Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն. «Համաձայնութեան Միակ Խոչընդոտը Համասն Է»

June 11, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Եգիպտոսը, Իսրայէլը, Յորդանանը, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը ներառող իր միջինարեւելեան շրջապտոյտի ծիրին մէջ հասաւ Գահիրէ, ուր հանդիպում ունեցաւ եգիպտացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:

Պլինքըն ահիրէի մէջ յայտնեց. «Համասը զինադադարի հաստատման համաձայնութեան առջեւ միակ խոչընդոտն է»:

Ան իր խօսքը շրջանի ղեկավարներուն ուղղելով ըսաւ. «Եթէ զինադադար կ՛ուզէք, ապա Համասի վրայ ճնշում բանեցուցէք, որպէսզի զայն ընդունի»:

«Մենք պիտի շարունակենք զինադադարի հաստատման եւ պատանդներու ազատ արձակման համար մեր ջանքերը, եւ կարեւոր է պատերազմին յաջորդող օրուան ծրագիրներուն վրայ աշխատիլ», ըսաւ Պլինքըն եւ նշեց. «Գերիներուն վերատիրանալու լաւագոյն կերպը զինադադարը ընդունիլն է»:

Միացեալ Նահանգներ 2-րդ անգամ ըլլալով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուց նախագահ Ճօ Պայտընի` Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման վերաբերեալ նոր առաջարկին մասին նախագիծ մը եւ խորհուրդին կոչ ուղղեց անոր շուրջ քուէարկութիւն կատարելու:

Ամերիկեան բարեփոխուած նախագիծը կ՛ողջունէ 31 մայիսին յայտարարուած եւ Իսրայէլի կողմէ ընդունուած առաջարկը եւ Համասին կոչ կ՛ուղղէ` ընդունելու զայն, ինչպէս նաեւ կողմերը կը յորդորէ զայն ամբողջովին, առանց ուշացումի կամ պայմաններու գործադրելու:

Նախագիծը կարեւոր կը նկատէ, որ երկու կողմերը յանձնառու ըլլան առաջարկի կէտերու գործադրման, ինչպէս նաեւ կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի եւ Քաթարի պատրաստակամութիւնը` երաշխաւորելու մինչեւ բոլոր համաձայնութիւններու գոյացումը բանակցութիւններու շարունակութիւնը:

ՄԱԿ-ի մօտ ամերիկեան ներկայացուցչութեան բանբեր Նէյթ Իվընզ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Խորհուրդին անդամները պէտք չէ այս առիթը փախցնեն եւ պէտք է այս համաձայնութեան աջակցելու համար միաձայնութեամբ խօսին»:

«Ժազիրա» կը հաղորդէ, որ ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու, Ապահովութեան խորհուրդի շարք մը անդամներ, մասնաւորաբար արաբական խմբաւորման ներկայացուցիչ Ալճերիան եւ վեթոյի իրաւասութիւն ունեցող Ռուսիան ամերիկեան նախագիծի նախկին երկու տարբերակներուն շուրջ լուրջ վերապահութիւններ արտայայտած են:

Ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը քննարկած է ամերիկացի-իսրայէլացի գերիներու ազատ արձակման համար Համասի հետ անջատ բանակցութիւններ վարելու կարելիութիւնը:

 

Նախորդը

Եւրոպական Ընտրութիւններուն Մէջ Իր Կուսակցութեան Կրած Ծանր Պարտութենէն Ետք. Մաքրոն Խորհրդարանը Լուծարեց Եւ Նոր Ընտրութիւններ Նշանակեց

Յաջորդը

Միքաթի Կ՛այցելէ Յորդանան` Մասնակցելու Համար Կազայի Մէջ Մարդասիրական Հրատապ Արձագանգման Խորհրդաժողովին

RelatedPosts

Խմբագրական.  44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. 44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը

September 28, 2026
6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին
Գլխաւոր լուրեր

6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին

September 28, 2026
Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.