Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիոյ Դէմ Գործուած Ահաբեկչական  Գործողութեան Առիթով Երեսփոխան  Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Ռուսիոյ Դէմ Գործուած Ահաբեկչական Գործողութեան Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Ռուսիոյ դէմ գործուած ահաբեկչական գործողութեան առիթով, շաբաթ, 23 մարտ 2024-ին, ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Կը դատապարտենք Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուան հարուածած ահաբեկչական գործողութիւնը եւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք Ռուսիոյ նախագահին, կառավարութեան եւ ժողովուրդին, յատկապէս սպաննուածներու ընտանիքներուն, որոնք համաշխարհային ահաբեկչութեան զոհերն են: Ողորմութիւն`  զոհերուն եւ զօրակցութիւն` ռուս ժողովուրդին»:

Պեքաայի Մէջ.  Իսրայէլեան Ռմբակոծումները  Կը Պատճառեն Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Պեքաայի Մէջ. Իսրայէլեան Ռմբակոծումները Կը Պատճառեն Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ողջունեց Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Կազայի մէջ անմիջական զինադուլ յայտարարելու որոշումը` նկատել տալով, որ պէտք է քաղաքական գործընթացը իր ընթացքը շարունակէ եւ պաղեստինցիներուն իրենց իրաւունքները շնորհէ` յանձնառու մնալով երկու պետութիւն հիմնելու միջազգային որոշումներուն: Միքաթի կոչ ուղղեց մեծ պետութիւններուն` ճնշում բանեցնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ կասեցնել նաեւ հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները: Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը երէկ երեկոյեան դարձեալ...

Պորթնիքով. «Քրոքուս Սիթի Հոլ»-ին Մէջ  Կատարուածին Ետին Կանգնած Են  Ուաշինկթընը, Լոնտոնն Ու Քիեւը»

Պորթնիքով. «Քրոքուս Սիթի Հոլ»-ին Մէջ Կատարուածին Ետին Կանգնած Են Ուաշինկթընը, Լոնտոնն Ու Քիեւը»

Մերձմոսկովեան «Քրոքուս Սիթի Հոլ» համալիրին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան ետին կանգնած են Միացեալ Նահանգները, Բրիտանիան եւ Ուքրանիան: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան ղեկավար Ալեքսանտր Պորթնիքով: «Մենք կը կարծենք, որ ատիկա այդպէս է, ամէն պարագայի, մենք հիմա կը խօսինք այն տուեալին մասին, որ ունինք: Ասիկա ընդհանուր տեղեկատուութիւն է», ըսած է ան` ի պատասխան...

Ոստիկանութիւնը 49 Հոգի Ձերբակալեց  «Մարտական Եղբայրութիւն» Կազմակերպութենէն.  3 Զինուած Անձեր Յարձակեցան  Նոր Նորքի Ոստիկանատան Վրայ

Ոստիկանութիւնը 49 Հոգի Ձերբակալեց «Մարտական Եղբայրութիւն» Կազմակերպութենէն. 3 Զինուած Անձեր Յարձակեցան Նոր Նորքի Ոստիկանատան Վրայ

Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը ապօրինի զէնք-զինամթերք պահելու եւ կրելու կասկածանքով երէկ բերման ենթարկած է 49 անձ: «Արմէնփրես»-ին այս մասին յայտնեցին Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութենէն: «Մարտական եղբայրութիւն» կազմակերպութենէն յայտարարած են, որ բերման ենթարկուածները իրենց կազմակերպութեան անդամներն են: Ձերբակալուածները կը պատրաստուէին երթալ Տաւուշի Ոսկեպար գիւղը: Աւելի կանուխ Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը յայտարարութիւն տարածած էր` յայտնելով, որ պաշտպան Անահիտ Մանասեանի...

Անթիլիասի Մայրավանքը Ծաղկազարդուեցաւ Հազարաւոր Հայորդիներու Մասնակցութեամբ

Անթիլիասի Մայրավանքը Ծաղկազարդուեցաւ Հազարաւոր Հայորդիներու Մասնակցութեամբ

Կիրակի, 24 մարտին, Անթիլիասի մայրավանքը ծաղկազարդուեցաւ հազարաւոր հայորդիներու ներկայութեամբ: Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Ծաղկազարդի սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց Շահան արք. Սարգիսեան: Պատարագին յաջորդեց մանուկներու բազմամարդ թափօրը: Այնուհետեւ Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանէն օրհնեց մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած ժողովուրդը: Մանրամասնութիւնները` յաջորդիւ:

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու  Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ.  Թէ Ինչպէ՛ս Կարելի Է Թուայնացնել  Որեւէ Հրատարակութիւն

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ. Թէ Ինչպէ՛ս Կարելի Է Թուայնացնել Որեւէ Հրատարակութիւն

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի չորրորդ փուլի մասնակիցները ծանօթացան որեւէ հրատարակութիւն թուայնացնելու նպատակներուն, ձեւերուն, միջոցներուն եւ օգտագործման ձեւերուն: Ուրբաթ, 22 մարտ 2024-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու չորրորդ խումբին հանդիպումը, որուն ընթացքին «Ազդակ»-ի արխիւներու եւ զանոնք թուայնացնելու պատասխանատու Թալին Գալայճեան բացատրեց արխիւները թուայնացնելու նպատակներուն, ինչպէս նաեւ ձեւերուն եւ միջոցներուն մասին:...

Մետվետեւ. «Քրոքուս Սիթի Հոլ»-ի Վրայ Յարձակումին  Բոլոր Մեղսակիցները` Անկախ Ծագման Երկրէն  Եւ Կարգավիճակէն, Այսուհետեւ  Մեր Օրինական Եւ Հիմնական Թիրախն Են»

Մետվետեւ. «Քրոքուս Սիթի Հոլ»-ի Վրայ Յարձակումին Բոլոր Մեղսակիցները` Անկախ Ծագման Երկրէն Եւ Կարգավիճակէն, Այսուհետեւ Մեր Օրինական Եւ Հիմնական Թիրախն Են»

Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ, նախկին նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, անդրադառնալով մերձմոսկովեան «Քրոքուս Սիթի Հոլ» համալիրին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան` յայտարարեց, որ բոլոր մեղսակիցները` անկախ ծագման երկրէն եւ կարգավիճակէն, այսուհետեւ Ռուսիոյ օրինական եւ հիմնական թիրախն են: «Հոգիի հանգստութիւն բոլոր անմեղ սպաննուածներուն: Իւրաքանչիւրին համար վրէժ պիտի լուծենք: Եւ բոլոր մեղսակիցները` անկախ ծագման երկրէն եւ կարգավիճակէն, այժմ մեր օրինական եւ հիմնական թիրախն են: Սպասեցէ՛ք,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններու Լիբանանի Ներկայացուցիչները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններու Լիբանանի Ներկայացուցիչները

Շաբաթ, 23 Մարտ 2024-ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու Լիբանանի ներկայացուցիչները՝ Վանիկ Տագէսեան (ՍԴՀԿ), Յակոբ Բագրատունի (ՀՅԴ) եւ բժիշկ Աւետիս Տագէսեան (ՌԱԿ)։ Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները Վեհափառ Հայրապետին պարզեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով քաղաքական երեք կուսակցութիւններու նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք աշխատանքները ու ժողովրդային ձեռնարկները։ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց միջ-կուսակցական գործակցութիւնը, յատկապէս համահայկական ու համայնքային հարցերու ու նախաձեռնութիւններու գծով։ Ան...

Քարասին «Յիմարութիւն» Կ՛որակէ Քրեմլինի  Կողմէ Հայաստանի Մէջ Յեղաշրջում  Պատրաստելու Պնդումը

Քարասին. «Երեւանը Ռուսիայէն Աւելի Հայամէտ Երկիր Չի Կրնար Գտնել»

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերով յանձնախումբի նախագահ Կրիկորի Քարասին նշած է, որ Արեւմուտքը կը փորձէ Հայաստանը խլել Ռուսիայէն` Մոսկուայի դէմ հանելով տեղական վերնախաւը: Միեւնոյն ժամանակ, ծերակուտականը ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքի վրայ, որ իրականութեան մէջ, Ռուսիայէն բացի, աշխարհի վրայ չկան երկիրներ, որոնք պատրաստ են հայկական շահերը հաշուի առնելու: «Երեւանը Ռուսիայէն աւելի հայամէտ երկիր չի կրնար գտնել: Ատոր պատճառները շատ են` պատմութենէն...

Խուռներամ Բազմութեան Ներկայութեան.  Պարոյր Սեւակի Ծննդեան 100-Ամեակի Նշում

Խուռներամ Բազմութեան Ներկայութեան. Պարոյր Սեւակի Ծննդեան 100-Ամեակի Նշում

Երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակի հանդիսութիւնն ու «100 բանաստեղծութիւն» հատորի շնորհահանդէսը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ Գիր եւ գրականութեան մասնագիտացած մասնաճիւղին: Ձեռնարկին բանախօսեց Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան եւ խօսք առաւ Հայաստանէն այս առիթով Լիբանան ժամանած Պարոյր Սեւակի թոռը` Սեւակ Ղազարեան: Խօսք առին նաեւ Համազգայինի Գիր եւ գրականութեան մասնագիտացած մասնաճիւղին անունով Նանոր...

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Կը Շարունակէ  Դիւանագիտական Իր Ճիգերը` Կասեցնելու Համար  Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Բռնարարքները»

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Կը Շարունակէ Դիւանագիտական Իր Ճիգերը` Կասեցնելու Համար Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Բռնարարքները»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Թրիփոլիի մէջ ունեցած իր այցելուներուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Այս շրջագիծին մէջ, Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութիւնը միջազգային եւ արաբական առումով կը շարունակէ դիւանագիտական իր ճիգերը` կասեցնելու համար Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները: Միքաթի նկատել տուաւ, որ հաղորդակցութիւններուն արդիւնքները ցարդ դրական են` աւելցնելով սակայն, որ կարելի չէ գրաւ դնել իսրայէլեան որեւէ կեցուածքի նկատմամբ: Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերը անօդաչու...

Անյայտ Անձերու Կողմէ Ահաբեկչական  Արարք` Մոսկուայի Մէջ.  Զախարովա. «Համաշխարհային Հանրութիւնը  Պարտաւոր Է Դատապարտել  Այս Հրէշաւոր Յանցագործութիւնը»

Անյայտ Անձերու Կողմէ Ահաբեկչական Արարք` Մոսկուայի Մէջ. Զախարովա. «Համաշխարհային Հանրութիւնը Պարտաւոր Է Դատապարտել Այս Հրէշաւոր Յանցագործութիւնը»

Անյայտ անձեր կրակ բացած են Մոսկուայի «Քրոքուս Սիթի հոլ» համերգասրահին մէջ, կը յայտնէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւններուն: Ռուսական թելեկրամեան ալիքները կը հաղորդեն առնուազն 40 զոհի եւ տասնեակներով վիրաւորի մասին: «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ կրակած են առնուազն երեք անձեր: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան անդրադառնալով Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցածին յայտարարած է` համաշխարհային հանրութիւնը...

Պլինքըն. «Ռաֆահի Մէջ Որեւէ Զինուորական  Գործողութիւն Սխալ Պիտի Ըլլայ»

Պլինքըն. «Ռաֆահի Մէջ Որեւէ Զինուորական Գործողութիւն Սխալ Պիտի Ըլլայ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց. «Յառաջիկայ շաբաթ մեր իսրայէլացի պաշօնակիցներուն հետ բանակցութիւններ պիտի վարենք` ընդգծելու համար, որ Ռաֆահի մէջ զինուորական գործողութիւնը սխալ պիտի ըլլայ»: «Մեր գնահատականներուն համաձայն, տագնապին վերջ տալը պաղեստինեան պետութեան ստեղծում եւ Իսրայէլի անվտանգութեան պահպանում կը ներառէ», նշեց Պլինքըն: «Ուաշինկթըն կը շարունակէ Տոհայի մէջ համաձայնութեան հասնելու մղում տալ», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` նշելով. «Դժուար է...

«Ազդակ»-ի 65-րդ Առցանց Լսարան.  «Իր Հոգեւոր-Մշակութային Ժառանգութեան Գիտակից Եւ Զայն Արժեւորող Արցախի Ժողովուրդն Է, Որ Կրնայ Պաշտպանել Համամարդկային Այս Արժէքները».  Արմինէ Տիգրանեան

«Ազդակ»-ի 65-րդ Առցանց Լսարան. «Իր Հոգեւոր-Մշակութային Ժառանգութեան Գիտակից Եւ Զայն Արժեւորող Արցախի Ժողովուրդն Է, Որ Կրնայ Պաշտպանել Համամարդկային Այս Արժէքները». Արմինէ Տիգրանեան

«Ազդակ»-ի 65-րդ լսարանի նիւթն էր Արցախի մշակութային ժառանգութեան  միջազգային իրաւական գործիքակազմերը: Դասախօսն էր Երեւանի պետական համալսարանի մշակութաբան, մշակութային ժառանգութեան միջազգային փորձագէտ Արմինէ Տիգրանեանը, որ վերջերս այս թեմայի մասին զեկուցած էր Եւրոպական խորհրդարանին մէջ: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը նիւթի սահմանումին ընթացքին շեշտեց ինքնութեան պահպանման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մշակութային ժառանգութեան շարունակականութեան ուղղութիւններու փոխկապակցուածութիւնն ու կարեւորութիւնը:...

Ակնարկ.  Հայաստանի Գերիշխանութեան Եւ Անկախութեան Միջազգային Ընկալումը

Ակնարկ. Հայաստանի Գերիշխանութեան Եւ Անկախութեան Միջազգային Ընկալումը

Ֆրանսայի վարչապետին կատարած յայտարարութիւնները բնականաբար կ՛արտացոլացնեն իր երկրի արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնները: Հայկական գործօնին նկատմամբ Փարիզի դիրքորոշումները քաղաքական տրամաբանութեամբ կ՛ընկալուին այդ պարունակին մէջ: Ակնկալելի էր, որ վարչապետը խօսի Հայաստանի անկախութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու հրամայականի մասին: Առաջադրանքի այս բաղադրիչները ընդհանուր ընկալումով Ազրպէյճանի վտանգին ուղղուած ըլլալով, այս պարագային նոյնքան ուղղուած են Ռուսիոյ: Ֆրանսական կամ ընդհանրապէս եւրոպական ու արեւմտեան ընկալումով Հայաստանի...

Ֆրանսայի Վարչապետը Ազրպէյճանէն Կը Պահանջէ  Ետ Քաշել Իր Զօրքերը Հայաստանի  Բռնագրաւուած Տարածքներէն

Ֆրանսայի Վարչապետը Ազրպէյճանէն Կը Պահանջէ Ետ Քաշել Իր Զօրքերը Հայաստանի Բռնագրաւուած Տարածքներէն

Ֆրանսայի վարչապետ Գաբրիէլ Աթալ Ազրպէյճանէն պահանջած է ետ քաշել իր զօրքերը Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն: Աթալ նշած է, որ Ազրպէյճանի նախագահը ինք խոստովանած է, որ ազրպէյճանական ուժերը յառաջխաղացում ունին Հայաստանի տարածքի քանի մը կէտերու մէջ: Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիէլ Աթալը յայտարարած է. «Ռուսիան կ՛ուզէ պատժել Հայաստանը խաղաղութեան ցանկութեան եւ սեփական գերիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի համար», սկզբունքներ, որոնք, ըստ Ֆրանսայի վարչապետին, «Մոսկուան Ուքրանիոյ մէջ...

Հաճիզատէ. «Լեռնային Ղարաբաղի  Հայ Ժողովուրդ» Եզրը Կը Հակասէ Ազրպէյճանի  Տարածքային Ամբողջականութեան»

Հաճիզատէ. «Ֆրանսայի Վարչապետին Կոչ Կ՛ուղղենք Զերծ Մնալու Սադրիչ Յայտարարութիւններէն»

«Ազրպէյճանը կոչ կ՛ուղղէ Ֆրանսայի վարչապետին վերջ տալու սադրիչ յայտարարութիւններուն»,  մեկնաբանելով Կապրիել Աթալի` 2023 թուականի սեպտեմբերին Արցախի դէմ ձեռնարկուած ազրպէյճանական յարձակումը դատապարտող յայտարարութիւնները, երէկ նշած է այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Այհան Հաճիզատէն: «Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւնները ամբողջութեամբ կը համապատասխանէին միջազգային իրաւունքի կանոններուն եւ սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ այն բանաձեւերուն, որոնք ընդունուած էին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ: Յիշեցնենք, որ Ֆրանսան...

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Կը Շարունակէ  Բուռն Ռմբակոծումներու Ենթակայ Մնալ

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Կը Շարունակէ Բուռն Ռմբակոծումներու Ենթակայ Մնալ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ապահովական մագլցումները զսպելու համար: Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքերով, հրետանիներով եւ կործանիչներով ռմբակոծեցին Խիամ, Այթարուն, Քֆարքիլա, Ուազզանի, Հասպայա, Ատայսէ, Եարուն, Քֆարքիլա, Ալմա Շաապ եւ Այթա Շաապ շրջանները: Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին բռնագրաւուած Քֆարշուպայի մէջ գտնուող իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ...

Պլինքըն. «Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին  Ներկայացուցած Են Ռաֆահի Մէջ Գործողութեան  Հաւանական Այլընտրանքները»

Պլինքըն. «Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին Ներկայացուցած Են Ռաֆահի Մէջ Գործողութեան Հաւանական Այլընտրանքները»

Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին ներկայացուցած են Ռաֆահի մէջ ցամաքային գործողութեան այլընտրանքները, եւ անոնք յաջորդ շաբաթ պիտի քննարկուին Ուաշինկթընի մէջ: Այս մասին Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաք պաշտօնական այցելութեան ընթացքին «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն: «Մենք ներկայացուցած ենք Ռաֆահի մէջ Իսրայէլի գործողութեան այլընտրանքները», ըսած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով, որ այդ նիւթին շուրջ իսրայէլացիներու...

Ազատութեան Հրապարակին Վրայ.  Արցախցիները Հաւաքական Վերադարձ Կը Պահանջեն

Ազատութեան Հրապարակին Վրայ. Արցախցիները Հաւաքական Վերադարձ Կը Պահանջեն

Արցախէն տեղահանուած բազմաթիւ քաղաքացիներ երէկ հաւաքուած էին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ` իրենց առաջարկներն ու պահանջները ներկայացնելու Հայաստանի կառավարութեան: Գլխաւոր պահանջը հաւաքական վերադարձն է հայրենիք: Անոնք պնդեցին, որ իշխանութիւնը Պաքուի հետ բանակցութիւններուն նաեւ իրենց վերադարձի հարցը բարձրացնէ: Արցախի ժողովուրդի կարիքներու ապահովման նախաձեռնութեան անդամ, Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են վերադառնալու Լեռնային Ղարաբաղ միայն միջազգային բարձր երաշխիքներու...

Page 178 of 796 1 … 177 178 179 … 796

Արխիւներ