Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն – Միքաթի Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն` «Տագնապին Դիւանագիտական Լուծում Գտնելու Կարեւորութեան Շուրջ»

October 26, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երէկ Լոնտոնի մէջ Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «(ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի) թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ սահմանի երկայնքին իսկական անվտանգութեան հաստատման համար կենսական է»` շեշտելով, որ թիւ 1701 որոշումը պէտք է ամբողջական կերպով գործադրել:

«Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ համաձայն գտնուեցանք տագնապին դիւանագիտական լուծում գտնելու կարեւորութեան շուրջ», նշեց Պլինքըն:

«Ուաշինկթըն տակաւին կը ջանայ հասնիլ  անմիջական զինադադարի հաստատման եւ բոլոր կողմերուն շրջանին մէջ կայունութիւնը երաշխաւորող միջազգային որոշումներ յարգելու դիւանագիտական լուծումի», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

«Կարեւոր է, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ սահմանի երկայնքին բնակող մարդիկը կարենան ապահով կերպով վերադառնալ իրենց բնակարանները», աւելցուց ան` շեշտելով, որ բնակիչներու անվտանգութեան երաշխաւորման համար պէտք է վերականգնել կայունութիւնը:

Պլինքըն նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին լիբանանեան կառավարական հաստատութիւններուն, մասնաւորաբար լիբանանեան բանակին ու ապահովական ուժերուն:

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատարը իր կարգին յայտնեց. «Մենք զինադադարի եւ իսրայէլեան յարձակումի զսպման առաջնահերթութեան վրայ կը պնդենք, մանաւանդ որ յարձակումի ենթարկուող շրջաններէն տեղահանուած աւելի քան 1 միլիոն 4 հարիւր հազար լիբանանցիներ կան: Ինչպէս նաեւ Իսրայէլ քաղաքայիններուն, լրագրողներուն եւ բժշկական անձնակազմերուն վրայ իր յարձակումներով միջազգային օրէնքը կ՛ոտնահարէ»:

«Լիբանան յանձնառու է թիւ 1701 որոշումին, ինչպէս որ է, առանց բարեփոխման», շեշտեց ան` աւելցնելով. «Նախ եւ առաջ պահանջուողը Իսրայէլի զինադադարին իսկական յանձնառութիւնն է, որովհետեւ նախկին փորձառութիւնը, ինչ կը վերաբերի արաբական եւ միջազգային աջակցութիւն վայելող ֆրանս-ամերիկեան զինադադարի հաստատման կոչին, բոլորին հաւաստիութեան վրայ ազդեց»:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Բանակի Սպայակոյտին Պետը Կը Յայտարարէ. «Լիբանանի Ճակատին Վրայ Պատերազմը Կարելի Է Աւարտել, Որովհետեւ Հըզպալլայի Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Ոչնչացուեցաւ»

Յաջորդը

Հասպայայի Մէջ Իսրայէլի Կողմէ 3 Լրագրողներու Սպանութեան Վերաբերեալ Երեսփոխան Բագրատունիի Գրառումը

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.