Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Յունիս 13, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ՀՅԴ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ Թէյմուր Ժոմպլաթի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, երեսփոխաններ Հատի Ապուլ Հըսն, Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Զաֆեր Հասան եւ Հուսամ Հարպ:

Երեսփոխան Ապուլ Հըսն խորհրդակցութիւններէն ետք վերահաստատեց, որ նախագահական թղթածրարի լուծումը կ՛ենթադրէ անկեղծ վերաբերում, բարի կամեցողութիւն եւ նպաստաւոր պայմաններու հասունացում: «Պարտաւոր ենք ի գործ դնել ամէն ճիգ մղելու քաղաքական կողմերը, որ պատրաստ ըլլան օգտուելու եւ արդիւնաւորելու շրջանային եւ միջազգային նպաստաւոր պահէն, երբ այդ պահը գայ», աւելցուց ան: Ապուլ Հըսն հաստատեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հասարակաց յայտարարներէն է բոլոր կողմերու հանդիպման եւ անոնց միջեւ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտող մօտեցումը:

Երեսփոխան Բագրատունի իր կարգին դիտել տուաւ, որ Լիբանան չի կրնար անվերջօրէն արտաքին կողմերուն ապաւինած սպասել լուծումի: «ՀՅ Դաշնակցութիւնը կողմնակից է երկխօսութեան ու անոր միջոցով հարցերու լուծման. այդ երկխօսութեան ձեւաչափը չէ հիմնականը. կարեւորը այն է, որ քաղաքական կողմերը պատրաստակամ ըլլան լուծումի մը հասնելու», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ Լիբանանի շահերը պէտք է գերադասել ամէն այլ շահէ:

Նախորդը

Քանի. «Սիոնականներուն Կը Յորդորեմ Կազայի Փոսէն Լիբանանի Ջրհոր Չփոխադրուիլ»

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

RelatedPosts

Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային  Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական  Ժողովներու Լիակատար Նիստերը
Գաղութային

Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական Ժողովներու Լիակատար Նիստերը

Յունիս 13, 2025
Նախագահ Աունն Ու Առաջին Տիկինը Այսօր  Հանդիպում Կ՛ունենան Լեւոն ԺԴ. Պապին Հետ
Լիբանանեան

Նախագահ Աունն Ու Առաջին Տիկինը Այսօր Հանդիպում Կ՛ունենան Լեւոն ԺԴ. Պապին Հետ

Յունիս 13, 2025
Նաքուրա Այցելելով`  «Կ՛ընդգծենք ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը Առանց  Բարեփոխման Վերանորոգելու Անհրաժեշտութիւնը,  Եւ Կը Յուսանք, Որ Այդ Ուղղութեամբ  Ջանքերը Կը Յաջողին»  Կ՛ըսէ Պաշտպանութեան Նախարարը
Լիբանանեան

Նաքուրա Այցելելով` «Կ՛ընդգծենք ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը Առանց Բարեփոխման Վերանորոգելու Անհրաժեշտութիւնը, Եւ Կը Յուսանք, Որ Այդ Ուղղութեամբ Ջանքերը Կը Յաջողին» Կ՛ըսէ Պաշտպանութեան Նախարարը

Յունիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?