Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Նեթանիահուն Եւ Անոր Գիժերը Կը Շարունակեն Ցեղասպանութիւնը` Աշխարհին Ցուցաբերած Լռութեան Ներքեւ»

Յունիս 3, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսլամ քարոզիչ շէյխ Ալի Քորանիի մահուան յիշատակին առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անցեալ շաբաթավերջին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Իսրայէլ այս շրջանին մէջ ապագայ չունի` աւելցնելով, որ ան իր տեսակով եւ բնութեամբ պատերազմի, բռնարարքներու եւ սադրանքներու բնօրրան է:

«Մեր պատասխանատուութիւնն է ճիգ չխնայել եւ միշտ աշխատիլ, որպէսզի քաղցկեղային այս գեղձը վերացնենք շրջանէն», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Այս շրջագիծին մէջ սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ անոր գիժերը կը շարունակեն Կազայի դէմ ցեղասպանութիւնը` աշխարհին ցուցաբերած լռութեան ներքեւ, «սակայն նման ոճիրներ եւ սպանդներ կ՛արթնցնեն աշխարհն ու անոր ժողովուրդները», ըսաւ ան` հաստատելով, որ առաջին անգամն է, որ իրենք կը շօշափեն Դիմադրութեան ճակատին անհամեմատ ընդարձակումը:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ հարաւային Լիբանանի ճակատին վրայ դիմադրութիւնը պիտի շարունակուի, որովհետեւ այդ ճակատը մաս կը կազմէ Դիմադրութեան մղած ճակատամարտին եւ իր խօսքը ունի Պաղեստինի, Լիբանանի եւ շրջանի ճակատագիրը կերտելու մէջ:

«Այս ճակատամարտը գոյապայքար է եւ այնպէս, ինչպէս Պաղեստինի ճակատագիրին կը վերաբերի, ուղղակիօրէն կապուած է նաեւ Լիբանանի ապագային, անոր բնական հարստութիւններուն եւ գերիշխանութեան», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա:

Լիբանանեան ներքին տագնապներուն անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի ճակատն ու իսրայէլեան ուժերուն հետ բախումները նախագահական ընտրութեան չեն առնչուած: Այս իմաստով ան հարց տուաւ, որ արդեօք երկխօսութենէն բացի այլ միջոց կա՞յ քաղաքական այդ տագնապը լուծելու:

«Նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը խանգարուած է «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութենէն տարի մը առաջ` լիբանանեան ներքին տարակարծութիւններու եւ արտաքին վեթոներու պատճառով», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ դժբախտաբար ներքին լիբանանեան տարակարծութիւնն ու արտաքին միջամտութիւնները կը յամենան:

Նախորդը

Պըրրի. «Նախագահական Ընտրութեան Տագնապը Պիտի Լուծուի Համախոհութեան Սեղանին Շուրջ Նստելով»

Յաջորդը

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ. Ծանօթացում` Արհեստական Բանականութեան

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?