Հըզպալլան երէկ ժամը 12:10-ին մեծաթիւ հրթիռներով հրթիռակոծեց Քարմայէլ բնակեցման վայրին մէջ իսրայէլեան բանակի անկարգելաւորներու մարզման ռազմակայանը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Քարմայէլի մէջ արձանագրուած են 6 վիրաւորներ:
Հըզպալլան միեւնոյն ժամանակ ճշգրտօրէն հարուածեց Աւիւիմ բնակեցման վայրին մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը:
Կուսակցութիւնը նաեւ հրթիռակոծեց Մաալոթ Թարշիհա բնակեցման վայրը եւ Իպատ դիրքին մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը:
Հըզպալլան հարաւային Լիբանանի առաջնագիծին վրայ, մասնաւորաբար Մարուն Ռաս գիւղի արեւելեան ծայրամասին մէջ հրթիռներով թիրախաւորեց իսրայէլեան ուժ մը, ապա շուրջ մէկ ժամ վերջ, այս անգամ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործեց նոյն շրջանին վրայ` ուղղակի կերպով հարուածելով թիրախները:
Իսրայէլ իր կարգին շարունակեց հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի գիւղերուն վրայ իր յարձակումները:
Իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի 21 գիւղերու բնակիչներու հրամայեց Աուալի գետէն հիւսիս հեռանալ:


