Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կանց. «Ժամանակն Է, Որ Իսրայէլ Երկրի Հիւսիսին Մէջ Տիրող Կացութեամբ Զբաղի»

September 10, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի պատերազմական սեղմ խորհուրդի նախկին անդամ Պենի Կանց յայտարարեց. «Ժամանակն է, որ Իսրայէլ երկրի հիւսիսին մէջ տիրող կացութեամբ զբաղի»: Ան կոչ ուղղեց` Իրանը դիմակայելու:

Կանց Ուաշինկթընի մէջ Միջին Արեւելքի կացութեան քննարկման յատկացուած խորհրդաժողովի մը ընթացքին նշեց. «Հիւսիսի ժամը հնչեց, եւ իրականութեան մէջ կը կարծեմ, որ այս կէտին մէջ ուշացանք»:

Ան ըսաւ, որ Իսրայէլ «սխալ գործեց», երբ 7 հոկտեմբերէն ետք բնակիչները երկրի հիւսիսէն հեռացուց:

«Ամիսներէ ի վեր այն կարծիքին եմ, որ Կազայի մէջ գործելու բաւարար ուժեր ունինք, եւ պէտք է երկրի հիւսիսին մէջ տեղի ունեցողին վրայ կեդրոնանաք», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Կազայի մէջ արշաւին գծով վճռական կէտի հասանք եւ հոն ուզածնիս կրնանք ընել»:

«Պէտք է ձգտինք պատանդներու ազատ արձակման համաձայնութեան հասնիլ, եւ եթէ յառաջիկայ օրերուն կամ շաբաթներուն ընթացքին չկրցանք ատիկա ընել, ապա պէտք է հիւսիս ուղղուինք», շեշտեց Կանց:

«Չեմ կարծեր, որ կարիքը կայ աւելի սպասելու, ատիկա ընելու կարողութիւնը ունինք, ներառեալ անհրաժեշտութեան պարագային Լիբանանը հարուածելու միջոցով», շեշտեց ան:

«Իսկական խնդիրը Իրանն է: Համասը հին պատմութիւն է, իսկ Իրանը, ամբողջ շրջանին մէջ անոր գործակատարները, եւ այն, ինչ որ կը փորձեն ընել, այդ է իսկական խնդիրը», ըսաւ Կանց:

 

Նախորդը

Զգուշացնելով Շրջանային Մեծ Պատերազմէ Մը` «Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Միջեւ Ճակատումը Հասաւ Շատ Վտանգաւոր Մակարդակի» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

«Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Միջեւ Ամբողջական Պատերազմի Ծագումը Օրերու Հարց Է» Կ՛ըսէ Քնեսեթի Փոխնախագահը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.