ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ֆրանսական դիւանագիտական աղբիւրներէն, կը հաղորդէ, որ Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան Պէյրութ կատարած իր այցելութենէն ետք մեկնած է առանց երկրին քաղաքական տագնապին մէջ բեկում մը յառաջացնելու, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ կառչած կը մնայ իր կեցուածքներուն:
Նոյն աղբիւրը ընդգծած է, որ Լը Տըրիան լիբանանցի պատասխանատուները զգուշացուցած է, որ Լիբանանի քաղաքական գոյութիւնը ինքնին վտանգուած է` նկատի ունենալով երկրին պառակտուած իրականութիւնը:
Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Լը Տըրիան հաստատած է անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:
Նշենք, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Իտալիայէն վերադարձէն անմիջապէս ետք հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի հետ` քննարկելու համար Լը Տըրիանի Լիբանան կատարած այցելութեան արդիւնքները` նախագահական ընտրութեան տագնապին լուծման նպատակով ջանքերը աշխուժացնելու առումով:


