Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատ Սրբազան. «12 Յունիսին, Ժամը 15:00-ին, Շատ Մեծ Թիւերով Պէտք Է Հաւաքուինք, Ընելիք Ունինք»

June 12, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Վաղը ժամը 3:00-էն սկսեալ մենք պէտք է հաւաքուինք այստեղ` Ազգային ժողովի դիմաց, քանի որ ըսելիք ու փաստելիք ունինք: Մենք ունինք պահանջ եւ այդ պահանջը իրականացնելու կամք ու վճռականութիւն… Վաղը մեր հերոսի` Մոնթէ Մելքոնեանի նահատակութեան օրն է: Խորհրդանշական է նաեւ այդ օրը, քանի որ մեր նահատակներու մեկնումը հաւասար է անոնց ծնունդին: Նահատակութիւնը կարելի չէ շփոթել մեռնելուն հետ: Նահատակութեան փառքի պսակը քիչերուն բաժին ինկած է: Շատերը կ՛ապրին, քիչերը կը ստանան այդ պսակը», երէկ Բաղրամեան-Դեմիրճեան խաչմերուկին վրայ ամփոփելով օրը յայտարարեց «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի ղեկավար Բագրատ արք. Գալստանեան:

«Մեր թիրախը մէկն է` այս բուրգի գլխուն կանգնած ստախօսը», յայտարարեց Բագրատ սրբազանը` աւելցնելով. «Ինծի համար թէ՛ աթոռը, թէ՛ պաշտօնը ոչ մէկ բան են: Ինծի համար առաջնային նշանակութիւնը մեր յաղթական արդիւնքն է: Կը յորդորեմ բոլոր քաղաքական ուժերուն եւ անձերուն, որ իրենց համար ալ այդպէս ըլլայ, այլ ոչ թէ պաշտօնի ակնկալիքը: Ակնկալիքը մէկն է` հայրենիք ու պատիւ», ըսաւ ան:

Բագրատ սրբազանը ընդգծեց, որ իշխանութիւնը պէտք է անցնցում ու խաղաղ հեռանայ: «Այս մարդիկ միայն ատելութիւն, թշնամութիւն, սարսափ եւ սուտ կը լեցնեն մեր կեանքին մէջ: Ազգային ժողովի ամպիոնը դարձուցած են սուտի քարոզչամեքենայ», աւելցուց սրբազանը: Ան նշեց, որ այսօր իշխանափոխութիւնը ոչ թէ կարելի կամ անկարելի է, այլ` անհրաժեշտ է:

Խօսք առաւ նաեւ «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան, որ ըսաւ. «Հրաժարականի հարցի քննարկումը եւ հրաւիրուած նիստը տեղի պիտի ունենայ 17 յունիսին` ժամը 18:30-ին»: Ան նշեց, որ սա իրաւունքի ուժով պարտադրուած նիստ է եւ պէտք է գումարուի:

«Միայն կը մնայ, որ ՔՊ-ն ունենայ կամք եւ գայ այդ նիստին, որպէսզի իրենց հակափաստարկները բերեն այն փաստի շուրջ, որ այս կառավարութիւնը ընելիք չունի եւ պէտք է հեռանայ: 17 յունիսին` ժամը 18:30-ին, նիստը պիտի գումարուի», ըսաւ Մինասեան:

Նախորդը

Օ՛Պրայըն. «Պիտի Շարունակենք Պաշտպանութեան Եւ Անվտանգութեան Հարցերուն Մէջ Աշխատիլ Հայաստանի Հետ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Սահմաններ Եւ Ժողովրդագրութիւն

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.