Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սահմաններ Եւ Ժողովրդագրութիւն

Յունիս 12, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատարին յայտարարութիւնը Հայաստանի հետ իր երկրի սահմանամերձ շրջաններուն մասին քանի մը հետեւութիւն արձանագրել կու տայ:

Նախ նշենք, որ նախարարի գործակատարի մակարդակով կատարուած յայտարարութիւն է, հետեւաբար ակնկալելի չէ բեկումնային որեւէ նորութիւն: Երկրորդ, նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին է, հետեւաբար դարձեալ շրջադարձային որեւէ նոր հունաւորում պէտք չէ որոնել: Ի վերջոյ պարզ է, որ արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները կը ճշդուին հոգեւոր պետով մարմնաւորուած համակարգով, խորքային պետութեամբ եւ ոչ թէ նախագահով կամ նախարարով, որոնք այս պարագային որոշուածը իրականացնողի դեր ունին:

Հիմա տեսնենք, թէ ճիշդ ի՞նչ ըսած է նախարարի գործակատարը:

«Մենք (Իրանը) կ՛աջակցինք որեւէ  նախաձեռնութեան, որ  կ՛օգնէ տարածաշրջանի զարգացման, բայց չենք ընդունիր որեւէ նախաձեռնութիւն, որ կը փոխէ տարածաշրջանի ժողովրդագրութիւնը եւ տարածաշրջանի սահմանները»:

Պէտք է արձանագրել, որ նախարարի գործակատարը կը պատասխանէ «Սի. Էն. Էն. Թուրք»-ի լրագրողին հարցումին, որ կը վերաբերի «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին:

Այս պատասխանէն այնպէս կը հասկցուի, որ զանգեզուրեան միջանցքի ծրագիրը կոչուած է փոխելու տարածաշրջանի սահմանները եւ ժողովրդագրութիւնը:

Աշխարհաքաղաքական է ուրեմն նախագիծը, ըստ իրանցի դիւանագէտին, եւ չի վերաբերիր միայն Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին: Նման նախագիծի իրականացում կը փոխէ ամբողջ տարածաշրջանի սահմանները: Յիշենք անմիջապէս, որ այս նախագիծը բանաձեւուած էր նոյեմբերեան յայտարարութեան 9-րդ կէտով` իբրեւ տարածաշրջանի ապաշրջափակում:

Բնականաբար յայտարարուածը իրանեան ընդդիմութեան վերահաստատումն է այս ծրագիրին: Կայ սակայն երկրորդ կարեւոր բաղադրիչ մը, որ առաջին անգամ կը հաւասարեցուի սահմաններու փոփոխութեան վտանգին հետ: Առաջին անգամն է, որ Թեհրանը դէմ կ՛արտայայտուի ժողովրդագրական փոփոխութեան փորձերուն:

Տրուած ըլլալով, որ հարցումը «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի մասին է, հետեւաբար ժողովրդագրութեան փոփոխութեան գօտին Սիւնիքն է առաջին հայեացքով:

Փաստօրէն Պաքուի առաջ քշած «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի վերահաստատման նպատակով ազրպէյճանցի «փախստականներ» նախ եւ առաջ Սիւնիք տեղաւորելու ծրագիրին մասին է իրանցի դիւանագէտին ակնարկը:

Հետեւցնենք ուրեմն, որ նախագահի ընտրութենէն ետք նշանակուելիք արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւններուն մէջ հաւասար զուգահեռներով պիտի արծարծուի Թեհրանի մերժումը Սիւնիքի մէջ, սկսելու համար, ազրպէյճանցիներ վերաբնակեցնելու Պաքուի ծրագիրներուն դէմ:

«Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ը ուրեմն սպառնալիք է ուղղուած Իրանին. յատկապէս երբ մտաբերենք Իրանի մէջ ապրող ազերիական ծագումով ստուար զանգուածի առկայութիւնը:

Իրանցի դիւանագէտը կը խօսի սակայն տարածաշրջանի ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան դէմ: Ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութիւնը գրանցուեցաւ Արցախի ամբողջական հայաթափումով: Հայաթափուած Արցախի տարածքներուն վրայ այսօր կը գործեն իսրայէլեան ռազմական յենակէտեր, որոնք սպառնալիք են Իրանին: Թեհրան, օրին ողջունեց Ազրպէյճանի կողմէ «իր տարածքներու ազատագրում»-ը:

Ազրպէյճանական այդ գործողութիւնները աւարտեցան տարածաշրջանի ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան առաջին փուլի իրականացումով: Հիմա «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի  ծրագիրը նոյն քաղաքականութեան երկրորդ փուլն է: Առաջինը ողջունելէ ետք Իրան կը հակադրուի երկրորդին: Բայց որպէսզի չիրականանայ երկրորդ փուլը, Իրանը պէտք է հանդէս գայ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքի պաշտպանութեան դիրքերէն:

«Ա.»

 

Նախորդը

Բագրատ Սրբազան. «12 Յունիսին, Ժամը 15:00-ին, Շատ Մեծ Թիւերով Պէտք Է Հաւաքուինք, Ընելիք Ունինք»

Յաջորդը

Հետաքրքրական. Կեղծանունի Մը Պատմութիւնը Ակսել Բակունց

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?