Իսրայէլեան օդուժը հարաւային Լիբանանի Հասպայայի շրջանին մէջ լրագրողներու կեցութեան վայր եղող պանդոկի մը վրայ յարձակում գործելով սպաննեց 3 լրագրողներ: Յարձակումի ենթարկուած վայրին մէջ կը գտնուէին լրատուական 7 հաստատութիւններ ներկայացնող 18 լրագրողներ:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ նահատակուած են կայանի լուսանկարող Ղասսան Նաժժարը եւ սփռումի ճարտարագէտ Մոհամետ Ռիտան:
Լիբանանեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ նահատակուած է կայանի լուսանկարող Ուիսամ Քասեմը:
Պէյրութի Հարաւային արուարձանները հինգշաբթի գիշերուընէ սկսեալ դարձեալ թիրախը դարձան իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումներու: Մասնաւորաբար օդային յարձակումներ կատարուեցան Հարաւային արուարձաններու Հարեթ Հրէյք, Պըրժ Պարաժինա, Շուէյֆաթ եւ Հատաս շրջաններուն վրայ:
Իսրայէլեան օդուժը թիրախաւորեց նաեւ հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի մէջ շրջաններ` պատճառելով զոհեր ու վիրաւորներ:
Իսրայէլեան բանակը երէկ առաւօտեան յայտարարեց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի տարածքին 200 յարձակումներ գործած է:
Ըստ իսրայէլեան բանակին, հարաւային Լիբանանի մէջ օդային յարձակումով մը սպաննած է Հըզպալլայի մասնայատուկ «Ռատուան» ուժի Այթարունի հրամանատար Ատնան Մըսլեմը` նշելով, որ վերջինս պատասխանատու էր իսրայէլեան ուժերուն եւ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ գիւղերու ուղղութեամբ կրակոցներուն ու հրթիռարձակումներուն:
Հըզպալլան իր կարգին հիւսիսային Իսրայէլի մէջ քաղաքներ եւ գիւղաքաղաքներ հրթիռակոծեց: Կուսակցութիւնը նաեւ հրթիռակոծեց Գալիլիոյ Կեսարիան, Հայֆայի ծոցի շրջանը, Հայֆայի հարաւը գտնուող «Քարմել» ռազմակայանը, Սաֆատ եւ Նահարիա քաղաքները, Քիրիաթ Շմոնա եւ Քարմայել բնակեցման վայրերը, ինչպէս նաեւ «Նաշարիմ», «Զոֆոլոն» եւ «Սանթ Ժին Պին» ռազմակայանները:
Կուսակցութիւնը թիրախաւորեց Միսքաֆ Ամի, Մանարայի եւ Մալիքիայի մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը, ինչպէս նաեւ քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործեց «Ռամոթ Նաֆթալի» զօրանոցին վրայ:
Հըզպալլա նաեւ հակաօդային երկու հրթիռներով դէմ դրաւ իսրայէլեան պատերազմական օդանաւի մը եւ «Հերմես» տիպի անօդաչու թռչող սարքի մը, եւ անոնց ստիպեց հեռանալ լիբանանեան օդային տարածքէն:
Հըզպալլան մէկ օր առաջ հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներու ընթացքին սպաննած է աւելի քան 70 զինուորներ եւ վիրաւորած աւելի քան 600 ուրիշներ, քանդած է 28 հրասայլեր եւ 4 զրահապատ մեքենաներ ու զինուորական քարշակներ, ինչպէս նաեւ «մինչեւ հիմա» վար առած է 4 անօդաչու թռչող սարքեր:
Լիբանանէն արձակուած հրթիռ մը երէկ ինկաւ Գալիլիոյ Մաժտ Քրում շրջանին մէջ` պատճառելով 9 վիրաւորներ, որոնցմէ 3-ին վիճակը` ծանր: