Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համաս. «Այն, Ինչ Որ Վերջերս Մեզի Ներկայացուած Է, Յեղաշրջում Է Կողմերուն 2 Յուլսին Գոյացուցածին, Որ Ինքնին Հիմնուած Է Պայտընի Յայտարարութեան Վրայ»

Օգոստոս 21, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան Համաս շարժումը երէկ յայտարարեց. «Մենք խիստ զարմանքով ու դժգոհութեամբ հետեւեցանք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւններուն, որոնց ընդմէջէն ան պնդեց, թէ շարժումը ետդարձ կը կատարէ Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութենէն, այդ ալ անոր արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի վերջին առաջարկը ընդունելու կոչէն ժամեր ետք»:

«Պայտընի եւ Պլինքընի յայտարարութիւնները ապակողմնորոշող պնդումներ են եւ յարձակումի դադրեցման նախանձախնդիր շարժումին իսկական կեցուածքը չեն արտացոլացներ», նշեց Համաս` այդ յայտարարութիւնները նկատելով «սիոնական ծայրայեղական կառավարութեան անզէն քաղաքայիններու դէմ, ցեղասպանութեան եւ մեր ժողովուրդի տեղահանման նպատակով յաւելեալ ոճիրներ գործելու կանաչ լոյս»:

«Այն, ինչ որ վերջերս շարժումին ներկայացուեցաւ, յեղաշրջում է կողմերուն 2 յուլիսին գոյացուցածին, որ հիմնուած է 31 մայիսին ինքնին Պայտընի կողմէ յայտարարուածին եւ 11 յուլիսին Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2735 որոշումին վրայ, ինչ որ ամերիկեան ընդառաջում եւ ենթակայութիւն է Նեթանիահուի ահաբեկչական նոր պայմաններուն եւ Կազայի նկատմամբ անոր ոճրային ծրագիրներուն», յայտարարեց Համաս:

Համաս մէկ օր առաջ յայտարարեց. «Ընդունեցինք Պայտընին առաջարկը, եւ ամերիկեան վարչակազմը ձախողեցաւ զայն ընդունելու համոզել Նեթանիահուն»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, սակայն, Իսրայէլի մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Վարչապետ Նեթանիահուն հաւանութիւն տուած է (Միացեալ Նահանգներու) լրացուցիչ առաջարկներուն, եւ մենք կ՛ակնկալենք, որ Համաս նոյնը պիտի ընէ»:

Ան աւելցուց, որ Կազայի մէջ զինադադարի մասին համաձայնագիրի նախագիծը կ՛արտացոլացնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ մայիսին յայտարարուած առաջարկները եւ իբրեւ վերջնական նպատակ կը ներառէ զինուորական գործողութիւններու փուլային դադրեցում ու ամբողջական զինադադար:

«Նախնական զինադադարը պիտի տեւէ վեց ամիս, անիկա կը նախատեսէ գերիներու ազատ արձակում եւ գերիներու փոխանակում, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններու սկիզբ մնայուն զինադադարի պայմաններու շուրջ», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ եւ դիւանագէտներ Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին. «Կը նախատեսուի, որ Գահիրէի մէջ որոշուած բանակցութիւնները մինչեւ շաբաթավերջ յետաձգուին` հաղորդակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չարձանագրուելուն պատճառով»:

Իսրայէլեան քաղաքական աղբիւր մը իր կարգին Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ֆիլատելֆիա միջանցքէն դուրս չգալու Իսրայէլի ապահովական կարիքներուն նկատմամբ հասկացողութիւն ցուցաբերեց»:

Աղբիւր մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած է, որ մեծագոյն մարտահրաւէրը Համասը բանակցութեան սեղան բերելն է, այլապէս շաբաթավերջին ժողով գումարելը անօգուտ է:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան կառավարութեան նիստի սկիզբը յայտարարեց. «Իսրայէլ պատրաստ է որեւէ սպառնալիք դիմակայելու, պաշտպանողական դիրքէ, ինչպէս նաեւ յարձակողականի դիմելով, եւ մենք վճռական ենք մենք մեզ պաշտպանելու, նաեւ վճռական` շատ սուղ գին գանձելու որեւէ թշնամիէ, որ պիտի յանդգնի մեր վրայ յարձակիլ, եւ որեւէ կողմէ որ ալ այդ ըլլայ»:

«Ատոր զուգահեռ, բանակցութիւններ կը վարենք գերիներու ազատագրման համար, եւ ասիկա նախ եւ առաջ բարոյական ու ազգային առաքելութիւն է: Շատ դժուար բանակցութիւններ կը վարենք, մինչ դիմացի կողմը կը գտնուի անսկզբունք, արիւնարբու ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը, որ կը մերժէ համաձայնութիւնը», նշեց Նեթանիահու:

«Կան հարցեր, որոնց նկատմամբ կրնանք ճկուն ըլլալ, եւ հարցեր, որոնց նկատմամբ չենք կրնար ճկուն ըլլալ, եւ մենք անոնց վրայ կը պնդենք եւ կրնանք երկուքը իրարմէ զատորոշել: Մենք բուռն կերպով կը պնդենք մեր ճշդած սկզբունքներուն վրայ, որոնք Իսրայէլի անվտանգութեան համար կարեւոր են: Այդ սկզբունքները համահունչ են զինադադարի հաստատման եւ գերիներու փոխանակման իսրայէլեան առաջարկին, որ ամերիկեան զօրակցութեան արժանացաւ», ըսաւ Իսրայէլի վարչապետը:

«Համաս մինչեւ հիմա կառչած կը մնայ իր մերժումին, եւ մինչեւ իսկ Տոհայի բանակցութիւններուն պատուիրակ չուղարկեց, ուստի պէտք է Համասի եւ Սընուարի վրայ ճնշում բանեցնել: Զինուորական մեծ ճնշումը եւ քաղաքական մեծ ճնշումը միակ միջոցներն են ազատագրելու մեր առեւանգեալները», յայտնեց Նեթանիահու:

Քաղաքական աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին յայտնեց, որ Պլինքըն Նեթանիահուի եւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի վրայ ճնշում կը բանեցնէ գործարքի կնքման համար զիջումներ կատարելու:

Աղբիւրը յայտնած է. «Ֆիլատելֆիա միջանցքէն կրնան հեռանալ, սակայն Նեթանիահուն այն կարծիքը ունի, որ այդտեղ չենք կրնար վերադառնալ»` աւելցնելով, որ Պլինքըն հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ Ֆիլատելֆիա միջանցքէն ամբողջովին չհեռանալու Իսրայէլի պահանջին առնչութեամբ:

Բարձրաստիճան աղբիւր մը «Գահիրա Իխպարիա»-ին հետ զրոյցի ընթացքին հերքած է իսրայէլեան լրատուամիջոցներու պնդումները, թէ Եգիպտոս համաձայն է իսրայէլեան ուժերուն Ռաֆահ անցակէտին եւ Ֆիլատելֆիա միջանցքին մէջ մնալուն: «Այդ լուրերը անհիմն են», նշած է ան:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած են, թէ Կալանթ եւ իսրայէլացի բանագնացները զգուշացուցած են համաձայնութիւնը մինչեւ իր բոլոր պահանջներու բաւարարումը ուշացնելէն` յայտնելով, որ ատիկա գերիներուն կեանքերը կը վտանգէ եւ շրջանային պատերազմի հաւանականութիւնը կը բարձրացնէ:

Իսրայէլացի պաշտօնատարները «Աքսիոս»-ին աւելցուցած են, որ Նեթանիահու մերժած է բանակցող պատուիրակութեան համաձայնութիւն գոյացնելու բաւարար ազատութիւն տալ:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան շրջանային բանբեր Սամուէլ Ուորպըրկ յայտնեց, որ Համասը Կազայի ապագային մէջ որեւէ դերակատարութիւն պիտի չունենայ` նշելով. «Պաղեստինցի ժողովուրդը ինքն է, որ կ՛ընտրէ պաղեստինեան որեւէ կառավարութեան մէջ զինք ներկայացնողը»:

Ան «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ կարելի եղածին չափ շուտ հասնիլ Կազայի մէջ պատերազմի աւարտին` նշելով. «Բացերը կամրջելու համար նոր առաջարկ մը ներկայացուցինք»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը շեշտեց. «Միացեալ Նահանգներ նկատի պիտի ունենան Եգիպտոսի ապահովական մտավախութիւնները»:

Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը հաղորդեց, որ Նեթանիահու յայտարարած է. «Հակառակ մեծ ճնշումներուն, Ֆիլատելֆիա եւ Նեցարիմ ճակատներէն բացարձակապէս պիտի չհեռանանք»:

 

 

Նախորդը

Դեմոկրատական Կուսակցութեան Ընդհանուր Ժողովի Բացում. Պայտըն Կը Խոստանայ Վերջ Տալ Կազայի Պատերազմին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ժամանակացոյցի Եւ Ժամկէտի Խնդիրը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ժամանակացոյցի Եւ Ժամկէտի Խնդիրը

Յուլիս 10, 2025
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ  Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում

Յուլիս 10, 2025
ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Մոսկուայի Մէջ  Քննարկած Են Շրջանային  Անվտանգութեան Առնչուող Հարցեր
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Մոսկուայի Մէջ Քննարկած Են Շրջանային Անվտանգութեան Առնչուող Հարցեր

Յուլիս 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?