Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլովենիան Եւս Ճանչցաւ Պաղեստինի Պետութիւնը

June 1, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սլովենիոյ կառավարութիւնը ճանչցաւ Պաղեստինի պետութեան անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը: Այս մասին յայտարարեց Սլովենիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Որոշումը պէտք է հաստատուի Սլովենիոյ խորհրդարանին կողմէ: Կը նախատեսուի, որ ատիկա տեղի ունենայ յառաջիկայ օրերուն:

Սլովենիոյ արտաքին գործոց նախարար Թանիա Ֆայոն որոշումը կոչեց պատմական քայլ եւ համոզում յայտնեց, որ Պաղեստինի անկախութեան ճանաչումը իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ խաղաղ գոյակցութեան միակ ուղին է:

«Իսրայէլացիներն ու պաղեստինցիները իրաւունք ունին իրենց երեխաները մեծցնելու խաղաղ, անվտանգ եւ բարգաւաճ պայմաններու մէջ` իրենց իսկ պետութիւններուն մէջ», յայտարարած է սլովենական դիւանագիտութեան պետը` Եւրոպական Միութեան անդամ դաշնակիցներուն կոչ ուղղելով` հետեւելու Լիուպլիանայի օրինակին:

Յիշեցնենք, որ վերջերս Պաղեստինի պետութեան ճանաչման մասին յայտարարած էին երեք եւրոպական երկիրներ` Նորվեկիան, Սպանիան եւ Իրլանտան: Իսրայէլը ի պատասխան Օսլոյէն, Մատրիտէն եւ Տապլինէն տուն կանչած է իր դեսպանները:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու այդ որոշումները կոչած էր «ահաբեկչութեան պարգեւ» եւ պնդած, որ Պաղեստինի անկախութեան ճանաչումը պիտի չկաշկանդէ Իսրայէլը` հասնելու Կազայի մէջ լիակատար յաղթանակի:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց դատապարտեց Սլովենիոյ կառավարութեան որոշումը` նշելով, որ անիկա «Համասը կը վարձատրէ սպանութեան եւ բռնաբարումին համար»` նշելով. «Ատիկա նաեւ Իսրայէլի ոխերիմ թշնամիին` Իրանի զօրակցութիւն է եւ կը վնասէ սլովենիացի եւ իսրայէլացի ժողովուրդներուն սերտ բարեկամութեան»:

«Կը յուսամ, որ սլովենական խորհրդարանը կը մերժէ այս յանձնարարութիւնը», աւելցուց Քաց:

Նախորդը

Պաքուն Եւ Իսլամապատը Կը Քննարկեն Անգարայի Մասնակցութեամբ Եռակողմ Ձեւաչափի Ամրապնդումը

Յաջորդը

Թրամփ Դարձաւ Միացեալ Նահանգներու` Յանցագործութեան Համար Դատապարտուած Առաջին Նախագահը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.