Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Հերթական Առցանց Հանդիպումը

Սեպտեմբեր 9, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 8 Սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։

Օրակարգին ներառուած էին Միջին Արեւելքի եւ հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւնները, Կազայի պատերազմը, անոր զուգահեռ Լիբանանի դիմագրաւած պատերազմի վտանգն ու այդ բոլորի ազդեցութիւնը միջին արեւելեան հայ համայնքներուն վրայ։ Յատուկ կէտով քննարկումներ կեդրոնացան ՔՈՓ29-ի ընդառաջ միջազգային ատեաններու ու մասնակցող պետութիւններու մօտ տարուող աշխատանքներուն եւ յատկապէս Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ու պատանդներուն ազատ արձակման նպատակող տարուող աշխատանքներուն վրայ։

Վեհափառ Հայրապետը պարզեց Վատիկանի եւ ապա Ժընեւի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին տեղեկութիւններ։ Հանդիպումները առիթ եղած են արծարծելու բանտարկեալներու ազատ արձակման պահանջները։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ իրազեկեց հարթակի անդամները Իրանի եւ Գանատայի դեսպաններուն այցելութիւններուն մասին եւ անոնց ընթացքին քննարկուած թէ՛ հարաւային Կովկասի եւ թէ՛ Միջին Արեւելքի վերաբերող խնդիրները։ Այս առումներով Արամ Ա. Կաթողիկոս մասնակիցներուն յայտնեց հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան եւ յատկապէս բանտարկեալներու ուղղութեամբ Վատիկանի մէջ տիրող իրավիճակին մասին։

Ժողովականները արձանագրեցին, որ այս տարուան Յունուարին Անթիլիասի մէջ կայացած թէ՛ հարթակի առկայ նիստին եւ թէ՛ Ապրիլին «Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կիրարկած ցեղասպանութիւնը» թեմայով գիտաժողովին բանաձեւուած էին աշխատանքային ուղենիշեր։ Այս նիստերուն «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի անդամներուն կողքին կը մասնակցէին միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազ Լուի Մորէնօ Օքամփօ, Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ արցախահայութեան իրաւաւունքները հետապնդող յանձնաժողովի աշխատանքները համակարգող Վարդան Օսկանեան եւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխ նախագահ Մարիօ Նալպանտեան։

Յունուարի եւ Ապրիլի հանդիպման նիստերու ընթացքին բանաձեւուած առաջադրային կէտերը կ՚արծարծուին Վեհափառ Հայրապետին հետ՝ տարբեր պետութիւններու դիաւանգիտական ներկայացուցիչներու հանդիպումներուն եւ Արցախի հայութեան իրաւունքներու վերականգնման համահայկական աշխատանքներու ընթացքին։ Հետապնդուած հարցեր են Արցախի մէջ Պաքուի իրականացուցած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքը, վերադարձը միջազգային անվտանգութեան գործիքակազմով երեաշխաւորելը, ՔՈՓ29-ի ընդառաջ Ազրպէյճանի գործադրած տարբեր բնոյթի յանցագործութիւնները իրազեկելը, Արցախի առեւանգուած ղեկավարութեան, գերիներու, պատանդներու ազատ արձակումը պահանջելը եւ հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման միջազգային կառոյցներու մօտ աշխատանքը։

Նշենք, որ հերթական առցանց հանդիպման օրակարգի վերջին կէտով հաստատուեցաւ Յունուար եւ Ապրիլ 2024-ին յաջորդաբար Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած հարթակի լիագումար եւ «Արցախի մէջ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը» թեմայով գիտաժողովի նիստերուն ներկայացուած զեկուցումներու հրատարակութեան խմբագրական կազմը։ Հաւաքածոյին կը ներառուին վերը նշուած կէետրուն մասին պատմագիտական, իրաւագիտական, կրօնամշակութաբանական եւ քաղաքագիտական առանցքներով ներկայացուած զեկուցումները։

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (9 Սեպտեմբեր 2024)

Յաջորդը

Համաստեղի Վերջին Նամակներն Ու Վերջին Ուղերձը

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?