Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գասպար Կարապետեան. «Այլեւս Անկարելի Է Երկար Ճամբայ Երթալ Այս Իշխանութեան Հետ»

June 3, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ալֆա Նիուզ» կայքի ուղիղ եթերի ընթացքին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան անդրադարձած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նոր պահանջին: Յիշեցնենք, որ Ալիեւ Խոջալուի (Իվանեան) մէջ  յայտարարած է, թէ «Հայաստանը պէտք է ճանչնայ Խոջալուի ցեղասպանութիւնը եւ ներում հայցէ»:

«Ակնկալելի էր, որ Ալիեւը նման բան ըսէր: Այնքան ատեն որ ինք Հայաստանի այսօրուան իշխանութեան հետ լեզու գտած է, վտանգաւոր է: Անոնք ինչ որ ուզեն, այս իշխանութիւնը պիտի կատարէ», նշած է Գասպար Կարապետեան:

Ան անդրադարձ կատարած է նաեւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին: Կարապետեանի համաձայն, այս իշխանութիւնները կը քննադատեն շարժումը, բայց իրենք ալ յաջողութեան հասած են քայլերթով:

«Ես լաւատես չեմ: Այլեւս անկարելի է երկար ճամբայ երթալ այս իշխանութեան հետ: Տպաւորութիւն է, որ Նիկոլ Փաշինեանը ամէն գնով պիտի փորձէ իր աթոռին վրայ մնալ ու այս իշխանութիւնը պահել: Այս ամէնը շատ վատ է երկրին համար: Եթէ ես Փաշինեանի տեղը ըլլամ եւ հայրենասիրական ջիղ ունենայի իմ մէջս, պիտի փորձէի որեւէ լուծում գտնել», ըսած է Գասպար Կարապետեան:

Ան նաեւ նշած է, որ Հանրապետութեան հրապարակին մէջ մարդոց հոծ բազմութիւն հաւաքելը բարդ է, բայց Բագրատ սրբազանը կը յաջողի այդ բազմութիւնը հաւաքել: Ան ընդգծած է. «Կարեւորը այն է, որ երկրին մէջ կայ շարժում: Ատիկա տեսանք Բագրատ սրբազանի քայլերթով: Երբ այսօրուան վարչապետը սկսաւ իր քայլերթին Գիւմրիէն, 3 հոգիով էին, 4-5 հոգիով հասաւ Երեւան: Պայմանները այդպէս ստեղծուեցան, եւ ունեցան մեծ հանրահաւաքներ: Հիմա այդ նոյն մարդիկ չեն հասկնար երկրի վիճակին լրջութիւնը»:

 

Նախորդը

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռ. «Վեհափառին Հետ Կապուած Նման Մտահոգիչ Դէպքերը Պէտք Չէ Կրկնուին»

Յաջորդը

Գիւմրիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումին Հանրահաւաքը

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.