Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան շարունակեց Պէյրութի մէջ իր հանդիպումները քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ:
Անկախ քաղաքական անձնաւորութիւններէն Լը Տըրիան, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի, այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումէն ետք Լը Տըրիան յայտարարութիւն չկատարեց, սակայն ֆրանսական դեսպանատան մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին յաճախ կրկնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը կատարելու համար պէտք է համաձայնիլ «Երրորդ թեկնածու»-ին շուրջ` աւելցնելով, որ 14 յունիսի նիստին համար նախագահական ընտրութեան զոյգ թեկնածուները պէտք է յետս կոչեն իրենց թեկնածութիւնը, որպէսզի խնայեն ժամանակը, երեսփոխանական պլոքներուն ու Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին ճիգերը:
Միւս կողմէ, ֆրանսական դեսպանատան մէջ Լը Տըրիան ընդունեց Երեսփոխանական անկախ համախմբում եւ Նոր Լիբանան պլոքները, որոնց ներկայութեան շեշտեց Լիբանանը տագնապներէ հեռու պահելու եւ այդ տագնապներէն երկիրը զերծ կացուցելու անհրաժեշտութիւնը:
Լը Տըրիան այցելեց Սայֆի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ:
Քննարկուեցան նախագահական ընտրութիւնը կատարելու կարելիութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ Ժեմայէլ շեշտեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պատրաստ է դրական կերպով վարուելու բոլոր նախաձեռնութիւններուն հետ, «սակայն կը մերժէ երկիրը յանձնել Հըզպալլային», աւելցուց ան:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իր կարգին ընդունեց Լը Տըրիանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ նախագահական ընտրութիւնը:
Ժահժահ նշեց, որ դիմադրութեան առանցքը կը փափաքի հանրապետութեան նախագահին ինքնութիւնը իմանալ նախքան ընտրութիւնը, եւ մենք կը մերժենք այդ նախապայմանը:
Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժերը այդ հարցը չունին եւ անոնք պատրաստ են երրորդ թեկնածուին առաջարկով յառաջ երթալու:
Ժահժահ յայտնեց նաեւ, որ իրենք կը մերժեն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին յաւելեալ իրաւասութիւններ պարգեւել եւ երկրին վերաբերող իւրաքանչիւր գործընթացի մէջ զինք իրաւարարի դերակատարութեամբ տեսնել: