Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՔՈՓ29-ի Հարցով Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած Դեսպաններուն

Օգոստոս 17, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ձեռնարկած է կենսոլորտի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի 29-րդ խորհրդաժողովի` ՔՈՓ29-ի հարցով արշաւի մը, որուն ծիրին մէջ նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Սպանիոյ, Չինաստանի, Եւրոպական Միութեան, Իտալիոյ, Զուիցերիոյ, Նետերլանտներու, Յունաստանի, Դանիոյ, Աւստրիոյ, Գերմանիոյ, Պուլկարիոյ, Ճափոնի, Շուէտի, Ուրուկուէյի, Չիլիի, Արժանթինի, Քանատայի, Քուէյթի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Մալեզիոյ դեսպաններուն:

Հայ դատի մարմինը դեսպաններուն ուշադրութեան յանձնեց, որ կենսոլորտի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի 29-րդ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Ազրպէյճանի մէջ, «երկրի մը մէջ, որ տակաւին վերջերս ցեղային զտում գործեց Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդին դէմ: Ազրպէյճանը սովի մատնելու, ռմբակոծման, չհրահրուած յարձակում եւ վախի մթնոլորտի տարածման ճամբով ցեղասպանական արշաւ վարած է»:

«(…)Հայ պատանդներու եւ պատերազմական գերիներու Պաքուի բանտերուն մէջ պահուիլը ուժեղ զգուշացում մըն է անոնց, որոնք կը մտածեն կիրարկել միջազգային օրէնքին մէջ ամրագրուած վերադարձի իրենց իրաւունքը:

«Ուստի Ազրպէյճանի կողմէ նոյեմբերի ձեռնարկին «Խաղաղութեան ՔՈՓ» պիտակաւորումը առնուազն զզուելի է եւ ցնցիչ, որովհետեւ կը նպատակադրէ ջատագովել նախայարձակումի եւ ցեղասպանութեան ճամբով խաղաղութեան հասնելու գաղափարը:

«Այդ իրողութիւնը առանձին բաւարար պատճառ պէտք է ըլլայ այդպիսի ձեռնարկի մը մասնակցելու նկատմամբ լուրջ վերապահութիւն ունենալու համար, սակայն միակ պատճառը չէ, որովհետեւ գոյութիւն ունին Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ողբալի կացութիւնն ու Ազրպէյճանի ուժանիւթային քաղաքականութեան առնչուած խնդիրներ, որոնք համաշխարհային կենսոլորտին վնասակար են եւ կը հակասեն ձեռնարկի ամբողջ նպատակին», գրեց Հայ դատի մարմինը:

Հայ դատի մարմինը վերադառնալով Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատանդներու հարցին նշեց, որ անոնց ու քաղաքական բանտարկեալներու առանց նախապայմանի ազատ արձակումը դէպի արդարութիւն տանող միակ կենսունակ ուղին է:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր նամակը եզրափակելով նշեց. «Մեր ակնկալութիւնն է, որ

ա-Ձեր կառավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ իր մասնակցութիւնը կեղծ վեհաժողովի մը երկրի մը մէջ, որ կենսոլորտի փոփոխութեան դէմ պայքարին մէջ հակադիր կողմին վրայ է եւ այդ փոփոխութեան ուժեղ կերպով սատարողներէն մէկը. խորհրդաժողովի մը, որ իսկութեան մէջ կը նպատակադրէ թաքցնել արատները ցեղասպանագործ բռնատիրութեան մը եւ զայն ողջունելու իբրեւ խաղաղութեան ջատագով մը, եւ կամ

բ-Այդ առիթը պիտի օգտագործէ մարդու իրաւունքներու վերոնշեալ հարցերը արծարծելու համար»:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը յառաջիկայ օրերուն ընթացքին պիտի շարունակէ այս նամակը Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած մնացեալ դեսպաններուն յղելու աշխատանքը:

 

Նախորդը

Աղօրհնէք Եւ Հայրապետական Օրհնութիւն` Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

Յաջորդը

«Պատմութիւնը Վերաշարադրելու Փորձերը Չեղեալ Պիտի Նկատեն Հայաստան-Ռուսիա Դարաւոր Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?