Իսրայէլ շաբաթ օր իրանեան ժամանակացոյցով առաւօտեան շուրջ ժամը 2:00-ին Իրանի վրայ գործեց յարձակումներ, որոնց պայթումներուն ձայները լսուեցան մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ:
Իսրայէլի կողմէ «Հակադարձութեան օրեր» կոչուած գործողութեան սկիզբէն 4 ժամ ետք, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ ամբողջացուցած է Իրանի մէջ զինուորական թիրախներու վրայ յարձակումը, գործողութեան մասնակից բոլոր օդանաւերը ապահով վերադարձած են իրենց ռազմակայանները եւ գործողութեան բոլոր նպատակները իրագործուած են:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց. «Օդուժի հարիւրաւոր օդանաւեր մասնակցած են Իրանի վրայ յարձակումին, «որ երկարատեւ էր»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը նշեց, որ յարձակումը ալիքներով էր եւ թիրախաւորած է զինուորական կառոյցներ ու թեւաւոր հրթիռներու արտադրման գործարաններ:
Իսրայէլացի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած են. «Իսրայէլ Իրանը թիրախաւորեց հարուածներու 3 ալիքներով: Իսրայէլեան հարուածներու առաջին ալիքը թիրախաւորեց Իրանի օդային պաշտպանութեան համակարգերը»: Ամերիկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են. «Իրանի վրայ յարձակումը սկիզբը ներառեց Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ օդային պաշտպանութեան համակարգերն ու ռատարները»: «Յարձակումի ճամբան հարթելէ ետք, օդանաւերը յարձակում գործեցին Իրանի մէջ օդային պաշտպանութեան համակարգերուն վրայ` խուսափելով ուժանիւթի ենթակառոյցները հարուածելէ»:
«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է, թէ Իրանի վրայ իսրայէլեան հակադարձութիւնը վերջ գտաւ: Ան Թեհրանէն պահանջեց չհակադարձել կամ մագլցումի չդիմել` նշելով. «Ամբողջովին պատրաստ պիտի ըլլանք Իսրայէլը անգամ մը եւս պաշտպանելու, եւ ծանր հետեւանքներ պիտի ըլլան»:
«Ասիկա պէտք է Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ փոխադարձ ուղղակի հարուածներուն վերջը ըլլայ», աւելցուց բարձրաստիճան պաշտօնատարը:
Իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնեցին, որ Իրանի վրայ յարձակումը ներառած է շուրջ 20 վայրեր: Կը հաղորդուի, որ անոնցմէ մէկ քանին Շիրազի մէջ էին:
Իրանի օդային պաշտպանութեան հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ դէմ դրած է իսրայէլեան յարձակումին, որ թիրախաւորած է Թեհրանի շուրջ եւ երկրի տարածքին շարք մը թիրախներ:
Թեհրանի մէջ Օդային պաշտպանութեան կեդրոնը յայտնեց, որ մայրաքաղաքին մէջ լսուած ձայները արդիւնք են «3 կէտեր հարուածելու սիոնական գոյացութեան փորձերու մեր դիմակայման»:
Իրանեան Օդային պաշտպանութեան կեդրոնը աւելի ուշ յայտարարեց. «Սիոնական գոյացութիւնը յարձակում գործեց Թեհրանի, Խոզաստանի եւ Իլամի մէջ գտնուող զինուորական դիրքերու վրայ»: Կեդրոնը աւելցուց, որ յարձակումը սահմանափակ վնասներ պատճառած է:
Իրանեան բանակը յայտարարեց. «Մեր զինուորներէն երկուքը մահացան սիոնական յարձակումին դէմ դնելու ընթացքին»:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը իրանեան կառավարութեան մօտիկ օրաթերթի մը յայտնեց, որ իրանեան օդային պաշտպանութիւնը իր առաքելութիւնը յաջողութեամբ կատարած է:
3 աղբիւրներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին. «Իսրայէլ Իրանին փոխանցեց այն թիրախները, որ պիտի հարուածէ: Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարարը մէկն էր այն 3 անձերէն, որոնք Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ պատգամներու փոխանցում կատարեցին»:
Աղբիւրներ կայքին նաեւ յայտնած են. «Իսրայէլ ուրբաթ օր իր վրէժխնդրական յարձակումներէն առաջ իրանցիներուն հակադարձելէ զգուշացում մը փոխանցեց: Զգուշացումը երկու կողմերուն միջեւ փոխադարձ յարձակումներուն եւ աւելի լայնածաւալ մագլցում մը արգիլելու փորձ մըն էր»:
Իրանի կառավարութեան բանբեր Ֆաթմէ Մուհաժրանի յայտնեց, որ իրանեան օդային պաշտպանութեան ուժը իսրայէլեան յարձակումը դիմակայելով իրանցիներու ազգային հպարտութիւնը խթանած է: «Իրանցի ժողովուրդը այսօր կը հպարտանայ իր երկրին պաշտպանական ուժով եւ անոր կը վստահի», շեշտեց ան:
«Ինչպէս երկրի օդային պաշտպանութեան պաշտօնական տուեալները ցոյց տուին, վնասները սահմանափակ էին, եւ բնակչութիւնը պէտք է հանդարտ մնայ ու տարաձայնութիւններէն հեռու մնալով հետեւի միայն պետական լրատուամիջոցներու լուրերուն եւ օդային պաշտպանութեան ուժի հաղորդագրութիւններուն», աւելցուց ան:
«Պէտք է հպարտանանք այս սահմաններուն եւ հայրենիքի երիտասարդութեան ուժով ու իշխանութեամբ: Անոնք իրենց արարքներով իրանցիներուն ազգային հպարտութիւնը խթանեցին», նշեց Մուհաժրանի:
«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց. «Իսրայէլի մէջ հետախուզական տեղեկութիւններու հիմամբ այն գնահատումը կայ, թէ Իրան պիտի հակադարձէ իսրայէլեան յարձակումին»:
Նեթանիահու. «Իրանի Վրայ Յարձակումը
Իրագործեց Իր Նպատակները»
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, ըստ եբրայական օրացոյցի 7 հոկտեմբեր 2023-ին Իսրայէլի վրայ Համասի շղթայազերծած յարձակումի միամեակի ոգեկոչման ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլ գոյութենական դժուար պատերազմի մէջ է, եւ անոր մէջ ցաւալի գիներ կը վճարենք»:
«Մէկ տարի առաջ ուժեղ հարուած ստացանք, սակայն չզգետնուեցանք», նշեց Նեթանիահու:
«Պատերազմը մեզի պարտադրուեցաւ, եւ գոյութենական պատերազմով կը հակադարձենք», ըսաւ ան:
«Իրանի վրայ յարձակումը ճշգրիտ եւ ուժեղ էր, իրագործեց իր բոլոր նպատակները եւ մեծ վնասներ պատճառեց անոր պաշտպանական կարողութիւններուն ու հրթիռներու արտադրման ներուժին, եւ իրանցի ժողովուրդին կ՛ըսեմ` մեր պայքարը ձեր դէմ չէ», յայտնեց Նեթանիահու:
Խամենէի. «Իրանի Վրայ Իսրայէլի Յարձակումները
Պէտք Է Ո՛չ Չափազանցել, Ո՛չ Ալ Թերագնահատել»
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի անվտանգութեան ուժերու զոհուած աշխատակիցներու հազարաւոր ընտանիքներու հետ երէկ առաւօտեան իր հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, որ Իրանի դէմ Իսրայէլի վերջին գործողութիւնները պէտք է ո՛չ չափազանցել, ո՛չ ալ թերագնահատել: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
«Անոնք սխալ գործեցին, եւ ինքնին իրենք զայն կը գերագնահատեն: Ատիկա սխալ է, սակայն յիշեցէ՛ք` թերագնահատելն ալ սխալ է: Սխալ է ըսել` «սարսափելի ոչինչ տեղի ունեցած է, ատիկա կարեւոր չէր»: Անհրաժեշտ է խախտել իսրայէլեան վարչակարգին սխալ հաշիւները: Անոնք Իրանի վերաբերեալ իրենց հաշիւներուն մէջ կը սխալին, անոնք չեն ճանչնար Իրանը, Իրանի երիտասարդութիւնը, իրանցի ժողովուրդը, անոնք չեն կրցած ճիշդ հասկնալ իրանցի ժողովուրդի ուժը, կարելիութիւնները, նախաձեռնողականութիւնն ու կամքը, մենք պէտք է ատիկա անոնց ցոյց տանք:
«Անվտանգութեան հարցերուն մէջ շատ կարեւոր է պահպանել հասարակութեան հոգեբանական անվտանգութիւնը: Մարդոց սրտերուն մէջ սարսափի սերմանումը անթոյլատրելի է, Քորանը այդ մասին ուղղակիօրէն կը նշէ», ըսած է ան:
Խամենէիի համաձայն այն, ինչ որ Իսրայէլը Կազայի եւ Լիբանանի մէջ ըրած է եւ կ՛ընէ, ամէնէն դաժան ռազմական յանցագործութիւններէն է:
«Պատերազմը անխօս, դժուար բան է, սակայն նոյնիսկ պատերազմը օրէնքներ, կանոններ, սահմանափակումներ ունի: Երբ ոեւէ մէկուն դէմ կը պատերազմիս, կարելի չէ խախտել բոլոր այդ սահմանափակումները եւ զանոնք այնպէս ոտնահարել, ինչպէս կ՛ընէ այս յանցագործ խմբաւորումը, որ կը ղեկավարէ բռնագրաւեալ Պաղեստինը», ըսած է ան:
Խամենէի նշած է, որ անհրաժեշտ է ստեղծել համաշխարհային դաշինք` քաղաքական, տնտեսական, իսկ եթէ հարկ եղաւ, նաեւ` զինուորական` ընդդէմ «սիոնական չար վարչակարգին, որ այսօր ամէնէն դաժան զինուորական յանցանքները կը գործէ»: