Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ելեկտրականութեան Տագնապ. Ալճերիա Օգնութեան Կը Փութայ

Օգոստոս 19, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը շաբաթ օր յայտարարեց, որ շաբաթ կէսօրին վառելանիւթի սպառման պատճառով Զահրանիի ելեկտրակայանին մէջ տակաւին գործող վերջին շարժակը դադրած է գործելէ, եւ այս պատճառով ալ Լիբանանի բոլոր տարածքները զրկուած են ելեկտրականութեան մատակարարումէ:

Զահրանիի մէջ քարիւղի զտարանի տնօրէն Զիատ Զէյն երէկ յայտարարեց, որ երէկ արշալոյսին ժամը 3:00-ին սկսած է գործարանը Զահրանիի ելեկտրակայանին կապող խողովակի ճամբով ելեկտրակայանին 5 միլիոն լիթր քարիւղի իբրեւ փոխատուութիւն մղումը` աւելցնելով, որ կը նախատեսուի, թէ ելեկտրականութիւնը միայն կենսական կառոյցներուն մատակարարուի:

Ըստ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին, Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը համաձայն գտնուած է Զահրանիի ելեկտրակայանին Զահրանիի քարիւղի գործարանէն 5 հազար քիլոլիթր մազութ փոխանցել` սպասելով 30 հազար թոն մազութով բեռցուած նաւ մը նուազուրդի ճամբով Լիբանան բերելուն:

Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը այդ մազութին գինը պիտի վճարէ գանձումներէն իր ապահոված գումարներով:

Ուժանիւթի նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ երէկ յայտարարեց. «Շուրջ կէս գիշերին Զահրանիի ելեկտրակայանը վերստին պիտի գործէ ցած կարողականութեամբ, որ կրնայ 150 մեկաուաթի հասնիլ, որովհետեւ Զահրանիի քարիւղի զտարանէն ստացած է շուրջ 2000 թոն մազութ իբրեւ առաջին փուլ, եւ յառաջիկայ օրերուն յաւելեալ 2000 թոն պիտի ստանայ»:

Ֆայեատ ըսաւ, որ ատիկա պիտի արտօնէ մէկ շաբաթ ելեկտրականութիւն մատակարարել կենսական կեդրոններու, նախ եւ առաջ` օդակայանին, «այն յոյսով, որ Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը պիտի որդեգրէ կազ օյլի յաւելեալ քանակ ապահովելու որոշում մը»:

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Ալճերիոյ վարչապետ Նազիր Արպաուի հեռաձայնած է վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին եւ անոր հետ քննարկած երկու երկիրներու յարաբերութիւնները:

Ալճերիոյ վարչապետը զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ իր երկիրը կը զօրակցի Լիբանանին ու անոր կողքին կը կանգնի, ինչպէս նաեւ Միքաթիին ըսած է, որ Ալճերիոյ նախագահ Ապտելմաժիտ Թիպոնի ցուցմունքով Լիբանանին անմիջապէս պիտի տրամադրուի քարիւղ` օգնելու համար, որ ան շրջանցէ ելեկտրականութեան ոլորտին մէջ իր ներկայ տագնապը:

Միքաթի Ալճերիոյ նախագահին շնորհակալութիւն յայտնած է իր այս նախաձեռնութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած իր ալճերիացի պաշտօնակիցին` Ալճերիոյ բոլոր ոլորտներուն մէջ միշտ Լիբանանի կողքին կանգնելուն համար:

Նախորդը

Լամի Եւ Սեժուռնէ Իսրայէլին, Հըզպալլային Եւ Լիբանանին Կոչ Կ՛ուղղեն Լարուածութիւնը Դիւանագիտական Միջոցներով Հանդարտեցնելու Համար Բանակցելու

Յաջորդը

Սուրբ Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Նշում` Պիքֆայայի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?