Հըզպալլան երէկ հրթիռակոծեց Աքքայի հիւսիսը գտնուող «Շարաղա» ռազմակայանը եւ սահմանագիծին մօտ տարբեր վայրերու մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը:
Հըզպալլա հրթիռակոծեց Քիրիաթ Շմոնա, Իվեն Մանահեմ, Շթուլա, Զըրհիթ եւ Շումիրա բնակեցման վայրերը:
Կուսակցութիւնը քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործեց Աւիւիմ բնակեցման վայրին մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերու վրայ` ուղղակի կերպով հարուածելով զանոնք: Ան նաեւ հրթիռակոծեց Հաղոշերիմ բնակեցման վայրին մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը:
Հըզպալլա երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին հրթիռակոծեց Հուլա եւ Մարքապա գիւղերուն միջեւ հաւաքուած իսրայէլեան ուժեր, ապա ժամը 1:30-ին եւ անկէ 10 վայրկեան ետք երկու առիթներով հրթիռակոծեց Մարքապայի հարաւ-արեւելքը գտնուող Քապահ բարձունքին վրայ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը:
Հըզպալլայի մարտիկները նաեւ առտուան ժամը 3:30-ին Այնաթա գիւղի հարաւարեւմտեան ծայրամասերուն մէջ բախում ունեցան իսրայէլեան հետեւակ ուժի մը հետ, որ կը փորձէր դէպի գիւղ ներթափանցել` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Նահարիայի արեւելքը գտնուող Պեն Ամի բնակեցման վայրին մէջ 3 վիրաւորներ արձանագրուած են, երբ Հըզպալլայի կողմէ ծանր հրթիռներով հրթիռակոծում տեղի ունեցած է:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նաեւ հաստատեցին, որ հրթիռ մը ուղղակի կերպով հարուածած է Շումիրա բնակեցման վայրին մէջ գտնուող շէնք մը:
Մինչ այդ, շաբաթ գիշեր Սուրի գաւառի Տէյր Քանուն Ռասուլ Այն գիւղին մէջ իսրայէլեան յարձակումի պատճառով 15 զոհեր արձանագրուեցան:
Իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց Նապաթիէ գաւառի Զաութար Ղարպիէ գիւղին վրայ, ինչպէս նաեւ Սահլ Սրհինի եւ Պաալպեք քաղաքին վրայ, ապա շարք մը յարձակումներ` Սըհմոր եւ Մաշղարա գիւղերուն վրայ:
Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակում գործեց Լեռնալիբանանի Ժիպէյլ գաւառի Ալմաթ գիւղին վրայ, ուր արձանագրուեցան 23 զոհեր, որոնց շարքին` 7 երեխաներ: Վիրաւորուեցան 6 անձեր:
Միւս կողմէ` իսրայէլեան օդուժը երէկ յարձակում գործեց Դամասկոսի գիւղական շրջանի Սայիտա Զէյնապ շրջանին վրայ` պատճառելով 9 զոհեր եւ 20 վիրաւորներ: