Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մէջ Յատուկ Աղօթք` Ի Խնդիր Արցախի Հայութեան Իրաւունքներու Վերահաստատման

Նոյեմբեր 12, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նկատի ունենալով 11-22 նոյեմբեր 2024-ին Ազրպէյճանի մէջ կենսոլորտին նուիրուած միջազգային համագումարի կայացումը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը առիթը լաւագոյնս օգտագործելով` միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը անգամ մը եւս հրաւիրեց Արցախի հայութեան պապենական հողեր վերադառնալու իրաւունքին եւ Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով գերեվարուած մեր հայորդիներուն ազատ արձակման պահանջին վրայ: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը միջազգային համբաւ ունեցող անձնաւորութիւններու հետ կապեր հաստատեց եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին իբրեւ նախագահ` նամակ ուղղեց անոր, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Ասիոյ, հիւսիսային ու հարաւային եկեղեցիներու խորհուրդներուն, որպէսզի պաշտօնական հաղորդագրութիւններով եւ հրապարակային կերպով դատապարտեն Ազրպէյճանի վարած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը եւ պահանջեն Արցախի հայութեան գծով արդարութեան հաստատումը` մարդկային իրաւանց միջազգային օրէնքներու լոյսին տակ: Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական օրհնութեամբ նաեւ թելադրեց մեր բոլոր թեմերուն յատուկ աղօթք կատարելու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ` ի խնդիր Արցախի հայութեան իրաւունքներու շուտափոյթ վերահաստատման:

Արդարեւ, կիրակի, 10 նոյեմբեր 2024-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ յատուկ աղօթք` Արցախի հայութեան համար:

Աղօթքին մէջ յատկապէս յիշուեցաւ. «Տէր Աստուած, փառք Քեզի, որ Քու մարդասիրութիւնդ ցոյց տուիր մարդկութեան հանդէպ` Քու Որդիիդ` Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբ, որ փրկեց մեզ իր սուրբ արիւնով: Ինչպէս միշտ, այժմ ալ, մեր ազգին մէջէն ընտրեց իր եռանդուն քաջեր, որոնք հաւատքի կրակը հայրենիքի սիրոյն հետ անքակտելիօրէն միաւորեցին եւ հերոսաբար ընդդիմութիւն ցոյց տուին անօրէն թշնամիին: Տէ՜ր, այստեղ հաւաքուած ծառաներդ, իրենց աղաչանքը բարձրացնելով` Քու պահպանութիւնդ կը խնդրեն հայրենի Արցախէն տեղահանուած 120.000 հայորդիներուն համար, որոնք զրկուեցան իրենց հողէն ու տունէն: Զանոնք Քու սուրբ հովանիիդ տակ պահէ եւ հայրական խնամքիդ արժանի դարձուր: Յիշէ՛, Տէ՜ր, հայրենի Արցախէն պատանդ տարուած մեր ղեկավարները, ռազմագերիներն ու առեւանգուած մեր հայորդիները, որոնք բանտերու մէջ ապօրինաբար գերի կը պահուին Ազրպէյճանի կողմէ: Ո՜վ ազատարար Փրկիչ, Քու բարի կամքիդ համաձայն ազատութիւն շնորհէ մեր գերիներուն, որպէսզի անոնք ապահով կերպով վերադառնան հայրենիք եւ միանան իրենց ընտանիքներուն: Քու ողորմութեամբդ յիշէ՛ Հայաստանի ու Արցախի նահատակները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին յանուն մեր հողին ու արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան: Յիշէ անոնց հոգիները Քու երկնային արքայութեանդ մէջ, իսկ անոնց սգակիր հարազատներուն Սուրբ Հոգիիդ մխիթարութիւնը պարգեւէ:

«Տէ՜ր Աստուած, անսասան պահէ ու պահպանէ մեր հայրենիքը ամէն տեսակ չարիքներէ: Պահպանութեան նշանդ` սուրբ խաչը կանգնեցուր հայրենի սահմաններուն վրայ, որպէսզի թշնամին չմօտենայ մեզի` իր նենգ դաւերով ու ծրագիրներով: Աւելցո՛ւր շնորհքն ու իմաստութիւնը մեր ազգի ղեկավարներուն եւ հզօր պահէ հայոց բանակը: Երկարէ՛ ձեռքդ, ո՜վ Տէր, եւ օրհնէ հայ ժողովուրդը` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի: Ամենակարող զօրութեամբդ ամրացուր մեր ազգն ու սուրբ եկեղեցին` զանոնք պահելով միասնակամ ու անսասան, որպէսզի դառնանք Քու սուրբ անունդ փառաբանողներ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»:

 

Նախորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?