Ռուսական կողմը պատրաստ է լսելու Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Ուքրանիոյ մէջ կացութիւնը կարգաւորելու վերաբերեալ առաջարկները, սակայն այս խնդիրի յստակ լուծում չի կրնար ըլլալ: Այս մասին «Ինթըրֆաքս»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով:
«Մենք չափազանց զգուշ, պատասխանատու եւ ուշադիր կը մօտենանք այս հարցին մէջ երկիրներու կողմէ առաջարկուող որեւէ գաղափարի:
Հասկնալի է, որ Ուքրանիոյ մէջ եւ անոր շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հետ առնչուած խնդիրներու պարզ լուծում չի կրնար ըլլալ», աւելցուցած է Ռիապքով:
Լաւրով. «Ուքրանիոյ Տագնապը Արագօրէն Լուծելու
Թրամփի Խոստումները Պարզապէս Խօսքեր Են»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ուքրանիոյ տագնապը արագօրէն լուծելու խոստումները պարզապէս խօսքեր են:
«Ինթըրֆաքս», մէջբերելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, հաղորդեց, որ Լաւրով յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմավարական կայունութեան եւ զինարշաւի սահմանափակման երկխօսութիւնը շարունակելու որեւէ հիմք չկայ:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, որ Ուքրանիոյ առնչուած խնդիրներուն պարզ լուծում մը չի կրնար ըլլալ: