Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լարուած Վիճակ Եւ Բախումներ` Ազգային Ժողովի Շէնքին Դիմաց

June 13, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման կոչով երէկ կէսօրուան ժամը 15:00-էն սկսեալ ժողովրդային հաւաք տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի շէնքին դիմաց: «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի ղեկավար Բագրատ արք. Գալստանեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն պահանջեց հանդիպիլ` քննարկելու անոր «խաղաղ եւ անցնցում ճամբով հեռացման» պայմանները: Այս մասին սրբազանը յայտարարեց հաւաքին ընթացքին, այն պահուն, երբ Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի նիստ կ՛ընթանար:

«Այս կառավարութեան ղեկավարը իր իշխանութեան ամբողջ կազմով պէտք է հեռանայ: Այսօր այդ վճռականութեամբ պարտաւոր է հանդիպիլ եւ քննարկել իր խաղաղ, անցնցում հեռացման պայմանները», ըսաւ Բագրատ արքեպիսկոպոս:

Անոր համաձայն, վարչապետի հեռացումը պիտի կատարուի օրինական ճանապարհով, առանց բռնութեան` աւելցնելով, որ իրենք պիտի չպաշարեն խորհրդարանի շէնքը, բայց պէտք է արգելակեն Նիկոլ Փաշինեանի ելքը: «Որովհետեւ պետութիւնը ձախողութեան մատնած մարդը չի կրնար հանգիստ-հանգիստ գործի գալ, գործէն երթալ, ուղղակիօրէն չանդրադառնալ այն ամբողջ ընդվզումին եւ ցաւին, որ իր պատճառով պատճառուած է ժողովուրդին», պնդեց սրբազանը:

Հաւաքի ընթացքին քանի մը անգամ լարուածութիւն եւ բախումներ յառաջացան ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ: Ժամը 17:45-ին ոստիկանութիւնը լրացուցիչ ուժեր կեդրոնացուց Դեմիրճեան փողոցին վրայ: Այստեղ քաղաքացիներու եւ ոստիկաններուն միջեւ հրմշտոցներ սկսան: Ժամը 19:30-ին իրավիճակը խորհրդարանի յարակից տարածքին մէջ կրկին սրեցաւ, երբ Բագրատ սրբազանը առաջարկեց ճամբայ բանալ, որպէսզի պատգամաւորները կարենան խորհրդարան մտնել: Ցուցարարները պնդեցին, թէ իրենց շարքերուն մէջ սադրիչներ կան, որոնք «շիշեր կը նետէին իրաւապահներուն ուղղութեամբ»:

Այնուհետեւ ոստիկանութիւնը բռնութեան դիմեց եւ սկսաւ գործածել լուսաձայնային նռնակներ` ցուցարարները ցրուելու համար: Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը խորհրդարանին մէջ յայտարարեց, որ ոստիկանութիւնը «արդարացիօրէն կիրարկած է լուսաձայնային նռնակներ»: Ըստ անոր, ատիկա տեղի ունեցած է, երբ Բագրատ արք. Գալստանեանը «ուղղորդած է մարդիկը յարձակելու ոստիկաններուն վրայ»: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր կարգին Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց, որ ոստիկանութիւնը խստիւ կ՛իրականացնէ «օրէնքով իրեն վերապահուած գործառոյթները օրէնքի շրջանակներուն մէջ»:

Ոստիկանութեան կիրարկած բռնութեան եւ խիստ միջոցներուն պատճառով բազմաթիւ ցուցարարներ մարմնական վնասուածքներ ստացան: Շտապօգնութեան մեքենաները տեղւոյն վրայ օգնութիւն տրամադրեցին տուժած քաղաքացիներուն: Վիրաւորներուն շարքին էր նաեւ յայտնի լրագրող Աբրահամ Գասպարեան, որ աւելի ուշ նաեւ կալանաւորուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ: Բաղրամեան պողոտային մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն հետեւանքով բժշկական օգնութեան դիմեցին 55 անձեր, հաղորդեց  առողջապահութեան նախարարութիւնը: Տուժածներու շարքին կային նաեւ զանազան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: News.am լրատուական կայքի լուսանկարիչ Վազգէն Եթումեանը, խմբագիր Անահիտ Սարգսեանի համաձայն, վիրաւորուած էր լուսաձայնային նռնակի պատճառով: Ան վիրաւորուած էր իր ոտքէն: Կիրարկուած բռնութիւններուն պատճառով քաղաքացիի մը ձեռքը ձեւախեղուեցաւ, ինչ որ վիրաբուժական գործողութեան անհրաժեշտութիւն ստեղծեց:

Ժամը 21:00-ի դրութեամբ, ըստ ոստիկանութեան տուեալներուն, կային 86 բերման ենթարկուածներ: Երեւանի Բաղրամեան եւ Դեմիրճեան փողոցներու խաչմերուկին մէջ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու եւ իրականացնելու դէպքին առիթով քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է Քննչական կոմիտէին կողմ

 

է:

 

Նախորդը

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Ռազմավարական Գործընկերութեան Յանձնախումբ Պիտի Ստեղծեն

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (13 Յունիս 2024)

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.