Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Միջին Արեւելքի Մէջ Լարուածութեան Աճը Լուրջ Մտահոգութիւն Կը Յառաջացնէ
Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութեան աճը լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ, յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Պաշտօնական Երեւանը կոչ կ՛ուղղէ առաջնահերթութիւն տալու երկխօսութեան: «Անհրաժեշտ է խուսափիլ հետագայ առճակատումէն», նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան «Էքս»-ի էջին վրայ կատարուած գրառումին մէջ:




















