Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ տակաւին չխօսեցայ, սակայն կը կարծեմ, որ պիտի խօսիմ»: Այս մասին հաղորդեց «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը:
«Աշխարհի շուրջ 70 ղեկավարներու հետ խօսեցայ, եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ զրոյցս շատ լաւ էր», ըսաւ Թրամփ:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Վալտայ» միջազգային համախմբումին իր մասնակցութեան ընթացքին յայտնած էր. «Կը շնորհաւորեմ Թրամփը նախագահական ընտրութեան իր արձանագրած յաղթանակին առիթով»:
«Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու եւ ուքրանական տագնապին վերջ տալը դիւրացնելու անոր փափաքը հետաքրքրական է», նշած էր Փութին:
«Չեմ կարծեր, որ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունենալը սխալ է», յայտարարած էր Ռուսիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Մենք պատրաստ ենք Թրամփի հետ խօսելու»: