Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուան Պատրաստ Է Մասնակցելու Պաքուի Եւ Երեւանի Յարաբերութիւններու Կարգաւորման. Ռուսական Հարթակը Ընդունելի Է Պաքուի Համար

August 20, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան պատրաստ է մասնակցելու Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Այս մասին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` շեշտելով, որ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութեան կարգաւորումը հանդիպումին նիւթերէն մէկն է:

«Ռուսիոյ պատմական ներգրաւուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ, ներառեալ վերջին տարիներուն, մեզի այդ իրադարձութիւններուն մասնակցելու անհրաժեշտութիւնը կը թելադրէ, ի հարկէ այնքանով, որքանով շահագրգռուած են կողմերը: Եթէ մենք բան մը կրնանք ընել, որպէսզի հասնինք խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան, գործը հասցնենք սահմանազատման եւ սահմանագծման, գումակային համապատասխան ուղղութիւններու եւ տնտեսութեան ապաշրջափակման, ապա մենք շատ ուրախ պիտի ըլլանք ատոր համար», ըսած է Փութին:

Ան նաեւ յայտնած է, որ Ազրպէյճան այցելութենէն ետք պիտի կապուի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ պիտի պատմէ Ալիեւի հետ բանակցութիւններու արդիւնքներուն մասին:

Ռուսիոյ նախագահը 18 օգոստոսին երկօրեայ պետական այցելութեամբ մեկնած էր Պաքու:

Ալիեւ իր կարգին յայտնած է. «Կ՛ուզեմ նշել, որ մենք շատ գոհ ենք մեր երկիրներու համագործակցութեան մակարդակէն: 2022-ի փետրուարին մեր կողմէ ստորագրուած դաշնակցային համագործակցութեան հռչակագիրը յաջողութեամբ կը գործադրուի, կը տեսնենք դրական ընթացք, լաւ թիւեր` թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ալ տնտեսական ոլորտին մէջ:

«Մենք կը համագործակցինք թէ՛ ուժանիւթային, թէ՛ ալ փոխադրամիջոցային ոլորտներուն մէջ` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով մարդասիրական կապերուն, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ ոլորտներու»:

Պայրամով. «Բանակցութիւններու Ռուսական
Հարթակը Ընդունելի Է Պաքուի Համար»

Բանակցութիւններու ռուսական հարթակը ընդունելի է Պաքուի համար: Այս մասին ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին` պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ որքանո՞վ ուժեղ է Ռուսիոյ դերը տագնապներու լուծման կարգաւորման գործին մէջ եւ Պաքուն Մոսկուայէն ի՞նչ կ՛ակնկալէ, ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:

Պայրամով նշած է Փութինի դերը 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ետք ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն մէջ, յիշեցուցած յետպատերազմեան ժամանակահատուածին մէջ Ռուսիոյ մասնակցութեամբ բազմաթիւ հայ-ազրպէյճանական հանդիպումներու մասին:

«…Բանակցային հոլովոյթին ձեւաչափը. մենք բաց ենք ատոր համար: Այդ նպատակով մենք կ՛օգտագործենք ուղիղ երկկողմանի ձեւաչափ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ: Մենք երբեք չենք հրաժարած նաեւ տարբեր հարթակներէն: Ռուսիոյ հարթակը մեզի համար միշտ ընդունելի եղած է, եւ բնականաբար այսուհետեւ եւս մենք պատրաստ ենք օգտագործել տուեալ հարթակը», ըսած է Պայրամով` նշելով, որ վերջին շրջանին Երեւանը անհամաձայնութիւն յայտնած է այդ հարթակին:

Նախորդը

Քենաանի. «Իրանն Ու Հայաստանը Կարեւոր Կը Նկատեն Շրջանին Մէջ Եւ Սահմաններուն Վրայ Կայունութեան Եւ Անվտանգութեան Հաստատումը»

Յաջորդը

Խմբագրական. ՔՈՓ29-ին Ընդառաջ` Լիբանանէն Տարուող Աշխատանքները

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին  Աջակցութեան Խորհրդաժողովի  Նախապատրաստական Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Ժողով

September 18, 2026
Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա  Բ. Եռակողմ Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա Բ. Եռակողմ Ժողով

September 18, 2026
Քոնկրեսականներ Արցախցիներու Վերադարձին  Եւ Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Կոչեր Ուղղեցին
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսականներ Արցախցիներու Վերադարձին Եւ Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Կոչեր Ուղղեցին

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.