Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատունի. «Նախագահ Չընտրուելուն Պատճառը Համաձայնութիւն Գոյացնելու Համոզումին Բացակայութիւնն Է»

October 29, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու մէջ 5 նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան եւ Լիբանանի ու Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումին վրայ անոր ունենալիք ազդեցութեան մասին հարցումի մը յայտնեց, որ ընտրութիւնները ընդհանրապէս ոչինչ կը փոխեն, առաւելագոյն պարագային միայն մօտեցումներն են, որ կը փոխուին, որովհետեւ որոշումը ի վերջոյ ռազմավարական է, «խոր պետութիւն»-ն է, որ կ՛իշխէ, եւ պետական շահերը գերակայ են: Ան նաեւ նշեց. «Չեմ կարծեր, որ 5 նոյեմբերէն առաջ որեւէ բան փոխուի»:

Անդրադառնալով զինադադարի հաստատման համար թափուող ջանքերուն` Բագրատունի ըսաւ. «Զինադադարի հաստատման ամէն ջանք ողջունելի է: Կը մաղթենք, որ լուծումի նախերգանքին հասնինք, սակայն բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չենք նկատեր»:

«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութիւնը առանց առաւելի կամ նուազի Լիբանանի համար առաւելագոյն ընդունելի լուծումն է: Որեւէ այլ բան Լիբանանի գերիշխանութեան իսրայէլեան ոտնահարումներուն օրինականացում է», յայտնեց ան` նշելով, որ Լիբանանի պաշտօնական դիրքորոշումը «թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւն եւ վերջակէտ» է:

Բագրատունի շեշտեց, որ ներկայ պատերազմէն պէտք է դուրս գանք ազգային միասնականութեան հասած նուազագոյն վնասներով, որովհետեւ Լիբանանի ապագան վտանգուած է:

Անդրադառնալով պատերազմի աւարտէն ետք վերակառուցման աշխատանքին` ան հարց տուաւ. «Ո՞ր պետութիւններն են, որոնք պիտի աջակցին վերակառուցման աշխատանքին եւ ի՞նչ նախապայմաններով»:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցին, Բագրատունի յայտնեց. «Նախագահը պիտի ընտրուի զինադադարի հաստատումէն եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրումէն ետք: Նախագահ չընտրուելուն պատճառը համաձայնութիւն գոյացնելու համոզումին բացակայութիւնն է»:

Ան աւելցուց, որ նախագահը համաձայնական պիտի ըլլայ, իսկ եթէ նախագահ չընտրուի, խորհրդարանական ընտրութիւններ պիտի չըլլան` շեշտելով. «Երկիրը վտանգուած է: Ես ահազանգ կը հնչեցնեմ»:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Կը Դատապարտէ Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.