Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքրի Քանին, որ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ հասաւ Պէյրութ: Պու Հապիպ Քանիի հետ երկարատեւ դէմ առ դէմ հանդիպում մը, որուն յաջորդեց իրանեան պատուիրակութեան եւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ ընդլայնուած ժողով մը:
Պու Հապիպ հանդիպումի աւարտին միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Այսօր պատիւը ունեցայ շրջանային հարցերու, միջազգային զարգացումներու եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու շուրջ մեզի հետ կանոնաւոր խորհրդակցութեան շարունակման անոր նախանձախնդրութեան ծիրին մէջ ընդունելու դոկտ. Ալի Պաքրի Քանին»:
«Քննարկեցինք հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, եւ հաստատեցի պատերազմը մերժող Լիբանանի կեցուածքը, ինչպէս անցեալ 7 հոկտեմբերէն մինչեւ օրս իրադարձութիւնները զայն փաստեցին: Պարոն նախարարին բացատրեցի լիբանանեան պատկերացումը գտնելու տեւական լուծումներ, որոնք հարաւային Լիբանանի մէջ հանդարտութիւնն ու կայունութիւնը կը վերականգնեն Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական կիրարկման ծիրին մէջ: Անդրադարձանք նաեւ Կազայի մէջ տիրող կացութեան, եւ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու, Իսրայէլի Կազայէն հեռանալու եւ գերիներու փոխանակման անհրաժեշտութեան շուրջ գաղափարներուն եւ վերջին նախաձեռնութիւններուն», ըսաւ ան` նշելով, որ Կազայի մէջ պատերազմի եւ պաղեստինցիներուն դէմ շարունակուող ոճիրներու շարունակութենէն ծնող վտանգներուն շուրջ կարծիքներու համընկնում գոյութիւն ունի:
«Պարոն նախարարը Լիբանանի կայունութեան նկատմամբ իր երկրին նախանձախնդրութիւնը շեշտեց», ըսաւ Պու Հապիպ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատարը իր կարգին յայտնեց, որ Լիբանան իր այցելութեան «գլխաւոր նպատակը» իր շնորհակալութիւնն ու գնահատականը յայտնելն է լիբանանցի եղբայրական եւ մեծ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան կառավարութեան եւ Լիբանանի մէջ տարբեր պաշտօնատարներուն, որոնք Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի մահէն ետք զօրակցութիւն յայտնեցին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան:
«Պատմական տարբեր փուլերու մէջ եւ բոլոր զարգացումներուն ընթացքին միշտ ալ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պաշտօնատարներուն եւ Լիբանանի Հանրապետութեան պաշտօնատարներուն, մասնաւորաբար արտաքին գործոց նախարարին եւ ուրիշներու հետ շարունակական խորհրդակցութիւն ու գործակցութիւն եղած է, եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նպատակը միշտ եղած է Լիբանանի մէջ կայունութեան, ապահովութեան, անվտանգութեան ու յառաջդիմութեան աջակցիլ եւ չխնայել որեւէ ջանք` ամրապնդելու լիբանանցի ժողովուրդի յառաջընթացն ու բարգաւաճումը», ըսաւ Քանի:
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Լիբանանի Հանրապետութեան միջեւ սերտ յարաբերութիւնները շրջանին մէջ կայունութեան գլխաւոր ցուցանիշ են, ինչպէս նաեւ դիմադրութիւնը շրջանին մէջ կայունութեան ու տոկունութեան հիմն է», աւելցուց ան:
«Լիբանանին առնչուող թղթածրարներուն եւ նախարար Պու Հապիպի հետ մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն կողքին, մեր քննարկումներուն ընթացքին անդրադարձանք Կազայի, մասնաւորաբար Ռաֆահի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, եւ համաձայն էինք, որ շրջանի երկիրները, մասնաւորաբար իսլամական երկիրները պէտք է միացեալ քայլ որդեգրեն` դիմակայելու համար իսրայէլեան յարձակումը եւ պաշտպանելու համար պաղեստինցի ժողովուրդը, մասնաւորաբար Ռաֆահի մէջ: Համաձայնեցանք նախաձեռնութեան մը շուրջ` գումարելու Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ ժողով մը, իբրեւ միացեալ առաջարկ մը, որ մեզ կարող կը դարձնէ նշեալ հարցերուն ուղղութեամբ հաւաքական վճռական քայլ որդեգրելու», եզրափակեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատարը:
Պաքրի երէկ կէսօրէ ետք այցելեց վարչապետարան, ուր Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի եւ իրեն ընկերակցող իրանեան պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի:
Վարչապետի խորհրդական դեսպան Պութրոս Ասաքերի ներկայութեամբ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնները:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատարը ապա այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Վերջինս արծարծեց Կազայի եւ Լիբանանի վրայ Իսրայէլի շարունակուող յարձակումներուն լոյսին տակ Լիբանանի եւ շրջանի ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները: