Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Խորհրդաժողովի Ընթացքին Անմիջական Զինադադարի Կոչեր Եւ Լիբանանին Ու Անոր Բանակին Օժանդակութիւններ

Հոկտեմբեր 25, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի նախաձեռնութեամբ գումարուեցաւ «Լիբանանի եւ անոր գերիշխանութեան աջակցութեան վեհաժողով»-ը:

Միացեալ Նահանգներ կը բացակայէին խորհրդաժողովէն, ուր միջազգային այլ ուժեր քննարկեցին Լիբանանին շտապ մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու, անոր զինեալ ուժերուն աջակցելու եւ զինադադարի հաստատման ուղղութեամբ աշխատելու հարցերը:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն խորհրդաժողովի բացման խօսքի ընթացքին յայտնեց, որ անիկա կը գումարուի աջակցելու համար Լիբանանին եւ օգնելու համար, որ անոր ժողովուրդը դուրս գայ իր ներկայ տագնապէն:

Մաքրոն կոչ ուղղեց զինադադար հաստատելու, Կապոյտ գիծի երկայնքին խաղաղութեան պահպանման ու տեղահանուածներու տունդարձի պայմաններու ստեղծման քայլեր որդեգրելու:

Ֆրանսայի նախագահը ըսաւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու թիրախաւորման որեւէ արդար պատճառ չկայ: Ան նշեց, որ լիբանանեան բանակը ներկայ պայմաններուն մէջ բոլոր լիբանանցիներու անվտանգութեան երաշխաւորման վճռական դեր ունի կատարելիք, եւ իր երկիրը պիտի նպաստէ լիբանանեան բանակի վերատեղակայման ու զինման, ինչպէս նաեւ կը զօրակցի լիբանանեան իշխանութիւններուն որդեգրած քայլերուն:

«Այժմ լիբանանեան բանակը աւելի քան երբեւէ մեծ առաքելութիւն մը ունի կատարելիք», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը` աւելցնելով. «Փարիզի խորհրդաժողովը լիբանանեան բանակին հիմնական մատակարարումներ պիտի կատարէ եւ 6 հազար նոր զինուորներու զինուորագրման պիտի աջակցի»:

Մաքրոն յայտարարեց, որ իր երկիրը Լիբանանին 100 միլիոն եւրօ օժանդակութիւններ պիտի մատակարարէ:

«Լիբանանի հողին վրայ ուրիշներուն պատերազմը պէտք է աւարտի», ըսաւ ան:

Ֆրանսայի նախագահը նաեւ նշեց. «Իսրայէլի վրայ Հըզպալլայի յարձակումները պէտք է դադրին»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես իր կարգին յայտնեց, որ Իսրայէլ կը շարունակէ Լիբանանի մէջ բնակուած շրջաններու իր բուռն ռմբակոծումը:

Ան նշեց, որ պէտք է յարգել պետութիւններու գերիշխանութիւնն ու պաշտպանել քաղաքայինները` Լիբանանի ղեկավարութեան կոչ ուղղելով` երաշխաւորելու պետական հաստատութիւններու, նախ եւ առաջ լիբանանեան բանակին ազդու ներկայութիւնը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ նշեց, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի թիրախաւորումը պատերազմական ոճիր է:

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ միջազգային աջակցութիւնը կենսական է` ամրապնդելու ու ընդարձակելու լիբանանեան բանակի դերակատարութիւնը եւ վերակառուցելու երկրին մէջ քանդուած ենթակառոյցը:

Միքաթի ըսաւ, որ կառավարութիւնը որոշած է յաւելեալ ուժեր զինուորագրել, եւ 8 հազար զինուորներ կրնան տեղակայուիլ զինադադարի եւ լիբանանեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայման կոչ ուղղող ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան ծիրին մէջ:

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատարը ըսաւ, որ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը 1,4 միլիոն անձերու տեղահանման յանգեցուց, եւ իսրայէլեան յարձակումները յառաջացուցին քանդում եւ տեղահանութիւն, որոնց պատճառով ստեղծուեցաւ մարդասիրական տագնապ մը, որ միջազգային անմիջական ուշադրութիւն կը պահանջէ:

Միքաթի կոչ ուղղեց` անմիջապէս զինադադար հաստատելու, ինչ որ կ՛արտօնէ սահմանի երկայնքին կացութեան կարգաւորման համար դիւանագիտական աշխատանք կատարելու: «Զինադադարի հաստատումը Իսրայէլի ձեռքն է», նշեց ան:

Միքաթի նաեւ պահանջեց պատասխանատուութեան ենթարկել միջազգային մարդասիրական օրէնքը խախտած իւրաքանչիւր պատասխանատու:

«Ժազիրա» հաղորդեց, որ ըստ խորհրդաժողովին մասնակից պատուիրակութիւններու ուղարկուած շրջագծային փաստաթուղթին, խորհրդաժողովին նպատակն է շեշտել կարեւորութիւնը դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները` հիմնուելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 2006 թուականին որդեգրած թիւ 1701 որոշումին վրայ, որ կոչ կ՛ուղղէ հարաւային Լիբանանը Լիբանանի պետութեան զինեալ ուժերէն բացի այլ ուժերէ կամ զէնքերէ դատարկելու:

Խորհրդաժողովին նպատակն է նաեւ զօրաշարժի ենթարկել միջազգային ընտանիքը` օգնելու համար 500 հազարէն 1 միլիոն գաղթականներուն:

Ըստ նշեալ փաստաթուղթին, Փարիզի խորհրդաժողովը նաեւ կը ձգտի «աշխուժացնել աջակցութիւնը լիբանանեան զինեալ ուժերուն, որոնք նաեւ առանցքային դերակատարութիւն ունին թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան մէջ»:

«Ժազիրա» մատնանշեց, որ հակառակ 70 պատուիրակութիւններու եւ 15 միջազգային կազմակերպութիւններու խորհրդաժողովին մասնակցութեան, կշիռ ունեցող նախարարներու ներկայութիւնը քիչ էր:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ յայտարարեց. «Փարիզի մէջ Լիբանանի աջակցութեան խորհրդաժողովը կը խոստանայ 800 միլիոն տոլար մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրել եւ 200 միլիոն տոլար բանակին աջակցութեան յատկացնել»:

«Իսրայէլացիները պէտք է իմանան, որ իրենց պետութիւնը չի կրնար անվտանգութիւն ունենալ` առանց Պաղեստինի եւ Լիբանանի մէջ խաղաղութեան», շեշտեց ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Պէտք է թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնն ու երկու պետութիւններուն անոր գործադրութեան յանձնառութիւնը երաշխաւորել»:

«Պէտք չէ դադրիլ Լիբանանի մէջ մարդասիրական կացութեան ընդառաջելէ եւ դիւանագիտական լուծում ներկայացնելէ», շեշտեց Պարրօ:

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի իր կարգին նշեց. «Փարիզի մէջ Լիբանանի աջակցութեան խորհրդաժողովը ցոյց տուաւ լիբանանեան պետութեան նկատմամբ միջազգային զօրակցութիւնը եւ շեշտեց թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութիւնը»:

Ան նաեւ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին աջակցութեան յատուկ խորհրդաժողով մը պիտի գումարուի:

Միւս կողմէ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Գերմանիան Փարիզի խորհրդաժողովին ընթացքին խոստացած է Լիբանանին 96 միլիոն եւրօ տրամադրել:

Նախորդը

Պէյրութի Հարաւային Արուարձանները Մինչեւ Հիմա Գիշերային Ամէնէն Հզօր Յարձակումին Ենթարկուեցան

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (25 Հոկտեմբեր 2024)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?