Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն կիրակի երեկոյեան հասաւ Իսրայէլ: Կը նախատեսուի, որ ան Իսրայէլ այցելութեան աւարտին միջինարեւելեան շրջապտոյտի ծիրին մէջ ուղղուի Եգիպտոս:
Ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը դէպի Թել Աւիւ թռիչքի ընթացքին լրագրողներուն յայտնած է, թէ Կազայի մէջ զինադադարի եւ գերիներու ազատ արձակման բանակցութիւնները հասած են «շրջադարձի կէտ»` աւելցնելով, որ Պլինքըն բոլոր կողմերուն կ՛ընդգծէ այդ համաձայնութեան հասնելու կարեւորութիւնը:
«Կը կարծենք, որ ասիկա վտանգաւոր պահ է», ըսած է պաշտօնատարը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը երէկ առաւօտեան հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցոկի հետ:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը հանդիպումի ընթացքին, մեկնաբանելով Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման շուրջ ընթացող բանակցութիւնները, յայտարարեց. «Վճռորոշ պահն է, հաւանաբար գերիները տուն դարձնելու, զինադադար հաստատելու եւ բոլորը դէպի մնայուն խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն տանող ճամբուն վրայ դնելու լաւագոյն եւ թերեւս վերջին առիթը»:
Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ մեկնաբանելով Պլինքընի յայտարարութիւնը ըսաւ. «Երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն այս առտու կ՛ըսէ` «ասիկա կրնայ համաձայնութեան հասնելու վերջին առիթը ըլլալ», ապա ատիկա Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին ուղղուած կոչ է` «այս առիթը մի՛ փախցներ, զանոնք (գերիները, «Ա.») լքեցիր, եւ պարտաւորութիւնդ է զանոնք վերադարձնել: Եթէ չվերադառնան, մեր վէրքերը պիտի չդարմանուին»:
Պլինքըն նաեւ հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց. «Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն շեշտը դրաւ պատանդներու ազատ արձակումը ներառող զինադադարի համաձայնութեան գոյացման կարիքին վրայ»:
«Պլինքըն Թել Աւիւի մէջ Իսրայէլի վարչապետին անգամ մը եւս վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու Իսրայէլի անվտանգութեան նկատմամբ հաստատ յանձնառութիւնը», նշեց նախարարութիւնը:
Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը իր կարգին հաղորդեց. «Նեթանիահուի եւ Պլինքընի միջեւ ժողովը դրական էր եւ երեք ժամ տեւեց»:
«Վարչապետը Պլինքընին յայտնեց, որ Իսրայէլ յանձնառու է Այսրյորդանանի վերաբերեալ ամերիկեան առաջարկին», նշեց գրասենեակը:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին. «Նեթանիահու վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը ամերիկեան առաջարկին նկատմամբ, որ նկատի կ՛ունենայ ապահովական կարիքները, որոնց վրայ ինք կը պնդէ»:
«Սքայ Նիուզ»-ի համաձայն, Նեթանիահու Պլինքընին յայտնած է, թէ այս շաբթուան ընթացքին բանակցութիւններու մասնակից իսրայէլեան պատուիրակութիւնը դարձեալ Գահիրէ պիտի ուղարկէ:
Պաղեստինեան աղբիւր մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ամերիկեան նոր առաջարկը կը ներառէ Ֆիլատելֆիա միջանցքին բռնագրաւման շարունակումն ու իսրայէլեան բանակի ներկայութեան կրճատումը»: Աւելի՛ն. «Ամերիկան առաջարկը Կազայէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացում չի ներառեր»:
Ըստ ամերիկեան առաջարկին, եթէ Համաս իսրայէլեան պահանջներուն չընդառաջէ, իսրայէլեան կողմը երկրորդ փուլին կը վերադառնայ պատերազմին: