Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քըրպի. «Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Գլխաւոր Խոչընդոտը Համասն Է»

September 11, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հաղորդակցութիւններու պատասխանատու Ճոն Քըրպի յայտնեց. «Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման գլխաւոր խոչընդոտը Համասն է, եւ մենք կը փորձենք Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան հասնիլ»:

Քըրպի նշեց, որ Համաս «փոխեց զինադադարի վերաբերեալ իր պայմանները»: Ան չբացառեց, որ համաձայնութեան հաստատման ջանքերը շարունակուին «նոյնիսկ նոր բարեփոխումներու լոյսին տակ»:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Աքսիոս» կայքին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի խորհրդատուները Եգիպտոսէն եւ Քաթարէն խնդրած են Համասի վրայ ճնշումը բարձրացնել, որպէսզի շարժումը ետդարձ կատարէ իր նոր պահանջներէն:

Կայքը կը հաղորդէ, որ Պայտընի խորհրդատուները քաթարցի եւ եգիպտացի պաշտօնատարներու հետ բանակցութիւններ վարած են եւ անոնց յայտնած, թէ Համասի պահանջները «չափազանցուած են»:

Պաշտօնատարներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներ «վերատեսութեան կ՛ենթարկէ» առաջարկը, որ մտադիր էր ներկայացնել, որովհետեւ Ուաշինկթըն կը գիտակցի, թէ ներկայ մթնոլորտը չ՛արտօներ այդ մէկը կատարել, եւ չ՛ուզեր ձախողիլ:

Համաս շարժումը «անհիմն» որակեց Քըրպիի «ամբաստանութիւնը»: «Քըրպիի պնդումը, թէ Համաս զինադադարի հաստատման գլխաւոր խոչընդոտն է, իսրայէլեան կեցուածքին համահունչ է», ըսաւ յայտարարեց շարժումը:

«Նեթանիահուի վրայ ճնշում բանեցնելու անկարող Պայտընի վարչակազմը ամերիկեան ընտրութեան լոյսին տակ Համասը այպանելը նուազ վնասակար կը նկատէ», նշեց Համաս:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին յայտնած են, որ Եգիպտոս մերժած է Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման շուրջ բանակցութիւններու նոր փուլ մը հիւրընկալելու ամերիկեան-իսրայէլեան միացեալ դիմում մը:

Եգիպտոս զայրացած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Ֆիլատելֆիա առանցքին վերաբերեալ յայտարարութիւններէն, որոնց մէջ ան բուռն կերպով քննադատած էր Եգիպտոսի դիրքորոշումը:

Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ յայտնեց. «Պէտք է կարելի ամէն բան ընել գերիները իրենց հարազատներուն ողջ վերադարձնելու եւ մահացածները Իսրայէլի մէջ թաղելու համար»:

«Գերիներու տունդարձի որեւէ գործարք սուղ գին պիտի ունենայ, սակայն զանոնք չվերադարձնելուն գինը շատ աւելի ցաւալի պիտի ըլլայ», նշեց Հերցոկ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց, որ Համասի հետ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութիւն գոյացնելը Իսրայէլի համար ռազմավարական առիթ պիտի ըլլայ բոլոր ճակատներուն վրայ անվտանգութեան կացութիւնը փոխելու:

Ան նշեց, որ գերիները վերադարձնելը այն ճիշդ բանն է, որ պէտք է ընել:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը նաեւ յայտնեց, որ Համաս դադրած է իբրեւ զինուորական կազմակերպութիւն գոյութիւն ունենալէ եւ ներկայիս հրոսակային կռիւներ կը մղէ:

Նախորդը

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետի Ներկայացուցիչը Մեկնած Է Ռուսիա, Ուր Պիտի Քննարկէ Նաեւ «Միջանցք»-ի Հարցը

Յաջորդը

Ըստ Իսրայէլեան Պետական Պատկերասփիւռի Կայանին. Ուաշինկթըն Հիւսիսային Ճակատի Վրայ Դիւանագիտական Այլընտրանքային Լուծում Կը Մշակէ. Իսրայէլ Չի Կրնար Աւելի Երկար Սպասել

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.