Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Իսրայէլեան Բանակին Եւ Բոլոր Զինեալ Ուժերուն Ցուցմունք Տուի Հիւսիսի Մէջ Կացութիւնը Փոխելու Պատրաստուելու»

Սեպտեմբեր 9, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց. «Իսրայէլեան բանակին եւ բոլոր զինեալ ուժերուն ցուցմունք տուի հիւսիսի մէջ կացութիւնը փոխելու պատրաստուելու»:

«Մենք պարտաւորուած ենք հիւսիսի բնակիչները ապահով կերպով իրենց տուները վերադարձնելու», աւելցուց Նեթանիահու:

Ապահովական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած է. «Լիբանանի մէջ զինուորական արշաւը կը մօտենայ, թէեւ անոր ժամկէտը տակաւին չէ ճշդուած»:

Բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իր կարգին պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Մեր դիմաց կան երկու ընտրանքներ` կա՛մ Կազայի մէջ համաձայնութեան հասնիլ, կա՛մ ալ բանակցութիւններու տապալում ու Հըզպալլայի դէմ պատերազմ»:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան խորհրդարանի` Քնեսեթի փոխնախագահ եւ արտաքին յարաբերութիւններու ու պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբի անդամ Նիսիմ Ֆաթուրի երէկ ձայնասփիւռի կայանի մը հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Մտադրութիւնը Կազայի մէջ առեւանգեալները վերադարձնելէ ետք Հիւսիսի մէջ պատերազմի ուղղուիլն է»:

Ան աւելցուցած է, որ ինք պատերազմի ժամանակ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը փոխելուն դէմ է, «սակայն այլընտրանքը չկայ, երբ հիւսիսը կը քայքայուի»:

Մեկնաբանելով Կալանթի այն խօսքը, թէ «Լիբանանը միջնադար պիտի վերադարձնենք», Ֆաթուրի ըսած է. «Պէտք է դադրինք խօսելէ ու սկսինք գործելու եւ անոնց ցոյց տանք իրենց արժանի եղածը: Պէտք է հիւսիսի մէջ մնանք եւ վերականգնենք անվտանգութիւնը, ասիկա պատերազմ մըն է, որուն սկիզբէն այլընտրանքը չկար»:

Խօսելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի մասին` ան ըսաւ. «Թերեւս զինք ոչնչացնենք, եթէ այլընտրանք չունենանք»:

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի ուրբաթ օր Իսրայէլի հիւսիսային սահմանէն յայտնած էր. «Կը կեդրոնանանք Հըզպալլայի դէմ կռիւին վրայ եւ կը պատրաստուինք յարձակողական գործողութիւններու»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը օգոստոսին յղում կատարելով ապահովական աղբիւրներու հաղորդած էր. «Այսրյորդանանի մէջ տեղակայուած ուժերը ի վնաս ուժերուն հիւսիսի տեղափոխման են»:

«Այսրյորդանանի գործողութիւնը պիտի չարտօնէ պատերազմի նպատակները արդիականացնել, ներառելով հիւսիսի բնակիչներուն տունդարձը»:

Նշենք, որ իսրայէլեան բանակը կը շարունակէ Այսրյորդանանի հիւսիսը գտնուող Ժենինի, Թուպասի եւ Թուլքարմի մէջ իր գործողութիւնները, որոնք 2002 թուականէն ի վեր մեծագոյնն են:

Նախորդը

Քաղաքային Պաշտպանութեան Հրշէջ Մեքենային Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում Մը 3 Զոհ Պատճառեց

Յաջորդը

Ազրպէյճանէն Իսրայէլեան Զինուորական Օդակայան Թռիչքները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?