Բռնագրաւուած Ստեփանակերտի Մէջ Տեղակայուած Միջազգային Կարմիր Խաչի Գրասենեակը Տեղափոխուած Է Բարդա
Բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ տեղակայուած Կարմիր խաչի գրասենեակը տեղափոխուած է Բարդա: Այս մասին «Լուրեր»-ուն ըսած է Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի: Արցախէն բռնի տեղահանուածներէն շուրջ 84 հազարը արդէն հաշուառուած են Հայաստանի հասցէներով, 82 հազարը ձեռք ձգած է գաղթականի ժամանակաւոր պաշտպանութեան վկայական, Հայաստանի քաղաքացիութեան համար դիմած է աւելի քան 1600 անձ: Բռնի տեղահանութենէն ետք, այս...




















