«Յարութիւն Արսլանեան Վարչական Բաժին»-ի Անուանակոչում` «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ
Ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, Արսլանեան ընտանիքին եւ «Ազդակ»-ի խմբագրակազմին, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի «Յարութիւն Արսլանեան վարչական բաժին»-ի անուանակոչումը: «Ազդակ»-ի անունով բացման խօսքը արտասանեց պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան: Յարութիւն Արսլանեանի նկարագրային գիծերուն եւ դաւանած արժէքներուն մասին խօսեցան Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մատենադարանի տեսուչ Շահան Արք. Սարգիսեան: Արսլանեան ընտանիքի խօսքը ուղղեց Լիբանանի...



















