալ այցելութիւն տուած է Տաւուշի մարզ: Այցելութեան մասին Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Տաւուշի Մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչ Գառնիկ Դանիէլեան ընկերային ցանցի վրայ գրառում կատարած է եւ նշած, որ Փաշինեան Ոսկեպար համայնքին մէջ հանդիպում մը ունեցած է բնակիչներուն հետ` մարզպետին, Նոյեմբերեան խոշորացուած համայնքի ղեկավարին եւ քանի մը գիւղերու վարչական ղեկավարներուն ներկայութեամբ: Նշեալ հանդիպումին ներկայ...

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան  Թեմակալ Առաջնորդներու Ու Ներկայացուցիչներու  Հանդիպումներ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Թեմակալ Առաջնորդներու Ու Ներկայացուցիչներու Հանդիպումներ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, 12 մարտէն 15 մարտ 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ յաջորդաբար տեղի ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներ եւ թեմակալ առաջնորդներու ու ազգային վարչութեանց ներկայացուցիչներու հանդիպումներ: Յիշեալ մարմինները նախ առանձնաբար հանդիպումներ ունեցան եւ ապա` միացեալ, յատուկ օրակարգերու համաձայն: Կրօնական Ժողով Կրօնական ժողովը նախ լայնօրէն քննարկեց դպրեվանքի գործունէութիւնը` տեսուչ հայր սուրբին ներկայացուցած...

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Հնգեակի Դեսպանները Այցելեցին Պըրրիի Եւ Ռայիի

Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Հնգեակի Դեսպանները Այցելեցին Պըրրիի Եւ Ռայիի

Նախագահական ընտրութեան հարցով Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին մաս կազմող երկիրներու Լիբանանի մէջ դեսպանները երէկ այցելեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին: Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա եւ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանի կէսօրին ուղղուեցան Այն...

Թրամփ Նեթանիահուին. «Պէտք Է Արագօրէն Վերջ Տաս Պատերազմին Եւ Վերադառնաս Խաղաղութեան Աշխարհ»

Թրամփ Նեթանիահուին. «Պէտք Է Արագօրէն Վերջ Տաս Պատերազմին Եւ Վերադառնաս Խաղաղութեան Աշխարհ»

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ Կազայի մէջ պատերազմին մասին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին ի՞նչ պատգամ կ՛ուզէ ուղղել, ըսաւ. «Պէտք է ատոր վերջ տայ, եւ ատիկա արագօրէն կատարէ ու վերադառնայ խաղաղութեան աշխարհ: Մենք աշխարհի վրայ խաղաղութեան կարիք ունինք… Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան կարիք ունինք»: Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար...

Եւրոպական Խորհրդարանը Խիստ Կերպով  Կը Քննադատէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ  Թուրքիոյ Ապակայունացնող Դերը

Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխանները Եւրոպական Միութեան Ղեկավարներուն Կոչ Ուղղած Են Աջակցելու Արցախի Հայկական Ժառանգութեան Կառոյցներուն Վրայ Տեսախցիկներու Տեղադրման

Եւրոպական Խորհրդարանի խումբ մը երեսփոխաններ կոչ ուղղած են Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն ապահովելու, որ Եւրոպական Միութիւնը աշխուժ քայլերու ձեռնարկէ Արցախի հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ` տեսախցիկներ տեղադրելով: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Միրիամ Լեքսման «Էքս»-ի իր պաշտօնական էջին մէջ գրառում կատարած է` կցելով Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենին եւ Եւրոպական...

Զախարովա. «ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի Դուրս Գալը Պէտք Է  Հիմնուած Ըլլայ Երկրի Իրական Կարիքներուն Վրայ,  Ոչ Թէ Արեւմուտքի Հետ «Սիրախաղի»

Զախարովա. «ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի Դուրս Գալը Պէտք Է Հիմնուած Ըլլայ Երկրի Իրական Կարիքներուն Վրայ, Ոչ Թէ Արեւմուտքի Հետ «Սիրախաղի»

Հայաստանի ՀԱՊԿ-էն հաւանական ելքը պէտք է հիմնուած ըլլայ երկրի իրական կարիքներուն վրայ, եւ ոչ թէ` Արեւմուտքի հետ «սիրախաղի», նման որոշումը կապ չունի երկրի բուն ազգային շահերուն հետ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: Դիւանագէտը ընդգծած է, որ իւրաքանչիւր երկիր ազատ է ընտրելու, թէ ո՛ր միութիւններուն հետ կ՛ուզէ յարաբերութիւնները զարգացնել` որոշակի...

Պայտըն. «Միացեալ Նահանգներ Կը Վերահաստատեն  Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Կայուն  Խաղաղութեան Ձեռքբերման Իրենց Յանձնառութիւնը»

Պայտըն. «Միացեալ Նահանգներ Կը Վերահաստատեն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Կայուն Խաղաղութեան Ձեռքբերման Իրենց Յանձնառութիւնը»

Միացեալ Նահանգներ կը վերահաստատեն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան ձեռքբերման իրենց յանձնառութիւնը: Այս մասին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ուղղուած իր ուղերձին մէջ ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն: Պայտըն Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին անունով շնորհաւորած է Ալիեւը Նովրուզի առիթով: Ան իր ուղերձին մէջ գրած է. «Միացեալ Նահանգները կրկին կը վերահաստատեն իրենց շարունակական հաւատարմութիւնը մեր երկիրներուն միջեւ գործընկերութեան եւ Ազրպէյճանի...

«Անթիլիասի Ուխտի Օր»-ը Մեծաշուք Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ Մայրավանքին Մէջ

«Անթիլիասի Ուխտի Օր»-ը Մեծաշուք Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ Մայրավանքին Մէջ

Անկրկնելի եւ անփոխարինելի անհուն լիցքաւորում մը կ՛ապրինք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջին «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս բերուելուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն անոր օրհնութիւնը ստանալուն եզակի առիթով: Մեծ սուրբին Խոր Վիրապ մուտքը, կրած չարչարանքներուն դէմ անոր յաղթանակը եւ Հայաստան աշխարհին մէջ քրիստոնէութեան պետականացումը մեր հաւատքին մէջ ամրանալու հրաւիրող միակ ազդակները չեն միայն, այլ նաեւ սուրբին մասունքներուն պատմութեան փոթորիկներուն ընդմէջէն հրաշքով գտնուիլը, մեզի հասնիլը...

Իսրայէլի Եւ Դիմադրութեան Միջեւ  Բախումները Կը Շարունակուին

Իսրայէլի Եւ Դիմադրութեան Միջեւ Բախումները Կը Շարունակուին

Անցեալ շաբաթավերջին Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ բախումները շարունակուեցան: Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրետանիներով ռմբակոծեցին Մերժահիուն, Ռըմէյշ, Մըրուահին, Մէյսել Ժապալ, Հուլա, Ուազզանի, Աուիտայի բարձունք, Մարքապա, Ատայսէ, Քֆարքիլա, Ժըպպայն, Մըրուահին, Այթարուն, Տհայրա, Եարուն, Քաունին, Սլուքի հովիտ, Ուազզանի, Ալմա Շաապ, Խիամ եւ Նաքուրա շրջանները: Իսրայէլեան օդանաւերը նաեւ թռիչքներով ոտնձգութիւն գործեցին երկրին գերիշխանութեան դէմ: Անոնք թռիչքներ գործեցին հարաւային Լիբանանի շրջաններուն,...

Ակնարկ.  Պրիւքսելի Դիմումը Երեւանին Կամ Քայլի Ակնկալութիւն Յայտարարութեան Դիմաց

Ակնարկ. Պրիւքսելի Դիմումը Երեւանին Կամ Քայլի Ակնկալութիւն Յայտարարութեան Դիմաց

Երեւան-Մոսկուա եւ Երեւան-Պրիւքսել ուղղութիւններով խաղաթուղթերը մէկ առ մէկ բանալու ընթացքը արագ է: Այդ չի նշանակեր սակայն, որ խաղաթուղթերու բացման արագութեամբ գործընթացներն ալ կ՛իրականանան: Մեծ պատկերը պէտք է կարենալ տեսնել` հասկնալու համար, որ օրակարգը ոչ թէ Հայաստանը Եւրոպական Միութեան անդամ դարձնելուն կը վերաբերի այս փուլին, այլ փուլ առ փուլ ռուսական տիրոյթ թափանցելու եւ ռուսական ազդեցութեան գօտիներու աշխարհագրութիւնը փոխելու: Կարելի է արձանագրել,...

Page 179 of 796 1 … 178 179 180 … 796

Արխիւներ