Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համաս Պատասխանեց Գործարքի Առաջարկին

June 13, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի անդամ Իզաթ Ռաշք յայտնեց, որ Համաս պատասխանած է Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ու գերիներու փոխանակման գործարքի առաջարկին, եւ այդ պատասխանը «լայն կերպով ճամբայ կը բանայ համաձայնութեան հասնելու»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Ան աւելցուց, որ Համասի պատասխանը «պատասխանատու, լուրջ եւ դրական» է:

Աղբիւրներ «Ժազիրա»-ին յայտնեցին, որ Համասի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէ եւ Իսլամական Ժիհատի ընդհանուր քարտուղար Զիատ Նախալէ երեքշաբթի գիշեր զինադադարի հաստատման իսրայէլեան առաջարկին իրենց պատասխանը յանձնած են Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանիին:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Տոհան եւ Գահիրէն ստանձնեցին Համաս շարժումի եւ պաղեստինեան խմբաւորումներու Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու իսրայէլեան առաջարկին վերաբերեալ պատասխանը»:

«Քաթարն ու Եգիպտոսը կը հաստատեն, որ Միացեալ Նահանգներու հետ իրենց միջնորդական ջանքերը կը շարունակուին մինչեւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան գոյացումը», նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Միջնորդները կը սերտեն Համասի եւ պաղեստինեան խմբաւորումներուն պատասխանը եւ առնչակից կողմերուն հետ յաջորդող քայլերուն շուրջ համակարգում կը կատարեն»:

Սպիտակ տան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ պաշտօնապէս ստացաւ Կազայի մէջ զինադադարի ՄԱԿ-ի զօրակցութիւնը վայելող առաջարկին Համաս շարժումի պաշտօնական պատասխանը, որ ուղարկուած էր քաթարցիներուն եւ եգիպտացիներուն»:

Սպիտակ տունը նշեց, որ Համասի պատասխանը օգտակար է եւ Ուաշինկթըն այժմ անոր արժեւորումը կը կատարէ:

«Արապիա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճեֆրի Ֆլէյք յայտնած է. «Անգարայէն խնդրեցինք գերիներու փոխանակման գործարքին վերաբերեալ պատգամ մը յղել Համասին»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երէկ Տոհայի մէջ Քաթարի վարչապետին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Համասի առաջարկած կարգ մը բարեփոխումներուն վրայ կարելի է աշխատիլ, իսկ կարգ մը այլ բարեփոխումները կարելի չէ ընդունիլ»:

«Սեղանին վրայ դրուած գործարքը 6 մայիսին Համասի առաջարկած գործարքին համապատասխան է», ըսաւ Պլինքըն` աւելցնելով. «Համաս առաջարկին վերաբերեալ շարք մը բարեփոխումներ առաջարկեց, եւ այդ բարեփոխումները քննարկեցինք»:

«Պիտի շարունակենք Քաթարի եւ Եգիպտոսի մեր գործընկերներուն հետ աշխատանքը` փորձելով նոր գործարքին շուրջ համաձայնութեան հասնիլ», շեշտեց ան:

«Յառաջիկայ շաբաթներուն պատերազմի աւարտէն ետք Կազայի մէջ իշխելու կերպին շուրջ գաղափարներ պիտի ներկայացնենք», յայտնեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` նշելով. «Համասին պիտի չարտօնուի այս շրջանի ճակատագիրն ու ապագան որոշել»:

«Համաս կ՛ուզէ (Կազայի վերաբերեալ առաջարկին վրայ) բազմաթիւ փոփոխութիւններ կատարել, անոնցմէ մէկ քանին ընդունելի են, իսկ ուրիշներ` անընդունելի: Իսրայէլ առաջարկը ինչպէս որ է ընդունեց, սակայն Համաս զայն մերժեց», ըսաւ Պլինքըն` աւելցնելով. «Համասն է, որ գործարքի չհասնելու եւ իր սկսած պատերազմի բեռը կը կրէ»:

Համասի պաշտօնական բանբեր Ժիհատ Թահա «Նաշրա»-ին յայտնեց, որ պատասխանը Համասի եւ Իսլամական Ժիհատի կողմէ յանձնուած է` այս հարցին շուրջ միացեալ կեցուածքը ընդգծելու համար:

Թահա ըսաւ, որ ներկայացուած բարեփոխումները կը ներառեն մնայուն զինադադարի հաստատման եւ Կազայէն իսրայէլեան ուժերու ամբողջական հեռացման կառչածութիւնը, ուստի անհրաժեշտ է իսրայէլեան կողմէն այդ առնչութեամբ երաշխիքներ ստանալ:

Ան նշեց, որ Համաս կը յուսայ, որ այդ բարեփոխումները նկատի կ՛առնուին, սակայն աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի առաջարկին նկատմամբ Համասի ցուցաբերած ճկունութենէն ու դրական մօտեցումէն եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որդեգրած որոշումէն ետք, իսրայէլեան կողմը ժամանակ կը վատնէ եւ կը ջանայ խոչընդոտներ ստեղծել:

Թահա յայտնեց, որ զինադադարին շուրջ համաձայնութեան գոյացումէն ետք, այժմ կարգը գերիներու փոխանակման գործարքին է, որուն շուրջ բանակցութիւններու կարիք կայ: Ան շեշտեց, սակայն, որ շարժումը պատրաստ է բոլոր մանրամասնութիւնները քննարկելու:

Նախորդը

Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերու Համակարգուած Ռազմափորձեր

Յաջորդը

Փենթակոն. «Օսթին Կալանթի Հետ Քննարկեց Իսրայէլ-Լիբանան Սահմանին Վրայ Լարուածութիւնը Մեղմացնելու Համար Թափուող Ջանքերը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.