Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքերի Քանի յայտնեց. «Սիոնականներուն կը յորդորենք Կազայի փոսէն Լիբանանի ջրհոր չփոխադրուիլ»:
Քանի «Ռաշա Թուտէյ»-ի եւ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Դիմադրութիւնը, ըլլայ ան Պաղեստինի կամ Լիբանանի մէջ, բաւարար ուժ ունի սիոնականներուն չարտօնելու իրենց նպատակները իրագործել»:
«Մենք սիոնականներուն երբեք չենք խրատեր վերադառնալ 2000 եւ 2006 թուականներու ձախողութիւններուն, զորս անոնք կրեցին Լիբանանի մէջ: Անոնք լիբանանցի ժողովուրդին եւ դիմադրութեան կողմէ պատմական պարտութիւններ կրեցին», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատարը:
«Պէտք է նշեմ, որ այն, ինչ որ Կազայի մէջ տեղի կ՛ունենայ, հակամարտութիւն չէ, այլ յստակ պատերազմական ոճիր եւ յստակ ցեղասպանութիւն, որուն զոհը անիրաւուած պաղեստինցի ժողովուրդն է, իսկ սիոնականները` իբրեւ յարձակողներ, ոճրագործներ եւ բռնագրաւողներ, իրենք են այդ ոճիրին գլխաւոր պատճառը, եւ ամերիկացիները այդ ոճիրին մէջ սիոնականներուն գլխաւոր աջակիցներն են», ըսաւ Պաքերի Քանի:
Կազայի մէջ սիոնականներու ոճիրներու շարունակումէն ետք դիմադրութիւնը շրջանին մէջ ամէնուր, ներառեալ Իրաքի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Եմէնի մէջ ոտքի կանգնեցաւ անիրաւուածին կողքին եւ անիրաւողին դէմ: Նոյնիսկ Եմէնի մէջ Ամերիկայի եւ Բրիտանիոյ ղեկավարութեամբ արեւմտեան դաշինքին դիմաց դիմադրութեան տոկունութեան, կայունութեան եւ յաղթանակին գաղտնիքը այն է, որ դիմադրութիւնը ժողովուրդին մէջ արմատացած է», նշեց ան: