Անցեալ շաբաթ դաշնակցական պատգամաւոր Աշոտ Սիմոնեանը ոստիկաններուն կողմէ բռնութեան ենթարկելու վերաբերեալ բողոքէն ետք քրէական գործ յարուցուած է:
Գլխաւոր դատախազութենէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ գործը յարուցուած է պաշտօնատար անձի կողմէ բռնութիւն գործադրելու միջոցով ծառայողական լիազօրութիւնները անցնելու կամ չարաշահելու յօդուածով: Մեղադրեալներ, սակայն, տակաւին չկան: Յայտնի է միայն, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը ծառայողական քննութեան հիմամբ դադրեցուցած էր միջադէպին մասնակից ոստիկաններէն մէկու լիազօրութիւնները: