Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն. «Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համաձայնութեան Հասնիլը Տակաւին Կարելի Է»

August 20, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց. «Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան հասնիլը տակաւին կարելի է, եւ անձնատուր պիտի չըլլանք»:

Նշենք, որ պաղեստինեան Համաս շարժումը կիրակի գիշեր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն պատասխանատու նկատելով միջնորդներու ջանքերու ձախողութեան եւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան խոչընդոտման համար:

Համաս նշեց, որ Նեթանիահուի «Նեցարիմի դարձուածքի, Ռաֆահի անցքի եւ Ֆիլատելֆիա անցքի բռնագրաւումը շարունակել պնդելը, գերիներու փոխանակման թղթածրարին մէջ նոր նախապայմաններ ճշդելը եւ այլ կէտերէ նահանջ կատարելը «փոխանակման գործարքի ձեռքբերման արգելք կը հանդիսանան»:

Նեթանիահուի գրասենեակը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ Իսրայէլի վարչապետը «կը պնդէ Ֆիլատելֆիա ճակատին վրայ մնալուն եւ (ազատ արձակուելիք) ողջ գերիներու թիւը առաւելագոյն չափով աւելցնելուն վրայ»:

Ամերիկեան «Ֆորէյն ԸՖերզ» պարբերաթերթը լոյս ընծայեց երկու հրեայ-ամերիկացիներու` Իլան Պարոնի եւ Իլայ Սալցմանի կողմէ գրուած յօդուած մը, որուն մէջ անոնք կը յայտնեն, թէ Կազայի մէջ պատերազմէն ետք Իսրայէլին մութ ապագայ կը սպասէ, որովհետեւ անոր տնտեսութիւնը պիտի քայքայուի, եւ անիկա ձախող պետութեան պիտի վերածուի:

Միւս կողմէ, Քոլոմպիոյ նախագահ Կուսթաւօ Փիեթրօ հրապարակեց Իսրայէլին ածուխ արտածել արգիլող հրամանագիր մը, որ կը կրէ 14 օգոստոսի թուականը: Փիեթրօ այդպիսով կը փորձէ ճնշում բանեցնել Նեթանիահուի կառավարութեան վրայ, որպէսզի վերջ տայ Կազայի պատերազմին:

Յիշեցնենք, որ Փիեթրօ մայիսին խզած էր Իսրայէլի եւ իր երկրին միջեւ յարաբերութիւնները` Իսրայէլը ամբաստանելով պաղեստինցիներուն դէմ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով: Ան նաեւ դադրեցուցած էր իսրայէլեան արտադրութիւն եղող զէնքերու ներածումը, հակառակ այն իրողութեան, որ Իսրայէլ Քոլոմպիոյ զինեալ ուժերու զինման գլխաւոր աղբիւրներէն մէկն է:

 

 

Նախորդը

Թել Աւիւի Մէջ Բեռնակառքի Պայթում. Համաս Ստանձնեց Պատասխանատուութիւնը

Յաջորդը

Պլինքըն. «Վճռումի Պահն Է, Թերեւս Համաձայնութեան Վերջին Առիթը»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.