Հայաստանի քաղաքական զարգացումները կ՛արտացոլացնեն Հայաստանի ժողովուրդի ժողովրդավարական յաւակնութիւնները: Այս մասին Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան նիստի ժամանակ արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմս Օ՛Պրայըն:
«Մեզի համար ոգեւորիչ է տեսնել այն մեծ քայլերը, որոնք կառավարութիւնը կատարած է, անոնցմէ ոմանք նաեւ մեր աջակցութեամբ` օրէնքի գերակայութիւնը դարձնելով հիմնարար, պայքարելով փտածութեան դէմ, կարելիութիւն տալով մարդոց իրենց դիրքորոշումները ժողովրդավար կերպով յայտնելու: Մենք կ՛աջակցինք այս բոլոր ջանքերուն», նշեց Օ՛Պրայըն:
Ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները նաեւ կ՛աջակցին շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ կ՛աշխատին տնտեսական կարելիութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ:
«Գիտենք, որ Հայաստանի համար անվտանգութիւնը, բարեկեցութիւնը, ժողովրդավարութիւնը կողք-կողքի գոյութիւն ունին: Այդ ուղղութիւններով իրականացուող բոլոր ջանքերուն կ՛աջակցինք: Մենք կ՛աջակցինք նաեւ տեւական խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն: Մենք կ՛աշխատինք տնտեսական կարելիութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ` Կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Միջերկրական ծով: Եթէ տեւական խաղաղութիւն ըլլայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, ապա այդ կարելիութիւնները աւելի լայն պիտի ըլլան», մանրամասնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարը:
Ան յիշեցուց, որ վերջերս Հայաստան այցելած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարներէն Պրանտըն Եոտըրը, որ կը համակարգէ թմրեցուցիչներու դէմ պայքարի եւ իրաւապահ համագործակցութեան հարցերը:
«Մենք պիտի շարունակենք արդարադատութեան բարեփոխումներու ոլորտին մէջ աշխատանքները: Մենք նաեւ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն մէջ պիտի շարունակենք աշխատիլ: Նախորդ տարի տեղի ունեցաւ մեր միացեալ առաջին ռազմափորձը, մենք կը սպասենք աւելիին: Կ՛ակնկալենք աշխատիլ համացանցային անվտանգութեան, սահմաններու, ուժանիւթային եւ պարենային անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ: Մենք պատրաստ ենք Հայաստանին աջակցելու: Մեր ծրագիրը այն է, որ այս ռազմավարական երկխօսութիւնը փոխարինենք ռազմավարական գործընկերութեան յանձնախումբով, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ աւելի մեծ խորութեամբ կառուցել համագործակցութիւնը», եզրափակեց Ճէյմս Օ՛Պրայըն: