Ռուբէն Վարդանեանը Պաքուի Բանտին Մէջ Հացադուլ Յայտարարած Է
28 սեպտեմբեր 2023-էն Պաքուի բանտին մէջ գտնուող Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը 5 ապրիլէն հացադուլ յայտարարած է, կը տեղեկացնէ Վարդանեանի ընտանիքը: Արցախի նախկին պետական նախարարը կը պահանջէ անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել զինք եւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող միւս հայ բանտարկեալներուն: Ընտանիքը կը նշէ, որ հացադուլը սկսելէ ետք դադրեցուած են անոր հեռաձայնային զանգերը: Ընտանիքը սա միջազգային իրաւունքի բոլոր կանոններու...




















