Երէկ երեք իսրայէլացիներ սպաննուեցան, երբ Յորդանանի եւ բռնագրաւեալ Այսրյորդանանի միջեւ «Ալենպի» անցակէտին վրայ կրակոց արձակուեցաւ: Մահացաւ նաեւ գործողութեան հեղինակը` բեռնակառքի յորդանանցի վարորդը:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռը հաղորդեց, որ ըստ նախնական տեղեկութիւններու, յորդանանցի վարորդը յորդանանեան հողերէն հասած է անցակէտ` մաքսանենգելով փոքր ատրճանակ մը, որմէ կրակ բացած է իսրայէլացիներուն վրայ:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ սպաննուած իսրայէլացիները ապահովական մարմիններու անդամ են:
Պաղեստինեան շարք մը շարժումներ գործողութիւնը ողջունող հաղորդագրութիւններ հրապարակեցին:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն մեկնաբանելով դէպքը յայտնեց. «Ասիկա դժուար օր է, եւ մենք շրջապատուած ենք գաղափարախօսութեամբ մը, որ կը փառաբանէ սպանութիւնը եւ ղեկավարուած է իրանեան չարիքի առանցքին կողմէ: Մենք շրջապատուած ենք ոճրագործներով, որոնք բոլորն ալ կ՛ուզեն մեզ սպաննել»:
«Համաս շարժումին նպատակը մեր մէջ պառակտում յառաջացնելն է, ինչպէս նաեւ առեւանգեալներու ընտանիքներուն վրայ հոգեբանական պատերազմ շղթայազերծել եւ ներքին ճնշումներ բանեցնել», նշեց Նեթանիահու:
Իսրայէլի վարչապետը նաեւ շեշտեց. «Մենք յանձնառու ենք պատերազմի նպատակներու իրագործման, Համասի ոչնչացման, գերիներու տունդարձին եւ երաշխաւորելուն, որ Կազան այլեւս սպառնալիք չներկայացնէ»: