Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ժարիտա»-ի. Թրամփ Լիբանանցի Միջնորդներու Յայտնած Է, Թէ Պատրաստ Է Իրանի Հետ Նոր Էջ Բանալու

November 9, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանին մօտիկ աղբիւր մը քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի, անոր խումբին եւ «Ուաշինկթընի մէջ Իրանի բարեկամներու», որոնց շարքին լիբանանցի միջնորդներու միջեւ նախնական կապ հաստատուած է:

Աղբիւրը նշած է, որ լիբանանցի միջնորդներ Իրանի հարցով կապ հաստատած են Թրամփի հետ եւ Թեհրանին փոխանցած Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահին կողմէ բերանացի հաւաստումներ, որ ան պատրաստ է Իրանի հետ նոր էջ բանալու` մէկ պայմանով, որ հաւաստի երաշխիքներ ստանայ, թէ Թեհրան հիւլէական զէնք պիտի չստեղծէ:

Թրամփ Իրանի հետ ոչ թէ լաւ, այլ հոյակապ յարաբերութիւններու հաստատման ձգտող ծագումով լիբանանցի ամերիկացի գործարարի մը յայտնած է, թէ իր կարծիքով` Իրանի բնական տեղը «Արեւմտեան ճամբար»-ին մէջ պէտք է ըլլայ, եւ եթէ Թեհրան պատշաճ ընտրանքներ որդեգրէ, Միացեալ Նահանգները իր իշխանութեան օրով անոր պիտի օգնեն ոտքի կանգնելու եւ զարգանալու:

Թրամփ միջնորդներու յայտնած է, որ ունի Միջին Արեւելքի մէջ տագնապին վերջ տուող ծրագիր մը, որ «յաւիտեանս» վերջ կու տայ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին, եւ եթէ Իրան այդ ծրագիրի գործադրութեան համար իրեն հետ գործակցի, ապա պիտի կարենայ վերատիրանալ շրջանային իր յառաջատար դիրքին:

Աղբիւրը քուէյթեան օրաթերթին հաղորդած է, որ Իրանի նախագահը Թրամփի բերանացի պատգամը փոխանցած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիին եւ անկէ հրաման խնդրած Թրամփի վարչակազմին հետ բանակցելու եւ շրջանցելու զօր. Քասեմ Սլէյմանին սպաննած ըլլալուն համար անոր հետ չգործակցելու խնդիրը:

Փեզեշքիան իր տեղակալին` Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի անունը առաջարկած է ղեկավարելու համար բանակցութիւնները` նկատի ունենալով անոր փորձառութիւնն ու ամերիկեան կապերը, սակայն Խամենէին Փեզեշքիանէն խնդրած է չաճապարել, մինչեւ որ Թրամփի մտադրութիւնները յստականան, ինչպէս նաեւ յորդորած է Զարիֆէն այլ անձ մը նշանակել, որովհետեւ ան «բաց քարտ» մը կը նկատուի:

Աղբիւրը հաւանական նկատեց, որ Փեզեշքիան իրանեան վարչակազմին վստահութիւնը վայելող անձ մը նշանակէ, առանց որ Թրամփի խումբին հետ բազկերակի շօշափման ոչ պաշտօնական բանակցութիւններ վարելու պաշտօնական հանգամանք մը ունենայ, եւ այդ հանդիպումը տեղի ունենայ Պոլսոյ կամ Թիֆլիսի պէս անսպասելի վայրի մը մէջ:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Նախագահի Աշխատակազմի Ղեկավարը Պիտի Ըլլայ Կին Մը

Յաջորդը

Թրամփ. «Կը Կարծեմ, Որ Պիտի Խօսիմ Փութինի Հետ, Եւ Նեթանիահուի Հետ Զրոյցս Շատ Լաւ Էր»

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.