ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Վանայ Ձայն»-ի «Կեցուածք մը ինձմէ, կեցուածք մը քեզմէ» արաբերէն յայտագիրին ընթացքին հաստատեց, որ Իսրայէլ եւ համաշխարհային սիոնականութիւնը միշտ ալ կարմիրով գծած են իրենց պատմութիւնը:
«Ինծի համար զարմանալին այն է, թէ մարդիկ կը զարմանան, երբ նման կերպով արտայայտուինք: Իսրայէլացիները քաղաքական եւ տնտեսական նպատակներով եւ սիոնական մտայնութեամբ եկան ու բնակեցան արաբական պատմական հողի վրայ: Տնտեսապէս հզօրանալու ախորժակները չէին կեդրոնանար Իսրայէլը սահմանափակ տարածքի մը մէջ պահելու շուրջ, այլ` այդ սահմանները ընդարձակելու եւ Հին կտակարանին հիման վրայ տարածելու իրենց «հայրենիքը»: Հետեւաբար նախքան Դիմադրութեան հիմնուիլը, իսրայէլացիները ոտնձգութիւններ գործած են իրենց չպատկանող հողերու դէմ: Անոնք բռնագաղթի ենթարկած են այդ հողին իսկական բնակիչները: Իսրայէլացիներն են, որոնք քանդեցին մարդոց բնակարանները, եկեղեցիներն ու մզկիթները, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցները, որովհետեւ իրենց նպատակը սիոնական գոյացութեան ընդարձակումն է շրջանին մէջ եւ անկէ շատ աւելի հեռու», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Նետերլանտներու մէջ պատահածը բնական հակազդեցութիւնն է Իսրայէլի գործած սպանդներուն եւ վայրագութիւններուն: «Ճի՛շդ է, որ միջազգային կարգ մը լրատուամիջոցներ կը շարունակեն մնալ սիոնականութեան հակամէտ խօսափողներ, սակայն պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ աշխարհի մէջ ձեւաւորուած է հանրային կարծիք, որ իր վկայածին հիման վրայ կը մերժէ Իսրայէլի վարուելակերպը եւ վարչապետ Նեթանիահուի պահուածքը: Պէտք է ընդունիլ, որ հարցը Դիմադրութիւնը եւ Իսրայէլը չէ, ո՛չ ալ շիի համայնքը եւ Իսրայէլը, կամ Լիբանանը եւ Իսրայէլը: Հարցը շատ աւելի խոր է, հեռու եւ ընդարձակ», աւելցուց ան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան եւ այդ երկրի արաբ ու լիբանանցի քաղաքացիներուն տրուած ընտրական խոստումներուն մասին Յ. Բագրատունի նշեց, որ ընտրութենէն առաջ խոստումները ընտրութեան յաջորդող գործէն տարբեր են:
Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան պարագային հայկական փորձառութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ եթէ պատմութեան վերադառնան, ապա անիկա Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին կը վերաբերի:
«Երեքէն չորս տասնամեակ շարունակ աշխատանքէ ետք, Ճօ Պայտընն էր, որ օգտագործեց Ցեղասպանութիւն եզրը, միաժամանակ շարունակելով օժանդակել Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի, Իսրայէլի, որ իր կարգին կ՛աջակցի Ազրպէյճանի», նշեց ան:
Անդրադառնալով այն վարկածին, թէ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահը իր նստաշրջանի աւարտէն առաջ շրջանին մէջ զինադադար պիտի հաստատէ, Բագրատունի ըսաւ, որ նախագահը Սպիտակ տան մէջ գտնուած տարիներուն ընթացքին չկրցածը պիտի չկարենայ այսօր կատարել, երբ Սպիտակ տունէն դուրս գալու վրայ է: Ան ընդհակառակն, մտավախութիւն յայտնեց, որ յառաջիկայ 2 ամսուան ընթացքին կրնայ ստեղծուիլ նոր կացութիւն մը, որ նախկինէն աւելի ծանր կրնայ ըլլալ, մինչեւ Տանըլտ Թրամփի Սպիտակ տուն հասնիլն ու ամերիկեան վարչակազմի ստանձնումը: «Թրամփի կողմէ ամերիկեան իշխանութեան ստանձնումէն եւ Կազայի ու Լիբանանի մէջ զինադադարի իր ջանքերէն ետք միայն կրնանք վկայել նախընտրական փուլին անոր կատարած խոստումներուն եւ գրաւոր ստորագրութիւններուն մասին», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավար ըլլալու իրականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հեգնեց այն ժողովրդավարութիւնը, որուն մասին կը խօսուի` նշելով, որ ժողովրդավարութիւն գոյութիւն չունի, այլ` ժողովրդավարութեան պիտակին ներքեւ շահեր ապահովելու քաղաքականութիւն: «Եթէ Միացեալ Նահանգներու մէջ ժողովրդավարութիւն գոյութիւն ունենար, Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն նախագահ կ՛ընտրուէր», ընդգծեց ան:
Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նախագահ ընտրելու կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ եթէ շուրջ 3 շաբթուան զինադադար մը ըլլայ, թերեւս առիթ մը ըլլայ այդ հարցը քննարկելու, համաձայնութիւն գոյացնելու եւ նախագահ ընտրելու, սակայն այդ թղթածրարը այսօր ամերիկացիներուն կամ այլոց օրակարգին վրայ չի գտնուիր:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ լիբանանեան տարազը ձախողած է` աւելցնելով, որ նորին մասին կարելի չէ խօսիլ, իսկ այդ հարցը լուծելու միջոցը միայն սեղանի շուրջ նստիլն է: «Թաէֆի համաձայնագիրը առկայ է եւ տակաւին չէ գործադրուած: Այդ համաձայնագիրը կը բովանդակէ բացթողումներ, սակայն պատերազմի ընթացքին կարելի չէ այլ տարազի մասին խօսիլ: Թաէֆի համաձայնութեան այլընտրանքը միայն սեղանի շուրջ նստելով կը ձեւաւորուի: Պայման է նաեւ, որ սեղանին շուրջ նստողները ըլլան լիբանանցիները եւ խօսին Լիբանան հայրենիքին ու ժողովուրդին շահերը ապահովելու մասին: Այդ սեղանին շուրջ ներկայ ոչ լիբանանցի ոեւէ անձնաւորութիւն չի կրնար իր ներկայացուցած պետութեան շահերէն դուրս գալ եւ Լիբանանի մասին մտածել: Դժուար օրերու մէջ կ՛ապրինք, սակայն եթէ կամք գոյութիւն ունի, ապա կրնանք յաղթահարել դժուարութիւնները: Պէտք է համոզուինք, որ մեր ճակտին գրուած է այս երկրին մէջ գոյատեւել, իբրեւ հայ պիտի գոյակցիմ շիիին հետ, մարոնին եւս պիտի գոյակցի շիիներուն հետ, շիին իր կարգին պիտի գոյակցի սիւննիին, ուղղափառին, կաթողիկէին եւ փոքրամասնութիւններուն հետ: Եթէ մենք այս մտայնութեամբ առաջնորդուինք, ապա Լիբանանը հիւսիսէն Նաքուրա, Պեքա եւ Լեռնալիբանան կը վերածուի երկրի մը, որ բոլոր լիբանանցիներուն է, առանց ներառելու որոշ մարդոց նկատմամբ արգիլուած շրջաններ», յայտնեց ան:
Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կարելի չէ անձնատուութեան մտայնութեամբ գործել: «Եթէ անձնատուր պիտի ըլլայինք Օսմանեան կայսրութեան, Ֆրանսայի, Նասըրական միտքին, սուրիական հոգատարութեան անձնատուր կ՛ըլլայինք: Իսրայէլին անձնատուր կ՛ըլլայինք, սակայն Լիբանան կրցաւ իր բռնագրաւուած հողերը ազատագրել. 2006-ին տոկաց եւ գոյատեւեց: Այսօր պէտք է մտածել, թէ ինչպէ՛ս կրնանք արժանապատիւ կերպով, սակայն առանց անձնատուութեան ապրիլ` պահպանելով Լիբանանի գերիշխանութիւնը», նշեց Յ. Բագրատունի:
Դրական չէզոքութեան կեցուածքին եւ Դիմադրութեան կողքին ըլլալու ՀՅԴ-ի կեցուածքին մասին թիւրիմացութիւնը պարզելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ դրական չէզոքութիւնը հայկական կուսակցութիւնները որդեգրած են 1975-ին, երբ պատերազմը լիբանանցիներուն միջեւ էր, «սակայն այսօր կռիւը լիբանանցիներուն միջեւ չէ, հետեւաբար իբրեւ այս երկրին քաղաքացին անկարելի է, որ հայրենիքս չպաշտպանեմ», շեշտեց ան:
Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն կեցուածք փոխելու վիճակին մէջ չի գտնուիր, որովհետեւ 1890-էն ի վեր անոր գաղափարաբանութիւնը դիմադրութեան վրայ հիմնուած է: «Իսկ երկրին վարչակարգը փոփոխութեան ենթարկելու` երկիրը մասնատելու կամ դաշնակցային դրութիւն հաստատելու տարբերակը արդէն իսկ փաստած է իր ձախողութիւնը», յայտնեց ան:
Լիբանանի դէմ Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմը աւարտելէ ետք, Լիբանանի պետութիւնը Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան հիման վրայ է, որ պիտի բանակցի: «Անշուշտ մարտի դաշտը եւ Դիմադրութեան գոյատեւումն ու արձանագրած յաղթանակները կ՛օգնեն թիւ 1701-ի գործադրութեան, իսկ եթէ պարտութիւն արձանագրուի, կարելի չէ իմանալ, թէ Լիբանան ո՛ւր կը հասնի, թերեւս 1920-էն առաջ տիրող վիճակին կը հասնի, որովհետեւ հիմնական նպատակը ամբողջ Լիբանանը բաժնելն է», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի հաւանականութեան մասին մտավախութիւն չունի, որովհետեւ ոչ ոք ի վիճակի է նման պատերազմի մէջ մտնելու: Եթէ քաղաքացիական պատերազմ բռնկի, ապա անիկա Իսրայէլի կողմէ հրահրուած պիտի ըլլայ, «եւ հաւատացէ՛ք, որ քաղաքացիական պատերազմի պարագային բոլորս պարտուած դուրս պիտի գանք, եւ Իսրայէլը պիտի յաղթէ, որովհետեւ Լիբանանը պիտի մասնատուի», նշեց ան:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ այսօր Լիբանանի դէմ պատերազմին ընթացքին կարելի չէ լիբանանեան պետութիւնը հաշուետուութեան ենթարկել: «ՊԷտք է իմանալ, որ կայ վարչապետ, որ կը կոչուի Նեժիպ Միքաթի, խորհրդարանի նախագահ, որ կը կոչուի Նեպիհ Պըրրի, ինչպէս նաեւ կարգ մը ղեկավարներ, որոնք իրենց իմաստութեամբ կը փորձեն համախոհական մտայնութեամբ քաղաքացիութեան ըմբռնումը տարածել եւ անոր կառչած մնալ: Եթէ այսօր մենք դարձեալ պիտի մերժենք միասնականութիւնն ու երկխօսութիւնը, ապա մօտիկ ապագային պիտի յանգինք լիբանանեան գոյացութեան փճացումին», ընդգծեց ան:
Տեղահանուածներուն օժանդակելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ տեղահանուածներուն օժանդակութիւնը ազգային պարտականութիւն է եւ անիկա մարդկային անդրադարձ է Աստուծոյ ու լիբանանեան դրօշին դիմաց: «Եթէ իմ համաքաղաքացի եղբայրս անպատսպառ մնացած է, ապա իմ պարտաւորութիւնս է օգնել անոր: Քաղաքացիական զգացումներէ եւ հասկացողութենէ մղուած է, որ տեղահանուածներուն կ՛օժանդակենք», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի եւ անոր շրջակայքին մէջ գտնուող տեղահանուածներուն կատարուած շարք մը օժանդակութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին, Ազգային առաջնորդարանին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչին եւ այլ միութիւններուն, բարեսիրական հաստատութիւններուն եւ դարմանատուներուն կատարած նախաձեռնութիւններուն:
«Այսօր մենք բոլորս պէտք է փաստենք, որ լիբանանեան միասնականութեան կեցուածքն է հզօրը եւ գոյատեւելու բանալին: Գաղտնիքը մեր մարդկայնութիւնն է եւ քաղաքացիութեան զգացումը: Մենք` լիբանանցիներս, կրնանք քաղաքականութեան մէջ տարակարծիք ըլլալ, սակայն երբեք` մարդկայնութեան մեր արժանիքին մէջ», եզրափակեց Յ. Բագրատունի: