Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸԵՄՄ-ը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Կառավարութեան Գործած Ոստիկանական Բռնութիւնը Եւ Ճնշումները

June 10, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

28 մայիս 2024-ին Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը, որուն լիիրաւ անդամներէն է ՀՅԴ Երիտասարդականը, կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը` դատապարտելով Հայաստանի մէջ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման նկատմամբ ոստիկանական բռնութիւնները:

Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը (ԸԵՄՄ) կը յայտնէ լրջագոյն մտահոգութիւն ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին, մասնաւորապէս Տաւուշի մարզին մէջ: Ազրպէյճանը այս գործընթացը կ՛իրականացնէ ուժի սպառնալիքի պայմաններու մէջ, որոնց պատճառով կը խաթարուի Հայաստանի Հանրապետութեան ինքիշխանութիւնը եւ օրինականութիւնը:

Հարկադրանքի տակ իրականացուող սահմանային փոփոխութիւնները կը հակասեն ոչ միայն Հայաստանի օրէնքին, այլ նաեւ միջազգային օրինաչափութեան: Հայաստանը ըլլալով շրջափակուած երկիր, պէտք չէ պարտադրուի տարածքներ զիջելու եւ խաթարելու իր սեփական ազգային անվտանգութիւնը: Այսպիսի բռնաճնշումներ կը խրախուսեն միայն Ազրպէյճանը եւ կը նպաստեն Հայաստանի տկարացման, բազմապատկելով կարելիութիւնը հակամարտութեան վերանորոգման:

Հայաստանի հասարակութեան տարբեր շերտերը իրենց արդարացի բողոքը բարձրաձայնած են այս մասին եւ անոնք ամբողջութեամբ կը վայելեն մեր աջակցութիւնը:

Խստօրէն կը դատապարտենք իշխանութեան իրաւապահ մարմիններուն կողմէ ցուցարարներու նկատմամբ բիրտ եւ անհամաչափ ուժի կիրարկումը: Կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի իշխանութիւններուն յարգելու իրենց քաղաքացիներուն ազատ խօսքի եւ անհամաձայնութիւն արտայայտելու մասին սահմանադրական իրաւունքը:

Կոչ կ՛ուղղենք ՄԱԿ-ին, Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ հակամարտութեան հանգուցալուծման համար շահագրգիռ բոլոր կողմերուն դատապարտելու Ազրպէյճանի գործողութիւնները եւ ձեռնարկելու համապատասխան միջոցներ, ներառեալ պատժամիջոցներու կիրարկում, պատասխանատուութեան ենթարկելու համար Ալիեւի բռնատիրական վարչակարգը անոր յարձակողապաշտ եւ ուժի սպառնալիքի անօրինական քաղաքականութիւններուն համար:

Կայուն եւ տեւական խաղաղութիւն կարելի է իրագործել միայն այն միջավայրին մէջ, ուրկէ կը բացակային հարկադրանքն ու բռնութիւնը: ԸԵՄՄ-ը ջատագովն է արդար եւ իրաւաբանօրէն հիմնաւորուած հանգուցալուծման, որ կը յարգէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ միջազգային օրէնքը:

28 մայիս 2024

 

Նախորդը

Մոսկուան Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Բողոքագիր Յղած Է` Հայկական Պատուիրակութեան Պուչա Այցելութեան Հարցով

Յաջորդը

«Մենք Կրնանք Խնդիրը Լուծել, Եթէ Վաղուընէ Սկսեալ Ընդամէնը 96 Ժամ Առանց Դադարի Մնանք Փողոցը Եւ Մեր Կամքը Պարտադրենք» Շեշտեց Բագրատ Արք. Գալստանեան

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.